Դատուանէն շատ հեռու չէ Ախլաթը։ Հազիւ կէս ժամ։ Ծովեզրեայ ճամբան կը պարզէ բնութեան ամենագեղեցիկ բնապատկերներէն մէկը... Վանայ ծովը ու զայն եզերող լեռները։ Լիճի հիւսիսային այս կողմը, տեսարանի իշխող հսկաներ են Սիփանն ու Նեմրուտը։ Ըստ հայկական տեղագրական աղբիւրներու, Ախլաթին մօտակայքը, ձորի մը մէջ թագնուած պէտք է որ ըլլայ մէկ այլ գեղեցկութիւն... Մատնեվանքը, ներկայ տեղացիներու յորջորջումով՝ Մատաւաս։
- Դուք հոս իջէք, կ՚ըսէ վարորդը։
Հանրաշարժը կը կենայ ամայութեան մէջ, միջնադարեան գերեզմանատան մօտ։
- Քալեցէք սա արտերուն մէջէն, անցէք կամուրջը, գտէք Խարապա քաղաքը։ Ձորի մէջէն երկու ժամ պիտի քալէք, մինչեւ գետակին աղբիւրը։ Հոն է Մատաւասը։
Կը հեռանայ հանրաշարժը։ Կողմնորոշուելու համար պէտքէ յիշել… Կամուրջը… Խարապա քաղաք… Ձորի մէջ… Գետակին աղբիւրը… Բայց, վարորդը մէկ բան մոռցաւ ըսել։ Ի՞նչ արագութեամբ պէտք է քալել, որ երկու ժամ տեւէ աղբիւր հասնիլ։ Ամենայնդէպս, այս արկածախնդրութիւնը լաւ միջոց պիտի ըլլայ, թէ հայրենի բնաշխարհին ծանօթանալու եւ թէ՝ «աղբիւր» բառի ակունքը գտնելու համար։
Միականի կամուրջը անցնելով կը հասնիմ Խարապա քաղաք։ Ժայռափոր, հնադարեան տուներ են, ուր մինչեւ այսօր բնակութիւն գտեր է մարդ արարածը։ Կը հասնիմ ձորի բերանը։ Գետակի հակառակ ուղղութեամբ, հունին զուգահեռ, արահետէն կը քալեմ դիտելով ձորին երկու կողերը…
«Աղբիւր» բառն ալ ամենահին ժամանակներէն մեր լեզուի մէջ գտեր է իր հունը։ Ապա ստեղծելով վտակներ, բազմաթիւ ուղղութիւններով հոսեր է դարերու մէջէն։ Բառը բխած է բնիկ «breur» կամ «bhreu» արմատէն, որ նշանակեր է «եռալ, ուժգին շարժիլ»։ Բառի հնագոյն ձեւը եղած է «աղբեւր»։ Ան նախ ոռոգեր է հայկական լեզուաշխարհը. Ագուլիսի, Գորիսի եւ Արցախի մէջ՝ «ախպիւր», Կարնոյ, Համշէնի եւ Սեբաստիոյ մէջ՝ «ախբ՛ուր», Ալաշկերտի եւ Մշոյ դաշտերու մէջ՝ «յախբ՛ուր», Ակնայ եւ Խարբերդի մէջ՝ «ախբ՛իր», Հաճնոյ մէջ՝ «ախբ՛իյ», Զէյթունի մէջ՝ «ախբ՛ըյ»… Բառը պարգեւեր է բազմաթիւ բարդ բառեր. ակնաղբիւր, աղբերաբուղխ, աղբերահոս, աղբերանամ, աղբեւրակն, աղբիւրիկ, աղբիւրագէտ, աղբիւրագիտութիւն, աղբիւրագլուխ, աղբիւրագործ, սկզբնաղբիւր, լուսաղբիւր, աղբիւրակապում, աղբիւրաջուր, աղբիւրաքար… Կ՚ըսեն, թէ հոսող ջուրը արգելք չի ճանչնար։ Նոյնպէս, «աղբիւր» բառը թաւալուեր, հասեր է Յունաստան, դարձեր է «ֆրէարե՝ ջրհոր, ջրամբար, աղբիւր։ Քանի մը հազար քիլոմեթր արեւմուտք՝ լատիններու մօտ՝ fervere, եռալ։ Ապա ուղղուեր է դէպի հիւսիս. գոթական լեզուի մէջ՝ brunna, հին