Պատասխանատուն ու «անկիրթ»ը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Արամ Աթէշեան, երկու շաբաթ առաջ, պատրիարքարանի մէջ, իր մէկ քա­նի բա­րեկամ­նե­րով գու­մա­րած ժո­ղովով մը յայ­տա­րարած էր իր հրա­ժարա­կանին մա­սին։ Աւե­լի ճիշդ՝ «պո­զաճը­նըն շա­հիտի շը­րաճը» առա­ծին հե­տեւու­թեամբ՝ ժո­ղովին մաս­նա­կից­նե­րէն մէկ քա­նին է որ բարձրա­ձայ­նե­ցին այդ մա­սին, այ­լա­պէս, մեղ­քը չառ­նենք, Արամ Աթէ­շեանին բեր­նէն կամ այդ օրե­րուն հրա­պարա­կած զեվ­զե­կոյցնե­րուն մէջ «կը հրա­ժարիմ» խօս­քը չէր լսուած։ Այդ հա­ւաքոյ­թէն ետք պա­տահած­նե­րուն վկան ենք. եղ­բայրու­թեան կո­չե՜ր, միաս­նութեան մաղ­թանքնե՜ր, յոտնկայս ծա­փահա­րու­թիւննե՜ր, բարձրա­գոչ ող­ջոյննե՜ր եւլն.։ Աթէ­շեան, ինչպէս կ՚ըսեն, «թաշ­րա-քուրնա­զը»ի իր խեղ­ճուկրա­կու­թեամբ կը փոր­ձէ խա­բել, սխալ տե­ղեր առաջ­նորդել, քի­թէն բռնած պտտցնել կա­թողի­կոսէն սկսեալ մին­չեւ հա­մայնքա­յին վա­րիչ­նե­րը, լրագ­րողներն ու թրքա­հայ հա­սարակ ժո­ղովուրդը։ Ուր մնաց որ ժո­ղովուրդ խա­բելը այնքան ալ դիւ­րին գործ չէ, սա­կայն միւսնե­րը՝ կա­թողի­կոսէն սկսեալ մին­չեւ հա­մայնքա­յին վա­րիչ­ներն ու մա­մու­լի խմբագ­րա­պետե­րը, եթէ չեն խա­բուիր, այլ խա­բուե­լու պէս կ՚ընեն, ապա տա­լիք հա­շիւ մը ու­նին ան­պայման հան­րութեան, պատ­մութեա՚ն առ­ջեւ։

Այս շա­բաթուան գրու­թիւնս պա­տաս­խա­նատուու­թեան մա­սին է։ Գե­ղեց­կօ­րէն կազ­մուած բառ մըն է ասի­կա՝ պա­տաս­խան տալ, պա­տաս­խա­նել, այ­սինքն բա­ցատ­րութիւն տալ, հա­շիւ տալ այն արարքնե­րուն հա­մար, որոնք կա­տարուած են են­թա­կային կող­մէ, այն խօս­քե­րուն հա­մար, որոնք ար­տա­սանուած են։ Պա­տաս­խան տալ կը նշա­նակէ յար­գել դի­մացդ կանգնած ան­ձը կամ հա­ւաքա­կանու­թիւնը, հա­շուի նստիլ անոր հետ։ Պա­տաս­խա­նատուու­թիւնը բա­րեկա­մական կամ ըն­կե­րական յա­րաբե­րու­թեան մը մէջ թէեւ անհրա­ժեշ­տութիւն մը չէ, սա­կայն տուեալ յա­րաբե­րու­թեան առող­ջութեան հա­մար, կա­յու­նութեան հա­մար բա­րեկամ­ներ իրա­րու նկատ­մամբ պա­տաս­խա­նատուու­թեան տար­բեր ձե­ւեր գտած են, իրենց արարքնե­րը բա­ցատ­րե­լու, ըսած­նե­րը մեկ­նա­բանե­լու ու­ղի­ներ, որոնք շատ ան­գամ կը յայտնուին ան­կեղծ ու մտեր­միկ զրոյցնե­րու մի­ջոցով, միաս­նա­բար կե­րուած ճա­շով մը։ Իսկ հան­րա­յին կեան­քին մէջ պա­տաս­խա­նատուու­թիւնը այսպէս չի բա­նիր։ Հան­րա­յին կեան­քին մէջ ընտրեալ պաշ­տօ­նեան իր արարքնե­րուն հա­մար պա­տաս­խա­նատու է այն հա­ւաքա­կանու­թեան առ­ջեւ, որ ընտրած է զին­քը, որ զին­քը պաշ­տօ­նի կո­չած է այդ հաս­տա­տու­թիւնը ղե­կավա­րելու հա­մար։

