Արամ Արք. Աթէշեանի Թուրքիոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդի վարած շրջանը Պոլսոյ նուիրապետական աթոռի համար տխուր ժամանակահատուած մը ըլլալով պիտի յիշուի պատմութեան մէջ։ Սոյն դժուար շրջանին Պոլսոյ Պատրիարքարանը մատնուեցաւ բազմաթիւ քննադատութիւններու։ Արտ երկրի մէջ զանազաններ Վեհափառ Կաթողիկոսին կոչ ուղղեցին Աթէշեան Սրբազանի հոգեւոր կոչումները վերցնելու մասին։ Իսկ Նուպար Սերովբեան խնդիրը քայլ մը առաջ տանելով պահանջեց որ վերջ գտնէ Պոլսոյ վեց դարի մօտեցող պատրիարքական աթոռը, իր տեղը զիջելով առաջնորդարանի։
Սեւան Տէյիրմենճեան հակազդեց Սերովբեանի այս առաջարկին դէմ 27 Յունուար 2017 թուակիր «Ակօս»ին մէջ լոյս տեսած «Անհեթեթ առաջարկ մը» խորագրեալ յօդուածով։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Նուպար Սերովբեանի պատասխանը Սեւան Տէյիրմենճեանի վերոյիշեալ յօդուածին։
Յարգելի պրն. Տէյիրմենճեան, ստորեւ ձեզի ուղղուած իմ պատասխան-նամակը շատ երկար ժամանակէ ի վեր պահարանին մէջ էր եւ երբեք լոյս աշխարհ պիտի չգար եթէ Մաշալեան սրբազանին ցնցիչ հրաժարականէն յետոյ՝ Պոլսոյ պատրիարքարանին շուրջ գոյութիւն ունեցող տագնապը ցայսօր չշարունակուէր։ Կարծէք նախազգացում եղած էր ինծի երբ վարի տողերը գրած էի իմ յօդուածին ի պատասխան ձեր գրած եւ «Ակօս»ի 2017 Յունուար 27-ի թիւին մէջ լոյս տեսած «Անհեթեթ առաջարկ մը»յօդուածէն ետք։ Բայց կը խորհիմ, թէ Պատրիարքարանէն ներս, թէ անոր շուրջ մինչ օրս շարունակուող այս ցաւալի իրադարձութիւններուն լուսարձակին տակ՝ մասնաւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ ձեզի ուղղուած վարի պատասխան նամակս եւ կը յուսամ, որ ձեր կողմէ նոր վերարժեւորման եւ վերագնահատման պիտի արժանանան կրկին ձեր կողմէ նախապէս անհեթեթ պիտակաւորուած եւ ընդհանրապէս թրքահայ եւ յատկապէ՛ս պոլսահայ համայնքի ապագային վերաբերող իմ երկու առաջարկները։
Այս առիթով նախ կ՚ուզեմ ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել, որ «Նոր Յառաջ»-ի մէջ լոյս տեսած «Կ. Պոլսոյ Պատրիարքարա՞ն, թէ՝ Թուրքիոյ առաջնորդարան» խորագրեալ կարծիք յօդուածս ընթերցած եւ այնուհետեւ ալ՝ «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ լոյս ընծայուած գրութեամբ՝ պատասխանի արժանի նկատած էք։
Յարգելի պրն. Տէյիրմենճեան,
գիտէ՞ք ինչ՝ իմ կեանքի երկար տարիներու փորձառութիւնը ինծի սորվեցուց այն իրականութիւնը, որ երբ առաջարկ մը լսեմ, նախքան ածականով մը պիտակաւորելը, կը փորձեմ ճշգրիտ ընկալել զայն, նոյնիսկ եթէ լաւ բանաձեւուած չէ, նոյնիսկ եթէ ան կ՚ելլէ անչափահաս երախայի մը շրթներէն, նոյնիսկ եթէ առաջարկը գայ հարցին բոլորովին անտեղեակ կարծեցեալ անձէ մը։ Քանի՝ տարիներու ընթացքին համոզուեցայ, որ մենք ունինք մեր անձնական տրամաբանութիւնը եւ յաճախ դժուար է ընկալել եւ վերլուծել տարբեր տրամաբանութիւն ունեցող անձ մը, եւ եթէ ուշադրութեամբ կարդացիք իմ գրութիւնը՝ որքան որ շեշտը իմ կողմէ առաւելաբար դրուած էր պատրիարքարան-առաջնորդարան հարցին վրայ, հոն կար նաեւ —գոնէ ինծի համար—, նոյնքան կարեւոր երկրորդ առաջարկ մը եւս՝ այն ալ փորձել ունենալ թրքահայ համայնքին կարիքները հոգացող ընտրեալ աշխարհիկ ներկայացուցչական մարմին մը, որ երեւի ձեր ուշադրութենէն վրիպեր էր, քանի որ ձեր գրութեան մէջ չկար նշոյլ մ՚իսկ այս կէտին մասին, որ տարբեր առիթներով առաջարկուած էր անցեալին Պոլսոյ կարկառուն դէմքերու, ներառեալ՝ հոգեւորականներու կողմէ, ազգային Սահմանադրութեան կարճատեւ փորձառութենէ յետոյ։ Մինչեւ այսօր դեռ չունինք նման կառոյց մը, որուն կարիքը գոնէ ինծի համար անհամեմատաբար կարեւոր է այդ երկրին մէջ։ Առաւել եւս, չտեսայ նաեւ «անհեթեթ» առաջարկներուս դիմաց՝ ձեր կողմէ որեւէ յստակ հակաառաջարկ. Հետեւաբար պարտաւոր եմ ենթադրելու, թէ այսօրուան պոլսահայ գաղութին վարչական եւ եկեղեցական կառոյցներու վարչաձեւը եւ կարգավիճակը ձեզ կը գոհացնեն։ Եւ եթէ ձեզ կը գոհացնեն, պէտք է անկեղծ ըլլամ՝ իբր բնիկ եւ հին պոլսահայ ոչ միայն զիս չեն գոհացներ, այլեւ՝ խիստ ցաւ կը պատճառեն եւ կը մտահոգեն։ Եւ քանի որ չկայ ձեր կողմէ հակաառաջարկ, ուրեմն չենք կրնար ունենալ նաեւ լուրջ վիճարկում եւ վիճարկումի չգոյութեան՝ պարտաւոր եմ շարունակելու իմ նամակը ձեր ընտրած ոճով, այսինքն՝ զրոյցի ճամբով։
Նախ, քանի մը կարեւոր ճշդումներ՝ ձեր իմացութեան. ես ձեր հաւանաբար ենթադրած Ս. Էջմիածնի պաշտօնական կամ անպաշտօն խօսափողը չեմ, որքան ալ ինքզինքս Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէկ զաւակը նկատեմ։ Եւ եթէ խօսք ըսելու կարիքը զգամ՝ չեմ վարանիր իմ կարծիքը ուղղել ու նոյն իսկ մեր Եկեղեցւոյ ամենաբարձր ատեանին՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին մեր եկեղեցւոյ թերութիւններուն մասին (տե՛ս. «Բաց նամակ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին. ձայն բարբառոյ յանապատի կամ՝ ինքնամաքրման հրամայականը» «ՆՅ», 2011 Հոկտեմբեր)։
Երկրորդ. ձեր կողմէ անհեթեթ պիտակուած առաջարկներս կրկին ձեր ենթադրածին պէս՝ լոկ Արամ Արք. Աթէշեանի արտայայտած խօսքերուն պատճառած վրդովումի հետեւանք ալ չեն երբեք։ Քանի որ հարցը ինծի համար շատ տարբեր ու խորիմաստ է, եւ եթէ գեղեցիկ օր մը նոյնիսկ ոչ միայն Աթէշեան արք. կամ երկրի նախագահին հետ որոշում կայացնող չընտրեալները, այլեւ՝ բոլոր «ամիրայակերպար» անձերը փոխուին, ոչինչ փոփոխութեան կրնայ ենթարկուիլ այդ երկրին մէջ, այնքան ատեն, որ չէ փոխուած մեր վարչաձեւը եւ յատկապէս երկրի իշխող համակարգը, ներառեալ՝մեր նօսրացած պոլսահայ գաղութին մէջ։ Այս բոլորին համար նախ եւ առաջ պէտք ունինք հարցին խիստ գիտակցութեան, յետոյ նոյնիսկ մեր տառապեալ ինքնագիտակցութեան։ Կա՚յ լուրջ փոփոխութեան հրամայական. ճիշդ այդ պատճառաւ է որ հարցը նախ եւ առաջ մեզմէ կրնայ սկսիլ։ Մե՚նք, նախ եւ առաջ՝ մե՛նք պէտք է որոշենք, թէ իբր պոլսահայ գաղութ ինչի՞ կը ձգտինք. ի հարկէ, եթէ իբր հայ անհատ՝ հանգիստ կամ բարգաւաճ կեանքէ զատ՝ այլ բանի կարօտը ունինք այդ երկրին մէջ։ Սա ըստ իս՝ զուտ պահանջի հարց է. անիմաստ պիտի ըլլան մեր բոլոր խօսքերը, եթէ պոլսահայը ուրիշ բան չի փափաքիր եւ կը գոհանայ իր ունեցած կամ աւելի շատ՝ չունեցած իրաւունքներով։ «Ջուրը միայն պահանջողին հրամցուր», կ՚ըսէ ասացուածքը. քանի որ եթէ չպահանջողին հրամցնես՝ շատ հաւանական է, որ երախտագիտութեան փոխարէն՝ յանդիմանանք ալ լսես։
