Պետական մրցանակաբաշխութիւն

Նա­խագա­հի «Բաղ­րա­մեան 26»ի նստա­վայ­րի մէջ 26 Մա­յիս Ուրբաթ օր, տե­ղի ու­նե­ցած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հի 2016 թուակա­նի մրցա­նակ­նե­րու յանձնման արա­րողու­թիւնը։ Շարք մը բնա­­գաւառ­­նե­­­րու մէջ ներդրած նշա­­նակա­­լի աւան­­դի հա­­մար շնոր­­հուած մրցա­­նակ­­նե­­­րը՝ հա­­մանուն վկա­­յագի­­րը եւ դրա­­մական պար­­գե­­­ւը, մրցա­­նակա­­կիր­­նե­­­րուն յանձնած են նա­­խագահ Սերժ Սարգսեանը եւ «Ռո­­բերտ Պօ­­ղոսեան եւ Որ­­դի­­­ներ» հիմ­­նադրա­­մի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ, սփիւռքա­­հայ բա­­րերար Ժան Պօ­­ղոսեանը։ Նա­­խագա­­հի մրցա­­նակ­­նե­­­րը շնոր­­հուած են հիմք ըն­­դունե­­լով տուեալ բնա­­գաւա­­ռի մէջ ՀՀ Նա­­խագա­­հի մրցա­­նակ հիմ­­նե­­­լու մա­­սին հրա­­մանա­­գիրը եւ հա­­շուի առ­­նե­­­լով հա­­մապա­­տաս­­խան բնա­­գաւառ­­նե­­­րու յանձնա­­խումբե­­րու առա­­ջար­­կութիւննե­­րը։

Սերժ Սարգսեանը շնոր­­հա­­­ւորած է մրցա­­նակի ար­­ժա­­­նացած­­նե­­­րը, մաղ­­թե­­­լով անոնց ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծա­­­կան մեծ եռանդ եւ նո­րանոր ձեռքբե­րումներ։

Սերժ Սարգսեանի խօս­քը ՀՀ Նա­խագա­հի մրցա­նակ­նե­րու յանձնման արա­րողու­թեան ժա­մանակ.

«Շատ ու­րախ եմ, որ այ­սօր կը հան­դի­պենք եւ կը շփուենք նման հա­ճելի առի­թով՝ պատ­­շաճ գնա­­հատե­­լով ձեր վաս­­տա­­­կը։

Այդ գոր­­ծի մէջ ար­­դէն տա­­րիներ շա­­րու­­նակ մեզ սա­­տարել են Պօ­­ղոսեան ըն­­տա­­­նիքի յար­­գարժան ան­­դամնե­­րը։ Օգ­­տուելով առի­­թէն՝ ելոյ­­թիս հէնց սկզբին կը ցան­­կա­­­նամ բո­­լորիս անու­­նին մէկ ան­­գամ եւս երախ­­տա­­­գիտու­­թիւն յայտնել անոնց այս կա­­րեւո­­րագոյն աշ­­խա­­­տան­­քը հա­­մատեղ կա­­տարե­­լու հա­­մար։

Ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծա­­­կան աշ­­խա­­­տան­­քը կը պա­­հան­­ջէ տա­­րինե­­րու սե­­ւեռուն եւ հե­­տեւո­­ղական նպա­­տակադ­­րում։ Տե­­ղեկա­­տուու­­թեան, գի­­տելի­­քի, հմտու­­թեան եւ փոր­­ձի հա­­մադ­­րումը եր­­բեք չի կա­­րող ան­­հե­­­տեւանք լի­­նել։ Անոնք են այն ամուր հիմ­­քե­­­րը, որ կը բե­­րեն ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծա­­­կան թռիչ­­քի։ Ամէն մի վայրկե­­նական պայ­­ծա­­­ռաց­­ման պատ­­մութեան թի­­կունքին թաք­­նուած է եր­­կար տա­­րինե­­րու տքնա­­ջան աշ­­խա­­­տանք։ Վստահ եմ, որ այս պար­­գե­­­ւին ար­­ժա­­­նացած իւ­­րա­­­քան­­չիւր ոք ու­­նի իր եր­­կա­­­րամեայ ջան­­քե­­­րի, ճշմար­­տութեան փնտրտուքնե­­րի, սխալ­­նե­­­րի յայտնա­­բեր­­ման եւ շտկման մի իւ­­րա­­­յատուկ պատ­­մութիւն։ Այս պար­­գե­­­ւատ­­րումը առա­­ջին հեր­­թին երի­­տասարդնե­­րու հա­­մար թող լի­­նի յա­­ջողու­­թեան պատ­­մութեան առա­­ջին էջը, որ­­պէսզի նոր պար­­գեւնե­­րը եւ մի­­ջազ­­գա­­­յին ճա­­նաչու­­մը չու­­շա­­­նան։

Յար­­գե­­­լի՚ դափ­­նե­­­կիր­­ներ, խօսքս ամ­­փո­­­փելով՝ կրկին կը շնոր­­հա­­­ւորեմ ձեզ եւ կը մաղ­­թեմ ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծա­­­կան մեծ եռանդ եւ նո­­րանոր ձեռքբե­­րումներ՝ ի փառս մեր ժո­­ղովրդի, ի շահ մարդկու­­թեան»։