իռլանտերէն՝bruth, ջերմութիւն, իսկ ռուսերէն՝ bruja, հոսանք… Շատ բանաստեղծներ ու երգիչներ խմեր են հայրենի «աղբիւր»ին ջուրը ու ներշնչուած անկէ, կամ՝ գինովցած, ստեղծեր են պատկերաւոր տողեր. «Սառըն աղբիւրի մեղմ ձայնին սիրտս արձագանք է տալիս», «Եւ քո անարատ զգայուն հոգին լինի ինձ աղբիւր վառ երջանկութեան» Յովհաննէս Յովհաննիսեան, «Կարկաչահոս աղբիւրն այնտեղ թաւալում էր մարգարիտ», Սմբատ Շահազիզ, «Եւ քարաւանը Աբու-Լալայի՝ աղբիւրի նման կարկաչելով՝ քայլում էր հանգիստ, նիրհած գիշերով» Աւետիք Իսահակեան, «Էս աշխարհքում ամէն մի բան ունի իրեն մի պատճառ, էն պատճառն ալ ուրիշ պատճառ… մինչեւ սկիզբն սկիզբների՝ ակն ու աղբիւրն ամենքի» Յովհաննէս Թումանեան, «Այսպէս շատ տարիներ… եկել են, գնացել… կռիւների աղբիւր ստեղծել» Ակսել Բակունց, «Քո նամակից մասամբ եւ կողմնակի աղբիւրներից… իմացանք… թագաւորի ստամբակ արարքները» Ստեփան Զօրեան, «Ջուխտակ շամամներդ դրախտ ծոցիդ մէջ, կաթնաղբիւր են եղել ինձ համար, մայրիկ» Աշուղ Ճիւանի, «Ոտքերը բոպիկ էին, բայց նոր լուացուած կաթնաղբիւրի ջրով՝ բամպակի պէս սպիտակին էին տալիս» Ղազարոս Աղայեան…
Ձորի մէջ մեկուսացած էխրճիթ մը։ Դրան սեմին նստած է ծերուկ մը, ակնոցաւոր։ Կոտրած է ակնոցի մէկ ոսպնեակը ու անոր մէջ բամպակ է դրեր։ Շուրջը կան այծեր, ոչխարներ, որոնք այդ մարդուն ապրուստի միակ աղբիւրը ըլլալ կ՛երեւին։ Օտարական մը տեսած ըլլալ կը զարմացնէ զինք։ Ես ալ կ՚ուրախանամ, որ ուղեկորոյս չեմ։ Քալէ, կ՚ըսէ, մէկ ժամ այսպէս քալէ։
«Աղբիւր» բառը ե՞րբ, ո՞ր գիրքի մէջ, ո՞ր գրիչի տակ դարձաւ այսքան ջինջ, զովացուցիչ եւ կենարար... Մեր լեզուաբաններու, պատմաբաններու եւ աղբիւրագէտներու հաստատումով՝ առաջին օրէն։ Քանի որ Հայաստանը հարուստ է աղբիւրներով, բնականաբար հարուստ պէտք էր որ ըլլար «աղբիւր» բառը։ Նախ յիշենք քանի մը արտայայտութիւններու գլգլուքը… Աղբիւրի նման, աղբիւրը ցամաքիլ, աղբիւրը չորնալ, աղբիւրը կտրիլ, աղբիւրի պէս հոսիլ, աղբիւրը տանիլ՝ ծարաւ բերել, ջուր խմած աղբիրը քար մի՛ նետեր... Իսկ Հայաստանի աղբիւրնե՞րը... Այնքան շատ են... Արջաղբիւր, Գազանաղբիւր, Երիցաղբիւր, Երկաթաղբիւր, Թոխովպա աղբիւր, Իշխանաղբիւր, Լճաղբիւր, Կապտաղբիւր, Հարսնաղբիւր, Հինաղբիւր, Նորաղիւր, Չամչի աղբիւր, Վարարաղբիւր, Տիրոջաղբիւր, Քալոյի աղբիւր, Լուսաղբիւր։ Լուսաբի՜ւր… Հայաստանի մէջ երեք լեռնային գիւղեր են Լուսաղբիւրները, սառնորակ զուլալ ջուրերով հարուստ եւ ամպերու մօտ։ Իսկ գիտէ՞ք, թէ ինչո՛ւ Սիւնիքի «Եօթնաղբիւր»ը այդպէս է կոչուած… Ժամանակին հոն եօթը սիւներու վրայ կանգած է եղեր վանք։ Թիմուրը եկեր, քանդեր է զայն։ Անոր սիւներու տակէն սկսեր է բխիլ եօթը աղբիւր։
