Գիրքերու Յունիսեան տօնավաճառ

Գա­տըգիւ­ղի քա­ղաքա­պետա­րանը շատ տե­ղին նա­խաձեռ­նութիւ­նով մը գիր­քի տօ­նավա­ճառ կը կազ­մա­կեր­պէ Հայ­տարփա­շայի պատ­մա­կան կա­յարա­նին մէջ։ 3-11 Յու­լնս թուական­նե­րու մի­ջեւ ամէն օր 11.00-22.00 ժա­մերու մի­ջեւ զա­նազան մի­ջոցա­ռումներ նա­խատե­սուած են։

«Արաս» հրա­տարակ­չա­տու­նը եւս կը մաս­նակցի այս տօ­նավա­ճառին, ուր իր հրա­տարա­կած գիր­քե­րու հե­ղինակ­ներ՝ Մկրտիչ Մար­կո­սեան 3-7-11 Յու­նի­սին, Գա­րին Գա­րագաշ­լը 4 եւ 10 Յու­նի­սին, Զա­քարիա Միլ­տա­նօղ­լու 6 Յու­նի­սին, Մա­հիր Էօզ­քան 8 Յու­նիս եւ Հիւ­սէ­յին Ըր­մաք 9 Յու­նի­սին ժա­մը 15.00-էն ետք իրենց գիր­քե­րը պի­տի ստո­րագ­րեն։

Հրա­տարակ­չա­տու­նը ան­ցեալ ամիս լոյս ըն­ծա­յած «Զմիւռնիոյ Հա­յերը» անուն գիր­քի հա­մար ալ շնոր­հանդէս մը կազ­մա­կեր­պած է 8 Յու­նիս Հինգշաբ­թի երե­կոյ Ֆե­րիգիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ Նա­զար Շի­րինօղ­լու Սրա­հին մէջ։ Միլ­տա­նօղ­լու «Ոչնչա­ցուած հա­մայնքի մը Նե­րու­ժը» խո­րագ­րեալ զե­կոյ­ցին մէջ թա­փան­ցիկնե­րու ցու­ցադրու­թեամբ պի­տի ներ­կա­յաց­նէ իր խմբագ­րած հա­տորը եւ ծանօթացնէ Զմիւռնիոյ հա­յերը։

Միւս կող­մէ ինչպէս հա­ղոր­դած էինք նա­խորդ շա­բաթ 2 Յու­նիս Հինգշաբ­թի օր Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան մէջ կը կա­յանայ ծա­նօթ լու­սանկա­րիչ Մեհ­մէտ Էօզե­րի խմբագ­րած «Ջրհո­րի Յա­տակի Քա­րը» խո­րագ­րեալ գիր­քին շնոր­հանդէ­սը։ Այս առ­թիւ միու­թեան հա­ւաքա­տեղիին մէջ կը ցու­ցադրուին նաեւ գիր­քին մէջ ալ տեղ գտած պատ­մա­կան լու­սանկար­նե­րը։

Յայտնի է որ Յու­նիս ամի­սը կու գայ գիր­քե­րու առու­մով բա­ւական բե­ղուն օրա­կար­գով մը։ Այդ շրջա­նակով 7 Յու­նիս Չո­րեք­շաբթի երե­կոյ Ճի­հան­կիր թա­ղի «Ճաշ» ճա­շարա­նի մէջ Պեր­ճուհի Պեր­պե­րեան կը մա­կագ­րէ իր վեր­ջին գիր­քը, որ ձօ­նուած է վաս­տա­կաւոր կի­նօռե­ժիսոր Արամ Կիւլյիւ­զի վաս­տա­կին։ Ար­դէն գիր­քին անու­նը իսկ վկա­յու­թիւն մըն է այս հա­տորին մէջ քննար­կուած արուես­տա­գէտի յատ­կութիւննե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու առու­մով։ «Եշիլ­չա­մի Ամե­նաշատ Ար­տադրող Կա­տակա­խօս Բե­մադ­րի­չը» խո­րագ­րեալ գիր­քը լոյս կը տես­նէ «Փա­րոս» պար­բե­րաթեր­թի մա­տենա­շարէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