ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
Այնպէս տպաւորուած եմ թէ Մայիսին մեկնարկող եւ մինչեւ Յունիսի կէսերուն շարունակուող օրերը ծափահարութեան շռայլութեան օրեր ըլլան։ Կարծես մեզ տրուած պարտականութիւն մը ըլլար այդ օրերուն հետեւիլ դպրոցական հանդէսներուն եւ իբրեւ երախաներուն վաստակին քաջալերութիւն ծափահարութիւններ շռայլել, նոյնիսկ անյաջող բազմաթիւ միջոցառումներու համար։ Վերջապէս այդ միջոցառումներու իւրաքանչիւրը ունի ոգեւորութեան դրդապատճառ մը։ Մանկապարտէզի սաները աւարտած են դպրոցական կեանքի այս առաջին հանգրուանը եւ յառաջիկայ տարին մուտք պիտի գործեն նախակրթարան։ Իբրեւ ծնողք ինչպէս կարելի է անհաղորդ մնալ իրենց այս առաջին յաջողութեան դիմաց։ Անշուշտ ներկայ պիտի ըլլանք եւ մեր ծափահարութիւնները պիտի ողջունեն անոնց հոգ չէ թէ բազմաթիւ կաղացումներով ներկայացուցած հանդէսը։ Չենք կրնար տղոց խանդավառութիւնը ոտնակոխել։ Յետոյ պիտի հասնինք չես գիտեր որ վարժարանի սաներու շրջանաւարտութեան յոբելեան տարեդարձները։ Եկուր տես որ այս տրամադրութիւնով գացած իմ վերջին հանդէսը ամբողջովին ուրիշ տրամադրութիւնով մը լցուելուս պատճառ եղաւ։ Ի՞նչ էր այս աշակերտական միջոցառումը եզակի դարձնողը։ Անվարան ըսեմ թէ Հայ գիր ու գրականութիւնը յատկապէս ալ բանաստեղծութիւնը։ Արդարեւ կարծես պապակ մը կը յագեցնէինք, երբ կ՚ըմբոշխնէի Էսաեանի սաներու այնքան լաւ պատրաստուած արտասանութիւնները։ Ազնիւ խօսքը կարելի է արտասանել աշխարհի բոլոր լեզուներով։ Հետեւաբար նոյն ուրախութիւնը վայելեցինք լսելով բանաստեղծութիւններ, մերթ հայերէն, մերթ թրքերէն լեզուներով։ Յուսամ սխալ հասկցուած չեմ ըլլար եթէ խոստովանիմ թէ ինծի համար ալ աւելի գրաւիչ թուեցան հայերէն բանաստեղծութիւնները, որոնք կու գային Դանիէլ Վարուժանի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Եղիշէ Չարենցի, Պարոյր Սեւակի տողերէն։ Դժուար զսպելի յուզումներու մէջ էի ինկած։ Չէի գիտեր թէ ինչ բացագանչութիւններով յայտնեմ իմ ապրած ուրախութիւնը…Զարմանալով կը զարմանայի թէ նախորդ նման միջոցառումներուն նման լոկ քաջալերանքի համար չէի ծափահարեր։ Նոյնիսկ առհասարակ չէի ծափահարեր։ Ուրախութիւնը, խինդը կու գար, կը կուտակուէր ներքնաշխարհիս մէջ, կը պատէր իր ամբողջ էութիւնը եւ այդ յուզումին մէջ ո՛չ մէկ ծափողջոյն, ո՛չ մէկ ձեւակերպութիւն ինկած եմ խոր զգացումներու մէջ եւ մեծ հաւատքով լցուած մեր ապագայի սերունդի հանդէպ։ Ո՛չ միայն կը տեսնեմ, այլ հաստատ կը հաւատամ, ոչ մէկ կասկած ապագայի նկատմամբ։