Ահա հոն է, այնտեղ ուր ձորի պատերը աւելի մօտ են իրարու եւ ուր ծառեր կը ծածկեն երկու լանջերը… Մատնեվանք։ Թադէոս առաքեալի շինածը, որու ստորոտին կը բխին, ըստ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի՝ «աղբերք սառնորակ եւ ականակիտ ջրոց, եւ ՛ի վէմսն քանդակեալ են խաչք»։ Երաժշտական լուռ սրբութիւն մը կայ հոն... Ջուրը եւ մատրաձեւ տաճարը… Խաչեր բոլոր ժայռերու վրայ… Այդ խաղաղութեան մէջ նախնիներուն, թարգմանիչ հայրերուն, նոր ու հին բոլոր բանաստեղծ-իմաստասէրներուն ձայներն են լսելի, որոնց բերներէն բխեր են աղբիւրանման խօսքեր. «կանչող աղբիւր», «աղբիւր անսպառ», «աղբիւր զովաբեր», «աղբիւր իմաստութեան», «աղբիւր կենաց», «աղբիւր բարութեան», «աղբիւր կենդանութեան», «աղբիւր լուսոյ», «աղբիւր անմահութեան»… Երբ մեր Սուրբ Գիրքը եւ անապատական գրականութիւնը կը խօսէին հոգեւոր փրկութեան աղբիւրներու մասին, օր մըն ալ, այս ձորէն ո՛չ շատ հեռու, սպիտակափայլ Սիփանի վրայ, այս կենարար բառը դարձաւ ամբողջ ժողովուրդի մը... մարմնական փրկութիւնը, յանձն՝ Աղբիւր Սերոբի։ Նորեր թերեւս չգիտեն ո՞ր էր ան։ Բայց, այս վէմերը կը յիշեն։ Կասկած չկայ, թէ խրճիթի սեմին նստած ծերունին ալ լսած է Խլաթի հարազատ զաւակ, ազատամարտիկ Աղբիւր Սերոբը։ Ըստ անոր կեանքն ու հերոսութիւնները ուսումնասիրող պատմական աղբիւրներու՝ «Համիտեան արիւնոտ տարիներուն, երբ թուրքական ջարդարարներու վայրագութիւններուն զոհ գացին 300,000 հայեր, Տարօնը այն եզակի շրջանն էր, որ զերծ մնաց կոտորածներէն Աղբիւր Սերոբի շնորհիւ»։
Իսկ այժմ «աղբիւր» բառը որպէս դասագիրքերու եւ պարբերականներու անուն, կը շարունակէ մտքեր ոռոգել, մնալ կենարար, ինչպէս՝ «Հայրենի Աղբիւր», յունահայ դաստիարակ Յարութիւն Քիւրքճեանի դասագիրքերու շարքը, «Լուսաղբիւր», Փարիզի մէջ լոյս տեսած գրական, գեղարուեստական եւ գիտական ամսագիր, «Աղբիւր», Հայաստանի մէջ լոյս տեսնող մանկապատանեկան ամսագիր։ Իսկ ի՞նչ կրնար կոչուիլ 1883-1918 թուականներուն Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսած հայկական առաջին մանկական պատկերազարդ ամսագիրը... «ԱՂԲԻՒՐ»։
Օրը կը մթննայ։ Վերադարձի լաւագոյն ընկերակի՞ցը… Հայ երգը, անկասկած։ Այդ մէկն ալ հայոց լեզուի յաւերժական աղբիւրի զով ջուրերը առատօրէն ըմպած «վարպետ» Աւետիք Իսահակեանէն.
«Երբ բաց եղան գարնան կանանչ դռները
Քնադ դառան աղբիւրները Պինկէօլի»։