ՀՀ նա­­խագա­­հի հրա­­մանագ­­րե­­­րով, Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան ճա­­նաչ­­ման գոր­­ծին նշա­­նակա­­լի աւանդ ներդրած ան­­ձանց 2016 թուակա­­նի մրցա­­նակ շնոր­­հուած է Բագ­­րատ Էս­­դուգեանին (Թուրքիա)՝ Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան խնդի­­րը «Ակօս» թեր­­թի մէջ մշտա­­պէս ար­­ծարծե­­լու հա­­մար, Հանս-Լու­­կաս Կի­­զերին (Շվեյ­­ցա­­­րիա)՝ Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան պատ­­մութեան ու­­սումնա­­սիրու­­թեան բնա­­գաւա­­ռին ու­­նե­­­ցած ծան­­րակշիռ վաս­­տա­­­կի հա­­մար։

Հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագա­­հի այլ հրա­­մանագ­­րե­­­րով, ՀՀ Նա­­խագա­­հի 2016 թուակա­­նի մրցա­­նակ շնոր­­հուած է. տեխ­­նի­­­կական գի­­տու­­թիւննե­­րու եւ ին­­ֆորմա­­ցիոն տեխ­­նո­­­լոկիանե­­րու բնա­­գաւա­­ռին՝ Գէորգ Բաղ­­դա­­­սարեանին եւ Մա­­րինէ Մի­­կիլեանին՝ «Մագ­­նի­­­սաառաձ­­գա­­­կան փո­­խազդգրա­­կանութեան Էֆեկտնե­­րը հա­­ղոր­­դիչ սա­­լերում եւ թա­­ղանթնե­­րում» (անգլե­­րէն) մե­­նագ­­րութեան հա­­մար, գրա­­կանու­­թեան բնա­­գաւա­­ռի մէջ Ղու­­կաս Սի­­րու­­նեանին՝ «Բաց Արէք Ես Եմ» բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րու ժող­­վա­­­ծոյի հա­­մար։ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագա­­հի 2016 թուակա­­նի երի­­տասար­­դա­­­կան մրցա­­նակ շնոր­­հուած է՝ արուես­­տի բնա­­գաւա­­ռում՝ Ռի­­մա Նա­­նեանին՝ «Անո­­րոշ մարմնա­­ւորումներ» գրա­­ֆիկա­­կան շար­­քի հա­­մար, Լե­­ւոն Պօ­­ղոսեանին՝ «Հին Աս­­տուած­­ներ» քան­­դակնե­­րու շար­­քի հա­­մար, գրա­­կանու­­թեան բնա­­գաւա­­ռի մէջ՝ Ար­­մէն Սարգսեանին՝ «Չկար­­դա­­­ցած Գրքե­­րի Փո­­խարէն» բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րու ժո­­ղովա­­ծոյի հա­­մար, Արամ Մա­­միկոնեանին՝ «Ծանր Ջուր» բա­­նաս­­տեղծու­թիւննե­­րու ժո­­ղովա­­ծոյի հա­­մար։

Դա­­սական երաժշտու­­թեան բնա­­գաւա­­ռին Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագա­­հի 2016 թուակա­­նի երի­­տասար­­դա­­­կան մրցա­­նակ շնոր­­հուած է՝ «Եր­­գե­­­ցողու­­թիւն» անուանա­­կար­­գին, բարձր կա­­տարո­­ղական արուես­­տի հա­­մար՝ Սար­­գիս Բաժ­­բէուկ-Մե­­լիքեանին եւ Մա­­րիան­­նա Մար­­տի­­­րոսեանին, «Գոր­­ծի­­­քային կա­­տարում» անուանա­­կար­­գին, լա­­ւագոյն կա­­տար­­ման հա­­մար՝ Ռո­­ման Նա­­մալեանին (դաշ­­նա­­­մուր) եւ Ար­­սէն Զա­­քարեանին (կլար­­նետ)։

Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագա­­հի մրցա­­նակի հիմ­­նումէն ի վեր (2001-2017թթ.) 348 ան­­հատ եւ կազ­­մա­­­կեր­­պութիւն, այդ թուին՝ 24 մի­­ջազ­­գա­­­յին, ար­­ժա­­­նացած են մրցա­­նակի։

Մե­տայ­լի տու­չութիւն 28 Մա­յիսի Յաղ­թա­նակի Տօ­նի առ­թիւ

Նա­խագահ Սերժ Սարգսեան 28 Մա­յիսի Հան­րա­­պետու­­թեան Տօ­­նի առի­­թով եւս կա­­տարեց մրցա­­նակա­­բաշ­­խութիւն, որուն այս ան­­գամ ար­­ժա­­­նի գտնուեցաւ «Ժա­­մանակ» թեր­­թի խմբա­­գիր Արա Գօ­­չու­­նեան։ Հրա­­մանա­­գիրին մէջ կը նշուի թէ Մով­­սէս Խո­­րենա­­ցի մե­­տայ­­լը կը շնոր­­հուի հա­­յապահ­­պա­­­նու­­թեան գոր­­ծին մէջ ու­­նե­­­ցած աւան­­դին հա­­մար։ Մրցա­­նակա­­բաշ­­խութեան այս արա­­րողու­­թեան ալ ներ­­կայ գտնուեցան բազ­­մա­­­թիւ նա­­խարար­­ներ եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի պե­­տական աւա­­գանին։

Նա­­խագահ Սարգսեան մրցա­­նակա­­բաշ­­խութեան ժա­­մուն ելոյթ ու­­նե­­­ցաւ անդրա­­դառ­­նա­­­լով 28 Մա­­յիսի խորհրդան­­շա­­­ծի մա­­սին եւ այս օրուայ դափ­­նե­­­կիր­­նե­­­րը հա­­մարեց ան­­ցեալ 99 տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին ստեղ­­ծուած բա­­զում ար­­ժէքնե­­րու հե­­ղինակ­­նե­­­րուն այ­­սօ­­­րուայ ժա­­ռան­­գորդնե­­րը։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