ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԳԻՇԵՐ

-Բառերուն ամենէն խելագարն
ու խաղաղը-

Գիշեր… Համբուրելու, երազելու, հեռանա­լու, ինչպէս նաեւ՝ պղա­տոնա­կան մե­նու­թիւննե­րու, դա­ւաճա­նու­թիւննե­րու եւ մե­նամար­տե­րու նա­խընտրե­լի ժա­մը։ Ըստ աշ­խարհագ­րութեան, օրուան եր­կու կէ­սերէն մէկն է ան, մութ կէ­սը, այն ժա­մանա­կահա­տուա­ծը, երբ մեր մայր լու­սա­տուն, Արե­գակը, կը գտնուի հո­րիզո­նէն ցած։ Դար­ձեալ ըստ աշ­խարհագ­րութեան, ան մրցա­կիցն է ցե­րեկուան։ Հիւ­սի­սային կի­սագունտի բնա­կիչ­նե­րու հա­մար, նե­րառեալ՝ հա­յերուս, երբ ամառ­նա­յին արե­ւադար­ձին՝ լոյսն է յաղ­թա­կան ու գի­շերա­յին ժա­մերէն կը խլէ օրուան մե­ծագոյն հա­տուա­ծը, վեց ամիս անց, ձմեռ­նա­յին արե­ւադար­ձին, գի­շերն է տի­րակա­նը։

Գի­շերն ու ցե­րեկը… Ըստ երե­ւոյ­թին, անոնք մշտնջե­նական պայ­քա­րի մէջ են նաեւ հա­յոց լե­զուի մէջ։ Սա­կայն, այս մէ­կը ու­նի իր ակնյայտ ախո­յեանը… Գի­շերը։

- Աս­տուածա­շունչի մէջ 319 ան­գամ գոր­ծա­ծուած է «գի­շեր» բա­ռը, փոքր թի­ւերով կը ներ­կա­յանան նաեւ «գի­շերա­խառն», «գի­շերա­կան», «գի­շերա­պահ» եւ ««գի­շերա­վար» բա­ռերը։

Խօ­սողը Նա­րեկն է, 16 ամեայ աշա­կերտ, հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան քաջ ծա­նօթ ըն­թերցա­սէր մը, ինչպէս նաեւ՝ հմուտ թուաբա­նագէտ, որ բա­ռարան­նե­րու եւ ծաղ­կա­քաղ­նե­րու մէջ սկսած է որո­նել «գի­շեր» բա­ռը ու մե­զի հայ­թայթել վի­ճակագ­րութիւններ։

- Հա­սարակ անու­նի մը հա­մար պատ­կա­ռելի թիւ է 319-ն, Նա­րեկ։

- Ան­շուշտ «գի­շեր»ը չէր կրնար մրցիլ «Տէր», «Որ­դի» եւ «Աս­տուած» բա­ռերու հետ, որոնք գոր­ծա­ծուած են 9337, 5688 եւ 4974 ան­գամ։

- Հա­պա՞ մրցա­կից բա­ռերը։

- Զգա­լիօրէն քիչ… «Առա­ւօտ»ը՝ 240 ան­գամ, «ցե­րեկ»ը՝ 78։

Քիչ մը կը հե­ռանանք թուաբա­նու­թեան ոլոր­տէն ու կը մտնենք ստու­գա­բանու­թեան ծի­րէն ներս, խար­խա­փելու հա­մար, թէ ի՛նչ է «գի­շեր»ին ար­մա­տը… Բնիկ հայ­կա­կան բառ է ան։ Ծննդա­կից­ներն են յոյ­նե­րու «էս­պե­րոս» եւ ծի­սական սլա­ւոր­նե­րէն «վե­ցերը» բա­ռերը։ Ցե­ղակից են նաեւ լա­տինե­րէն «վես­պեր» եւ հին ֆրաս­նե­րէն «վերպր»են։ Հա­յերէն «գի­շեր» բա­ռի մթու­թիւնը հա­սեր է նաեւ Վրաս­տան։ Բա­ռը հոն դար­ձեր է «գի­շերի», որ կը նշա­նակէ «սեւ սաթ»։ Բա­ռը լուռ մտեր է նաեւ վրաս­տա­նի խո­հանոց­նե­րը։ Գա­ւառա­կան «գի­շեր եփեց» բա­ռը՝ հե­րիսա, հոն դար­ձեր է «գիշ­րա­փեթի»։

