Հայ ժողովուրդի առասպելական երգիչ Շառլ Ազնավուրի անուան Երեւանեան տուն-թանգարանը բացուեցաւ 1 Յունիսին։ Սերժ Սարգսեանի ներկայութեամբ կատարուած արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան։ Իսկ անուանի երգիչը իր կողքին ունէր որդին Նիքոլասը։
Նախագահ Սարգսեան այս առթիւ արտայայտուեցաւ Ազնավուրի հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու զարգացման գործին բերած մեծ նպաստին։ «Ֆրանսայի վերջին երեք նախագահներու դէպի Հայաստան կատարած այցելութիւնը այս մասին փաստ մըն է արդէն»։
Ազնավուր ալ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի այս առատաձեռն նուիրատուութեան համար։ «Ես անձամբ ականատես եղած եմ Հայաստանի մէջ կրթութեան, պատմութեան եւ մշակութային ծրագիրներու որքան բարձր մակարդակով գործադրուելուն։ Այդ փորձը զիս կը խրախուսէ նման բնոյթով նոր ձեռնարկներու մասին։ Կը կարեւորեմ սփիւռքահայութեան դէպի Հայաստան կատարած այցելութիւնները։ Ճիշդ է որ Ազնավուր անունը աշխարհի վրայ որոշ ճանաչում ունի։Բայց անունի նշանակութիւնը եւ պատկանած մշակոյթը ընկալելը շատ աւելի կարեւոր է»։
Տուն-թանգարանի տնօրէն Քրիստինա Սարգիսեան կը նշէ որ այս թանգարանը իր օրինակին մէջ եզակի է, ունի շուրջ 150 հանդիսատես ընդունելու տարողութեամբ բացօթեայ համերգասրահ եւ Ազնավուրի համար բնակելու յարմարութիւն ընդձեռող բաժին։