Իսկ ինչպէ՞ս կը բա­նի պա­տաս­խա­նատուու­թեան հաս­տա­տու­թիւնը մեր հա­սարա­կու­թեան մէջ։ Որ­պէսզի նիւ­թը ա՚լ աւե­լի չտա­րածուի՝ պի­տի չը­սեմ ինը տա­րիէ ի վեր, այլ պատ­րիար­քի հանգստեան կո­չուած ան­ցեալ Հոկ­տեմբե­րէն այս կողմ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան տագ­նապ մը ու­նինք։ Լո՚ւրջ, շատ լուրջ տագ­նապ մըն է։ Պատ­րիար­քա­կան ընդհա­նուր փո­խանոր­դը, Ս. Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցին ատե­նապե­տը, որ կը յա­ւակ­նի ըլ­լալ հա­մայնքին աշ­խարհիկ ղե­կավա­րը, թա­ղային խոր­հուրդնե­րու ատե­նապետ­նե­րը, եր­բեմն նաեւ որե­ւէ պաշ­տօ­նական դիրք չու­նե­նալով հան­դերձ այս կամ այն ժո­ղովի հրա­ւիրուող բա­րերար­նե­րու կամ նախ­կին վար­չա­կան­նե­րու դա­սակար­գը տագ­նա­պին գլխա­ւոր դե­րակա­տար­ներն էին։

Կրօ­նական ժո­ղովի ատե­նապե­տին ներ­կա­յացու­ցած հրա­ժարա­կանէն ետք պատ­րիար­քա­րանին մէջ անոնք գու­մա­րեցին գաղտնի ժո­ղով մը, մինչ հա­մայնքա­յին մար­միններ հա­ւաքուած իրենց կը սպա­սէին Պէզ­ճեան սրա­հին մէջ։ Անոնք ստո­րագ­րե­ցին ար­ձա­նագ­րութիւն մը, որ ոչ մէկ ուժ ու­նե­ցաւ։ Հո­գեւո­րական­նե­րը իրենց փէ­շերը հա­ւաքած Մայր Աթոռ գա­ցին։ Ար­ձա­նագ­րութիւն մըն ալ հոն ստո­րագ­րե­ցին։ Կա­թողի­կոսին հան­դէպ նուազա­գոյն յար­գանք մը ու­նէին բա­րեբախ­տա­բար որ այդ ար­ձա­նագ­րութեան կէ­տերէն մին գո­նէ իրա­գոր­ծուեցաւ եւ տե­ղապա­հի ընտրու­թիւնը կա­յացաւ։ Երբ ամէն ինչ կար­գադրուեցաւ, ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցը կը սկսի կը մտա­ծէինք, այս ան­գամ ալ պատ­րիար­քա­կան ընդհա­նուր փո­խանոր­դը հա­կառակ իր խոս­տումին չհրա­ժարե­ցաւ պաշ­տօ­նէն, կու­սա­կալու­թե­նէն հա­սած թուղթ մը ցոյց տուաւ, գոր­ծին մէ­ջը պե­տու­թիւն խառ­նեց, իրեն աջա­կից գտաւ հի­ւան­դա­նոցին ատե­նապե­տը, որ հրա­ժարե­լու հրա­ւիրեց կա­նոնա­ւորա­պէս ընտրուած տե­ղապա­հը, թա­ղային խոր­հուրդներ (մէկ քա­նի բա­ցառու­թիւննե­րը մե­ծապէս յար­գե­լով) աջակ­ցութիւն չցու­ցա­բերե­ցին տե­ղապա­հին եւլն., եւլն., եւլն.։ Եւ յե­տոյ մէ­կէն «կլի­մայի փո­փոխու­թիւն» մը պա­տահե­ցաւ, ի՞նչ ան­ցաւ-դար­ձաւ մարդ չգիտ­ցաւ, ամիս մը առաջ Մայր եկե­ղեց­ւոյ դու­ռը չուանով մը տե­ղապա­հին առ­ջեւ փա­կած Արամ Աթէ­շեանը «Հրա­շափառ» կազ­մա­կեր­պեց տե­ղապա­հին հա­մար, ամիս մը առաջ տե­ղապա­հին բա­րի-գալստեան աղօթ­քին չմաս­նակցած հո­գեւո­րական­նե­րը արա­րողու­թեան փու­թա­ցին, տե­ղապա­հին հրա­ժարա­կանը պա­հան­ջե­լու հա­մար, ինչպէս կ՚ըսեն, «չար­շաֆ-չար­շաֆ» կո­չեր հրա­տարա­կած հի­ւան­դա­նոցին ատե­նապե­տը, այս ան­գամ ալ նոր տե­ղապա­հը ող­ջունող գրու­թիւն մը հրա­պարա­կեց թեր­թե­րուն մէջ, թա­ղային խոր­հուրդնե­րը փո­խեցին իրենց դիր­քը եւ դեռ ին­չեր-ին­չե՜ր...