Ըստ Նա­րեկի պրպտումնե­րուն, «գի­շեր» բա­ռը լու­սա­ւորեր է մեր լե­զուն։ 50-ի չափ բարդ բառ… Կ՚ար­ժէ յի­շել ամե­նէն պատ­կե­րալից­նե­րը. ամե­նագի­շեր, գի­շերա­բուն, բո­լորա­գիշեր, գի­շերագ­նաց, գի­շերա­դէմ, գի­շերա­խառն, գի­շերա­կերպ, գի­շերա­կուլ, գի­շերա­մարտ, գի­շերա­պահ…

- «Գի­շերա­պահը», Լե­ւոն Շան­թի բա­նաս­տեղծու­թիւնը. «Գի­շեր է տա՜նկ, տա՜նկ, հսկայ ժա­մացոյց, հան­գիստ է չորս դին, կը ննջեն բո­լոր»…

- Նաեւ, գի­շերա­պաշտ, գի­շերա­պաշ­տօն, գի­շերա­տես, գի­շերազ­գեստ, մշտա­գիշեր, մի­ջագի­շեր, սե­ւագի­շեր։ Իսկ «գի­շերա­վար»ը հայ­կա­կան հին տո­մարի մէջ, ամ­սոյն վեր­ջին օրն էր։ Ցան­կի վրայ է նաեւ «գի­շերօ­թիկ վար­ժա­րան»ը, որ մեր պատ­մութեան ամե­նամութ օրե­րուն հայ որ­բուկնե­րուն եւ աղ­քա­տիկ մա­նուկնե­րուն հա­մար դար­ձաւ երկրորդ ըն­տա­նիք, ապա­հով տա­նիք։

- Թի­ւերը չեն ստեր… Բա­ռը մեր գե­ղապաշտ բա­նաս­տեղծնե­րու հա­մար եղեր է սփո­փանք. Մատ­թէոս Զա­րիֆեանի բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րէն 15 հա­տը նուիրուած է անոր. «Հո­վոտ Գի­շեր», «Գի­շեր», «Գի­շերա­մուտ», «Կէս-գի­շեր», «Թա­ղու­մի Գի­շեր Մը», «Առա­ջին Գի­շերը», «Ճեր­մակ Գի­շեր», «Կէս Գի­շերի Երգ», «Ապ­րի­լի Գի­շեր»…

- Նա­րեկ, գի­շերը նաեւ խա­ղաղու­թիւն շնոր­հեց Մի­սաք Մե­ծարեն­ցին. «Գի­շերն անոյշ է, գի­շերն հեշ­տա­գի՜ն», «Այս գի­շեր Տօն է հոգ­ւոյս՝ Կի­րակի», «Ցնծա­գին գի­շերն է լոյս ու լու­սին»։ Օրուան այդ ժա­մերուն է, որ պլպլա­ցեր են Թէ­քէեանի յի­շատակ­նե­րը. «Քու յի­շատա­կըդ, այս գի­շեր, զիս լա­լու չափ կը յու­զէ»։ Իսկ մեր գրա­կանու­թեան արե­ւելեան հո­րիզո­նի վրայ գի­շերը ամո­քեր է Վա­հան Տէ­րեանի հո­գին։ «Դիւ­թա­կան» այդ ժա­մերը անոր տուեր են ան­դորրու­թիւն. «Գի­շեր է եւ լռու­թիւն, լռու­թիւն է իմ հո­գում», «Խա­ղաղ գի­շերով դու կը գաս ինձ մօտ, քնքուշ ձեռ­նե­րըդ ես կը համ­բուրեմ», «Սեւ գի­շերն է գրկել ինձ, մութն է պա­տել իմ ու­ղին», «Սեւ գի­շե՜ր, եւ յու­շե՜ր, եւ խո­հե՜ր ան­հա­մար», «Ան­վերջ գի­շերի մռայլ վի­հերում, իմ մե­նակ սիրտն է ցա­ւագին ճչում»…

