Մովսէս կը հպարտանայ

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Հրեանե­րու Մով­սէս մար­գա­րէի մա­սին ո՞վ լսած չկայ։ Անոր կեր­­պա­­­րը սրբա­­ցուել է՝ դար­­ձուել մաք­­րա­­­մաքուր օրի­­նակ մնա­­ցեալ մարդկանց հա­­մար։ Աստծու զօ­­րու­­թեամբ կա­­տարած հրաշքնե­­րը մեծ փառք կը բե­­րեն Մով­­սէ­­­սին։ Եւ կար­­ծես անհնա­­րին է մէկ բիծ գտնել անոր գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րու կամ մտքե­­րու մէջ։

Սա­­կայն անսպառ է հա­­յոց բա­­նահիւ­­սող միտ­­քը։ Ահա կ՚ու­­զենք պատ­­մել Մով­­սէ­­­սի հպար­­տա­­­նալու մա­­սին եւ այն մա­­սին, թէ ինչ եղաւ յե­­տոյ։

Երբ Մով­­սէս Սի­­նա լե­­րան վրայ Աստծու հետ կը խօ­­սի, սաս­­տիկ կը հպար­­տա­­­նայ, զի իր­­մէ ար­­ժա­­­նաւոր մարդ չգտնուեցաւ աշ­­խարհում, որ Աստծու հետ խօ­­սէ։ Ան երբ սա­­րէն կ՚իջ­­նէ, ճամ­­բան կը կորսնցնէ կը մո­­լորէ։

Ան իր ժո­­ղովրդէն բա­­ւական կը հե­­ռանայ, ու­­րիշ տե­­ղեր կը հաս­­նի։ Վեր­­ջը ծե­­րու­­նու մը կը հան­­դի­­­պէ, անոր կ՚ըսէ թէ՝ «ես Մով­­սէ­­­սի ժո­­ղովրդէն եմ, ցոյց տուր ինձ նրա եր­­կի­­­րը»։ Ծե­­րու­­նին կը պա­­տաս­­խա­­­նէ թէ ին­­քը չգի­­տէ Մով­­սէ­­­սի երկրի տե­­ղը, առա­­ջին ան­­գամ կը լսէ թէ այդպի­­սի եր­­կիր մը կայ։

Ծե­­րու­­նին Մով­­սէ­­­սին կը ղրկէ իր մեծ եղ­­բօր մօտ՝ գու­­ցէ նա լսա՞ծ լի­­նի այդ երկրի մա­­սին։ Բայց մեծ եղ­­բայրը նոյնպէս չէր լսած Մով­­սէ­­­սի երկրի մա­­սին։ Սա էլ իր ամե­­նամեծ եղ­­բօր մօտ կը ղրկէ Մով­­սէ­­­սին։

Երբ Մով­­սէ­­­սը ամե­­նամեծ եղ­­բօ­­­րը կը խնդրէ ցոյց տալ Մով­­սէ­­­սի երկրի տե­­ղը, ամե­­նամեծ եղ­­բայրը կ՚ըսէ թէ ինք, ընդհան­­րա­­­պէս, Մով­­սէս անու­­նը եր­­բեք լսած չէ, բայց կրնայ ամ­­պե­­­րից հարցնել։

Աւագ եղ­­բայրը ցած կը կան­­չէ ամ­­պե­­­րուն եւ նրանց կը հարցնէ թէ որն է Մով­­սէ­­­սի երկրի վրայ անձրեւ տե­­ղաց­­նում։ Փոք­­րիկ ամպ մը առաջ կու գայ, կ՚ըսէ թէ՝ ե՛ս եմ տե­­ղում։

Ծե­­րու­­նին կը պա­­տուի­­րէ փոք­­րիկ ամ­­պին Մով­­սէ­­­սին իւր եր­­կիր ու­­ղեկցել։

-Լաւ, - կ՚ըսէ ամ­­պը, - միայն թող Մով­­սէ­­­սը իւր աչ­­քե­­­րը գո­­ցէ։

Մով­­սէ­­­սը կը գո­­ցէ իւր աչ­­քե­­­րը, եւ երբ քա­­նի մը վայրկեան անց կը բա­­նայ, կը տես­­նէ թէ ար­­դէն իւր եր­­կիր, իւր ժո­­ղովրդի մօտ հա­­սած է։

Այդ մի­­ջոցին հրեշ­­տակ մը կ՚երե­­ւայ անոր եւ կ՚ըսէ

- Մով­­սէ՛ս, Աս­­տուած պատ­­ժեց քեզ հպար­­տա­­­նալուդ հա­­մար, նա քեզ մո­­լորեց­­րեց, որ տես­­նես, թէ քեզ­­մէ շատ աւե­­լի ար­­ժա­նաւորն ու հզօ­րը կայ, նոյն իսկ ամ­պե­րին հրա­մայող մար­դիկ ալ կան, որոնք, սա­կայն, չեն հպար­տա­նում։

Այսպէս Աս­տուած Մով­սէ­սին լաւ դաս տուեց՝ պա­տուի­րելով հե­ռու մնալ սին երե­ւոյթնե­րէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