Այս բո­լոր ան­ցուդար­ձին մէջ եղա՞ւ մէ­կը, հաս­տա­տու­թիւն մը կամ ան­հատ մը, որ պա­տաս­խա­նատու ըլ­լար հան­րութեան առ­ջեւ։ Գոր­ծուած այսքան մեծ սխալ­նե­րէն, դրժուած խոս­տումնե­րէն ետք «նե­րողու­թիւն մը, սխա­լեցանք մը» լսե­ցի՞ք։ Հրա­ժարա­կա՞ն մը։ «Մենք այս գոր­ծը չենք գի­տեր եղեր, աւե­լի հա­սու ան­ձե­րուն կ՚ու­զենք յանձնել» մը։ «Այ­լեւս խնդրեմ մեզ մի՚ խառ­նէք այս գոր­ծե­րու­ն» ըսող մը։ Ար­ժա­նապա­տուու­թիւն ու­նե­ցող մէ­կը տե­սա՞ք։ Մէ­կը, հաս­տա­տու­թիւն մը, հաս­տա­տու­թեան վա­րիչ մը, խմբա­գիր մը, բա­րերար մը, իր կո­չու­մին հա­ւատա­ւոր հո­գեւո­րական մը, որ ել­լէր ու ըսէր, թէ «պա­տաս­խա­նատու էի հան­րութեան, սա­կայն իմ այս պա­տաս­խա­նատուու­թիւնս չկրցայ կա­տարել» կամ բացսրտօ­րէն, ան­կեղծա­բար իր սխա­լը խոս­տո­վանող մը, իր թե­րացու­մը բարձրա­ձայ­նող մը, ապաշ­խա­րող մը, «հան­րութիւ­նը ին­ծի վստա­հեցաւ, սա­կայն ես չկրցայ ար­դա­րաց­նել այդ վստա­հու­թիւնը» յայ­տա­րարող մը։ Տե­սա՞ք։ Լսե­ցի՞ք։

Ու վրա­դիրք՝ ար­քե­պիս­կո­պոսի կո­չում ու­նե­ցող Արամ Աթէ­շեան մը, որ փո­խանակ ինը տա­րինե­րու իր ան­ճա­րակու­թիւնը պարտկե­լու, փո­խանակ իր ըրած­նե­րուն հա­շիւը տա­լու, փո­խանակ իրեն վե­րագ­րուած «քո­միսիոն­ճի»ու­թեան կամ «ան­թի­քաճի»ու­թեան պա­տաս­խա­նը տա­լու, փո­խանակ իր մա­սին եղած յայտնի կամ ծա­ծուկ բամ­բա­սանքնե­րը փա­րատե­լու, փո­խանակ ընտրուած տե­ղապա­հին առ­ջեւ չուանով եկե­ղեց­ւոյ դու­ռը փա­կելուն հա­շիւը տա­լու՝ Մայր Աթո­ռին մէջ կ՚ել­լէ ու կը յայ­տա­րարէ, թէ ինք հրա­ժարած չէ, այլ պար­զա­պէս քա­շուած է միայն պաշ­տօ­նէն։ Շնորհ ըրեր է։ Եւ դեռ ի լուր հայ աշ­խարհին կ՚ըսէ, թէ «ան­կիրթ» են անոնք, որոնք իրեն դէմ են։ «Ան­կի՛րթ»։

Եւ դեռ կը հա­ւատա՞ք որ կա­րելի է պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւն կազ­մա­կեր­պել այս նոյն դե­րակա­տար­նե­րով, որոնք ո՚չ պա­տաս­խա­նատու են, ո՛չ ալ պա­տաս­խա­նատուու­թեան կ՚են­թարկուին...

Իրա­պէս կը հա­ւատա՞ք։

«Վա՜յ քեզ քաղաք…»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