15Մարտին կայացած Տեղապահի ընտրութիւնը կորսնցնելով հանդերձ Կուսակալութենէ եկած նամակը պատրուակելով «Պատրիարքական փոխանորդ» կոչումէն չհրաժարող Արամ Արք. Աթէշեան, նախորդ շաբաթ Տեղապահ Պէքճեան Սրբազանը Իսթանպուլ հրաւիրելով յօժարեցաւ պաշտօնը թողելու։ Թէեւ իր հրապարակած նամակներուն մէջ չէր խօսուիր «հրաժարումի» մը մասին, բայց կը գոյանար այն ընկալումը թէ Աթէշեան յետ այսու պիտի թողու իր աթոռը։
Իսկ ինչպէ՞ս կայացաւ այս զարգացումը։ Ըստ երեւոյթի երեք գործօններ դեր ունեցան։ Առաջին՝ հասարակութեան մօտ ծաւալեցաւ բողոքի ցոյցերը։ Երկրորդ՝ պետութիւնը անդրադարձաւ թէ գործընթացը խնդրայարոյց դարձած է եւ Աթէշեանի «Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ»ի պաշտօնին շարունակելով հասարակութեան մօտ նոր խնդիրներու, նոր դժգոհութիւններու պատճառ պիտի դառնայ։ Երրորդ՝ մինչեւ մօտ անցեալ Աթէշեանին կողքին կայնած կարգ մը համայնքային վարիչներ վերջերս կը զլանան իրենց զօրակցութիւնը։
Իրականութեան մէջ այս երեք գործօնները զօդուած են իրարու։ Ըստ երեւոյթի կարեւորագոյն քայլը կարելի է համարել Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պատուիրակութեան մը երկու շաբաթներ առաջ Օրթագիւղի եկեղեցւոյ, Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի եւ Գարակէօզեան վարժարանի վարչութիւններուն տուած այցելութիւնները։ Մի գուցէ Արտ Գործ Նախարարութեան պատուիրակութիւնը նկատած է հասարակութեան մօտ ծաւալող խլրտումը եւ «պետութեան ընտրութիւնը արգիլելու» ընկալումը եւ որոշած է շարժման անցնիլ։ Լսումներու համաձայն պատուիրակութիւնը իր շփումներով փորձած է իմանալ պատրիարքական ընտրութեան խնդրի շուրջ հասարակութեան դիրքորոշումը։ Անշուշտ այս հաստատումը կ՝ընենք միշտ մեր մտքին ունենալով Թուրքիոյ հայոց խնդիրներուն հանդէպ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ներգրաւուածութեան աւանդական տարօրինակութիւնը։
Տեղեակ ենք նաեւ թէ այս գործընթացին ներքաշուած համայնքային վարիչներն ալ քաղաքական կամքը ձեւաւորող պետական այրերուն հետ հանդիպումներ ունեցան։ Յայտնի է որ պետութիւնը կը խուսափի «Աթէշեանի կողքին կայնած» ընկալումի մը պատճառ դառնալէ։ Հաւանաբար համայնքային հաստատութիւններու վարիչները պետութեան այս դիրքորոշումը նկատելով իրենք ալ հրաժարեցան զօրակցելէ եւ Աթէշեանին ալ փոխանցեցին պետութեան մերձեցումը։ Այլ կերպ շատ դժուար էր թէ Աթէշեան յօժարէր պարտականութիւնը թողելու։ Չէ որ մինչեւ օրս ան իր ուժը կ՛ապահովեր «Պետութիւնը զիս կ՚ուզէ» ընկալումէն։