Յարգելի պրն. Տէյիրմենճեան,
հարցը համեստ ծառայիս համար «առաջնորդարան-պատրիարքարան» վիճարկումէն բոլորովին տարբեր է։ Գիտէ՞ք ինչ, եկէք զիրար չխաբենք, ի վերջոյ իմ կեանքին գրեթէ մէկ երրորդը այդ երկրին մէջ անցեր է։ Ի վերջոյ Հայը այնքան ատեն, որ իր ինքնութեան գիտակից կը մնայ եւ դեռ կամայ, թէ ակամայ չէ ձուլուած այդ երկրին մէջ՝ պատանդ է, մանաւանդ այսօրուան պետական համակարգին մէջ։ Ոչ միայն իր հայրենիքէն դուրս ապրուստին ետեւէն վազող հայաստանցի մեր ազգակիցը, այլ նաեւ ձեզ նման քանի մը սերունդներէ ի վեր Թուրքիոյ քաղաքացին. եւ սա ոչ թէ Օսմանեան կայսրութեան օրօք, ոչ թէ հայկական հարցի ծագման՝ Խրիմեան Հայրիկի օրօք, այլ մինչ օրս՝Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրօք։ Սթոքհոլմի ախտով տառապող Թրքահայերուն —եւ փոքր չէ անոնց թիւը,— ինքնախաբէութիւնը յաճախ «փրկարար» ելք մըն է։ Այդ երկրին մէջ մեզի համար տեսանելի եւ անտեսանելի ճնշումը այն աստիճան սաստիկ է, որ Հայերու մեծամասնութիւնը ոչ թէ բնականոն քաղաքացի է, այլ՝ պարզապէս կամակատար հպատակ։ Այդպիսի կիզիչ միջավայրի մէջ հայ տարրը բնականոն կեանք մը ապրելու համար պարտաւոր է կամ համր ձեւացնելու կամ խուլ, կամ ալ՝ երբեմն երկուքը միասին. կա՚յ նաեւ այլ տարբերակ մը բնականոն կերպով կարենալ շնչելու համար՝ ապաստան գտնել ազատամիտ, ազնիւ թուրք բարեկամներու մօտ, որոնք եւս իրենց կարգին այսօր գաղութացած վիճակի մէջ կ՚ապրին իրենց երկրին մէջ։
Սա այն միջավայրն է որ ստիպողաբար կ՚արտադրէ նաեւ հերոսներ կամ լրտեսներ. հերոսներ որոնք կը սպաննուին կամ ալ բանտը կը նստին. լրտեսներ, որոնք գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը դառնան իրենց ապրած երկրին գործակալներ։
Յարգելի պրն. Տէյիրմենճեան,
ինչպէս հաւանաբար իմ տողերէս կը կռահէք՝ ես ալ մեր ազգին ճակատագրով տագնապող հասարակ մահկանացու մըն եմ եւ փորձած եմ իմ համեստ գրիչով «ՆՅ»ի էջերուն ընդմէջէն՝ ընդհանրապէս ֆրանսահայ, բայց յատկապէս իմ ապրած Նիս քաղաքի հայ համայնքի ցաւերուն մասին հանրութիւնը տեղեակ պահել. այսինքն այնպէս չէ, որ հոս՝ մեր կողմերը ամէն ինչ լաւ է, իսկ ձեր կողմերը՝ ամէն ինչ գէշ։ Քա՜ւ լիցի, եթէ իմ գրութիւնս ձեզի այդ տպաւորութիւնը թողեր է։ Միայն թէ, որքան որ ալ ֆրանսահայ դեռ հազիւ հարիւրամեայ գաղութը մեր դարաւոր Պոլսոյ անցեալի ժառանգութիւնը չունենայ եւ չի ալ կրնար ունենալ, իմ մէջ, ի տարբերութիւն ձեզի՝ չկայ իմ ծննդավայրի հանդէպ պատկանելիութեան հպարտութեան դրոշմը։ Քանի որ ինծի համար, դրուածը լոկ Պոլսոյ կամ պոլսահայ գաղութի հարց չէ։ Փորձեմ բացատրել։ Կրկին իմ համեստ կարծիքով՝պատմական ինչպէս նաեւ նորաստեղծ բոլոր համայնքները, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով երկար ժամանակ պիտի կտրուին հայկական ինքնութեան մայր գետէն եւ պիտի մոռնան, թէ իրենք ալ հայկական համընդհանուր տարրին մէկ մասնիկն են, ու պիտի սկսին