Խորհրդարանի մէջ իշխող կուսակցութեան եւ անոնց հետ դիրք բռնած երկու ընդդիմադիր կուսակցութեան համատեղ ջանքերով հալածանքի ծանր ճնշում մը կը բանեցուի Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան դէմ։ Դատարանները շատ անգամ կը ներկայանան այդ ճնշման որպէս կարեւորագոյն միջոցները։ Արդարեւ անձեռնմխելիութիւնները վերացուելէ ետք ներկայ դրութեամբ ՀՏՓ կուսակցութեան տասը պատգամաւորներ կը գտնուին բանտարկութեան տակ։ Անոնց մէջ է նաեւ կուսակցութեան համանախագահներ՝ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ եւ Սելլահատտին Տեմիրթաշ։ Եիւքսեքտաղ իր դէմ յարուցուած մեղադրանքին վճիռի վերածուելով նաեւ կորսնցուցած էր պատգամաւորի կոչումը։ Հալածանքի ալիքը վերջերս կը սպառնայ կուսակցութեան Որֆայի պատգամաւոր Օսման Պայտեմիրին։ Անոր դէմ եւս դատ յարուցուած էր իր պաշտօնը կատարող պետական պաշտօնեային անարգելու մեղադրանքով։ Այս մասին կայացած դատավարութիւններուն չէր մասնակցած Պայտեմիր, իսկ անոր իրաւապաշտպանը պատճառաբանելով իր պաշտպանեալի ծանրաբեռնուած աշխատութիւնը պահանջած էր որ դատարանը հրաժարի իր ներկայութիւնը պայմանաւորելու կամքէն։ Սակայն դատարանը անդրդուելի մնաց եւ նկատի ունենալով Պայտեմիրի դատական նիստերէ բացակայութիւնը ձերբակալութիւն պահանջեց անոր դէմ։ Այս նոր զարգացումով այժմ հանրածանօթ քաղաքական գործիչը անգամ մը եւս յայտնուած է ձերբակալուելու վտանգին դիմաց։
Փայլանի դժուար հարցումները
Բոլոր այս աննպաստ պայմաններու ներքեւ անգամ ՀՏՓ-ի երեսփոխանները կը շարունակեն իրենց քաղաքական պայքարը այդ շրջանակով Կարօ Փայլան կարգ դժուար հարցումներ ուղղած է Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլուին։ Կարօ Փայլան նախարարին հարց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս կարելի կ՚ըլլայ Հրանդ Տինքի սպանութեան խնդիրով դատուած պետական պաշտօնեաներու իրենց պաշտօնին մէջ մնալու տարօրինակ երեւոյթը։ Այլ պարագաներուն շատ աւելի պարզ մեղադրանքներով անգամ մեղադրուած մարդիկ, երբ իսկոյն կը ձերբակալուին եւ բաց կը թողուին իրենց պաշտօններէն, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ Հրանդ Տինքի սպանութեան նիւթով դատուածները կը շարունակեն մնալ իրենց պաշտօններուն վերեւ եւ նոյնիսկ կը բարձրանան այդ պաշտօններուն մէջ։
Ըստ ընդունուած սկզբունքի նախարարները պէտք է որոշ ժամանակի մը մէջ պատասխանեն երեսփոխաններու այս տեսակի հարցումներուն։
Թուրքիոյ մէջ ափսոս որ քաղաքականութիւնը հասած է խիստ դժուար հանգրուանի մը։ Այս պահուն գրեթէ անկարելի դարձած է քաղաքակիրթ աշխարհի կողմէ որդեգրուած եւ ճանաչում գտած ամէն տեսակ սկզբունքի գործադրութիւնը։ Սակայն որոշ է, թէ ամէն ձախողութիւն ի վերջոյ պիտի հասնի պայծառակերպման միջոցի մը եւ բարիքը պիտի յաղթէ ամէն տեսակ չարիքին դէմ։