Ներկայ դրութեամբ ընտրութեան գործընթացը սկսած է։ Անշուշտ որ ուրախառիթ զարգացում մըն է այս, բայց կը խորհինք թէ ուրիշ գործընթաց մը եւս սկսած է։ Սխալներով լեցուն շրջան մը բոլորելով պետութիւնը նստած եղաւ պատրիարքի ընտրութեան ճիշդ կեդրոնը։ 26 Հոկտեմբերին պատրիարքական աթոռին թափուր ըլլալուն մասին կրօնական ժողովի որոշումը դիտումնաւոր կամ անգիտակցաբար պատկան մարմիններու տեղեկացնելու թերանալով գործընթացը անելի մատնողը այս հասարակութիւնն է։ Աւելի ճիշդ բացատրութեամբ այս հասարակութեան վարչայինները։ Այն վարչայինները՝ որոնք առանց «պետութեան» ոչ մէկ բան ընելու կարող են։
Տուեալ պայմաններու մէջ առանց քաղաքական կամքի հետ գործակցելու խնդիրը լուծել անկարելի դարձաւ։ Իրականութեան մէջ այս մեր աւանդական թերութիւններէն է։ Մեր կարգ մը վարչայիններ սովորութիւն դարձուցած են ամէն քայլափոխին դէպի պետութիւն նայելու եւ ապա «պետութիւնը այսպէս կ՚ուզէ» ըսելով հասարակութիւնը կարգի բերելու սխալ հասկացողութիւնը։ Դժբախտաբար այս վերջին գործընթացն ալ նոյն ձախողութիւնով ընթացաւ։ Յուսանք թէ այս կացութիւնը յետ այսու աւանդութեան մը չի վերածուիր։ Նաեւ յուսանք թէ պետութիւնն ալ իր կարգին նման գործելակերպի մը ցանկացողը չի դառնար։
Գալով ապագային, գրականութեան մէջ կայ «Քինկ Մէյքըր» կոչուած հասկացողութիւն մը, որ ծագած է Անգլիայէն։ Իմաստի ստուգաբանութիւնը պիտի պարզէ «գահ բարձրացողը ճշդող անձ»։ Մեր համայնքին մէջ ալ կայ նման յաւակնութեան դիմող անձեր։ Նոր շրջանի ամենակարեւոր խնդիրը ճիշդ ալ այս «Քինկ Մէյքըր»ի երեւոյթը պիտի շարունակուի՞, թէ ոչ։ Կարեւոր հարցում մըն է այս, քանի որ անցնող շրջանին այս թերակատարութեան առկայութիւնը փորձեցինք։ Նոյնիսկ քիչ մը կանխակարծեալ ձեւով կրնանք ենթադրել թէ «Քինկ Մէյքըր»ները արդէն հաշիւներ ըրած են նորընտիր պատրիարքի մը մասին։ Թերեւս յանդգնած են պետութեան հետ այս մասին սակարկութիւններու մէջ մտնել։ Ուրեմն նոր շրջանի կարեւոր հարցադրումներէն մէկը այս է։ Միւս կողմէն կը խօսուի պատրիարքի ընտրութեան վերաբերեալ նոր կանոնագրութեան մը մասին։ Պատրիարքական փոխանորդի կոչումը բնութագրելու կամ պատրիարքի պաշտօնէութեան տարածքը յստակացնելու ուղղեալ զանազան նիւթերու շուրջ կարծիքի փոխանակումներ կը կատարուին։ Անշուշտ այս նիւթերը մեծ լրջութեամբ քննարկուելու արժանի են։ Միւս կողմէ Թուրքիոյ Հայոց Եկեղեցւոյ իր որոշումները կայացնելու պահուն անկախութիւնը ապահովելը դարձեալ խիստ կարեւոր է։ Բազմաթիւ հարցումներ կան, որոնք պատասխան կը սպասեն։ Որոշ է որ նոր շրջանը այդ խնդիրներու բազմակողմանի քննարկումներու շրջանը պիտի ըլլայ նաեւ։ Յուսանք թէ այդ քննարկումը կը կատարենք ներքին թերութիւններէն ձերբազատուած կերպով։
«ԱԿՕՍ»ի ոսպնեակէն