- Հայ գե­ղան­կա­րիչը… Տե­սայ, թէ գի­շերն է, որ տպա­ւորած է անոր զգա­յուն սիր­տը։ Ճի­ւանեանը եւ Պա­շին­ճա­ղեանը… Անոնք երկրպա­գու­ներն են եղած «գի­շեր»ին ու սի­րած են Պոս­ֆո­րը, Սե­ւանը եւ Կուր գե­տը նկա­րել գի­շերա­յին տա­րազի մէջ։ Աւե­լի գե­ղեցիկ, աւե­լի գրա­ւիչ։ Իսկ Այ­վա­զովսկին «Գի­շեր» խո­րագի­րով ստեղ­ծած է ծո­վան­կարնե­րու հոյլ մը. «Գի­շեր», «Ծո­վը Լուսնկայ Գի­շերով», «Սեւ Ծո­վը Լուսնկայ Գի­շերով», «Եալ­թա, Լեռ­նե­րը Գի­շերով», «Գուրզու­ֆը Գի­շերով»… Իսկ մէկ այլ նկա­րիչի, Սար­գիս Մու­րա­տեանի վրձի­նին վի­ճակե­ցաւ պատ­կե­րել հա­յոց գի­շեր­նե­րու ամե­նախա­ւարը, Կո­միտաս վար­դա­պետի ձեր­բա­կալ­ման ժա­մը։ Ամօ­թի հսկայ իւ­ղանկար մը՝ «Վեր­ջին Գի­շերը»։ Նոյն օրե­րուն Չա­րեն­ցը, Պո­լիսէն եր­կու հա­զար քի­լօմեթր հե­ռու, կը գրէր. «Գի­շերն ամ­բողջ հի­ւանդ, խե­լագար/ Ես երա­զեցի արե­ւի մա­սին։ / Շուրջս ո՛չ մի ձայն ու շշուկ չկար / Գու­նատ էր շուրջս՝ գի­շեր ու լու­սին»։

- Նա­րեկ, գի­շերը գու­նա­ւոր բառ է։ Տես, մեր մա­տենագ­րութեան, ժո­ղովրդա­կան եր­գե­րու եւ բա­նահիւ­սութեան մէջ քա­նի՜ ար­տա­յայ­տութիւն այս հա­մեստ եր­կու վան­կով. «Մութ գի­շեր, լուսնեակ գի­շեր, զով գի­շեր, խոր գի­շեր, դառն գի­շեր, խա­ւար գի­շեր, ան­քուն գի­շեր, գի­շերն ըն­կաւ, ի գի­շերի, զգի­շերն ի բուն, գի­շեր յա­ւիտե­նական, հեշ­տա­լի գի­շեր, աննշոյլ գի­շեր, տիւ առ­նել զգի­շերն, ընդ մութ գի­շերոյն»…

- «Առա­գաս­տի գի­շեր», «Լուռ գի­շեր սուրբ գի­շեր»…

- Գի­շերը աշուղ Նա­հապետ Քու­չա­կին հա­մար հա­ճելի հիւր մըն էր, որ­մէ չէր կշտա­նար։

- Դա­սարա­նի մէջ ար­տա­սանած էինք, կը յի­շեմ. «Եր­նէկ ես անոր կու տամ, որ գի­շերն ի ծոցդ է պառ­կեր...», «Գի­շեր, դուն յեր­կան կե­ցիր, տա­րե՛կ մի եղիր, թէ կա­րես / Իմ եարն ինձ հիւր եկեր, զետ հա­զար տա­րու, թէ գի­տես»։

- Իսկ Վա­րու­ժա­նի հա­մար՝ հպար­տութիւն.

Յաղ­թա­նակի գի­շերն է այս տօ­նական.

Հա՛րս, եղ լե­ցո՛ւր ճրա­գին։

Պի­տի դառ­նայ կռի­ւէն տղաս յաղ­թա­կան.

Հա՛րս, քի­թը ա՛ռ պատ­րոյգին.

- «Գի­շեր»ը բազ­մա­տեսակ երանգնե­րով եկեր, իջեր է հա­յոց լեռ­նե­րու վրայ ու ծածկեր է մեր գաւառները։ Այդ խաղաղ ժամերուն, մարեր են կանթեղները ու հայրենի տուներու մէջ ըսեր են. սալմաստցին՝ «քիշեր բարի», վանեցին՝ «կիշեր բարի», ջուղայեցին՝ «քշեր բարի», թիֆլիսցին՝ «գի՛շիր բարի», համշէնցին՝ «կիշիր բարի», զէյթունցին՝ «գ՛իշիյ բարիե, հաճընցին՝ «գ՛իշէյ բարի», իսկ տիգրանակերտցին՝ «քշիր բարի»։

- Նարեկ, բոլորին գիշերները մնան խաղաղ եւ անդորր։