գերադասել իրենց տեղականն ու տեղւոյն պատկանելիութեան ինքնութիւնը,—ի հարկէ իրաւացիօրէն հպարտանալով իրենց աշխարհագրական միջավայրին մէջ ստեղծած իւրայատկութիւններով եւ ըստ իս՝ամենավտանգաւորը՝ անտեսելով իրենց նոր միջավայրի պատկանելիութեան ինքնութեան լոկ ինքնանպատակ դառնալու վտանգը,— ցաւօք սրտի դատապարտուած պիտի ըլլան ժամանակի ընթացքին շոգիանալու պատմութեան էջերուն մէջ։ Վկայ մեր ստեղծագործ եւ մշակութասէր հայ Զմիւռնիան, Թիֆլիսն ու Պաքուն։ Անիի եւ Կիլիկիոյ թագաւորութեանց կործանումէն յետոյ՝պետականութենէ զրկուած եւ իր պատմական հայրենիքին մէջ օտարահպատակ դարձած Հայուն համար սկիզբն էր հաւանաբար նաեւ մեր դարաւոր կեդրոնախոյս մտածելակերպին, նախ աշխարհագրական բերումով՝ հեռանալով իր ծնած մայր հողէն դէպի աւելի ապահով եւ նպաստաւոր միջավայրեր եւ յետոյ ալ որդեգրելով իր նոր միջավայրի պատկանելիութեան ինքնութիւնը, որ գերակշռեց հայկական համընդհանուրին։
Այնպէս որ, ձեզ համար իմ անհեթեթ առաջարկները որքան ալ առաջին հերթին Պոլսոյ գաղութին կրօնական կամ վարչաձեւի փոփոխութիւններու առաջարկ թուին, հարցը գոնէ ինծի համար բոլորովին այլ է։ Հարցը ապագային մեր համընդհանուր արժէքներուն եւ խորհրդանիշերուն հետ տարբեր ձեւի կամուրջներ եւ վարչական կապեր հաստատելն է։ Այս տեսակ քայլերը խնդիրը կրնան գոնէ առժամաբար լուծել իբր թեթեւ դեղատոմսեր։ Իսկ իսկական տեղաշարժը կրնայ ըլլալ միայն այն օրը երբ երկար դարեր զանազան պատճառներով իրարմէ հեռացած, տարածուած, մէկ խօսքով իրարմէ կտրուած մեր մասնիկները կրկին կեդրոնաձիգ մտածելակերպին վերադառնան։
Ես պիտի փորձեմ պատշաճ առիթով կեդրոնաձիգ մտածելակերպի մասին(որը բնաւ չ՚ենթադրեր ապրած միջավայրի եւ շրջապատէն կտրուած ըլլալ) աւելի մանրամասն բացատրութիւն տալ, որ Հայուն պարագային՝ ո՛չ ժամանակի, ոչ ալ աշխարհագրական սահման պէտք է ճանչնայ։
Յ. Գ. Յարգելի պրն. Տէյիրմենճեան,
Չեմ գիտեր եթէ կրկին ձեր քիթին իմ գրութեանս մէջէն «ազգայնական համեմունքներու հոտեր» կու գան թէ ոչ։ Բայց ինչու տակաւին տեսնել չէք ուզեր թէ երկրի նախագահը իր ծագումով հայ «խօսափողին» միջոցաւ մեր համայնքը կը ստորացնէ նոյնիսկ մեզ կը պատժէ պարզապէս որովհետեւ մեր բնական եւ օրինաւոր իրաւունքով առանց իր արտօնութեան «խիզախութիւն» ցոյց տուինք տեղապահ մը ընտրելով։
Եթէ այսօր Պոլսոյ պատրիարքարանի անուանակոչումը պարզապէս թրքահայոց առաջնորդարան ըլլար (որը աւելի քիչ պատուաւոր չէ մեզի համար) այս հարցը էջմիածնի հանդիպումէն ետք լուծուած եւ Պոլսահայութեան մեծամասնութեան փափաքը եղող անձը արդէն իր արժանի աթոռին վրայ նստած պիտի ըլլար։
Վերջապէս հարցը ինծի համար այլեւս մեր դարաւոր աթոռի տիտղոսներու հպարտութեան կառչելու տեղ, ապագային թրքական պետութեան ճնշումներուն ճկունութեամբ դիմադրել, շրջանցել եւ նոր ուղիներ փնտռելն է։
Եւ եթէ այս առաջարկներս նոյնիսկ գործնականին մէջ իրականացնելն անհնար ըլլան, բացի մեզմէ, մեզ ոչ ոք կրնայ արգիլել՝ մտածել եւ գործել այս ուղղութեամբ։
Նիս, Մայիս 2017
ՆՈՒՊԱՐ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