Քաղաքական հալածանք դատարաններու միջոցաւ

Խորհրդարանի մէջ իշխող կուսակցութեան եւ անոնց հետ դիրք բռնած եր­կու ընդդի­մադիր կու­սակցու­թեան հա­մատեղ ջան­քե­րով հա­լածան­քի ծանր ճնշում մը կը բա­նեցուի Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թեան դէմ։ Դա­տարան­նե­րը շատ ան­գամ կը ներ­կա­յանան այդ ճնշման որ­պէս կա­րեւո­րագոյն մի­ջոց­նե­րը։ Ար­դա­րեւ ան­ձեռնմխե­լիու­թիւննե­րը վե­րացուելէ ետք ներ­կայ դրու­թեամբ ՀՏՓ կու­սակցու­թեան տա­սը պատ­գա­մաւոր­ներ կը գտնուին բան­տարկու­թեան տակ։ Անոնց մէջ է նաեւ կու­սակցու­թեան հա­մանա­խագահ­ներ՝ Ֆի­կեն Եիւքսեք­տաղ եւ Սել­լա­հատ­տին Տե­միր­թաշ։ Եիւքսեք­տաղ իր դէմ յա­րու­ցուած մե­ղադ­րանքին վճի­ռի վե­րածուելով նաեւ կորսնցու­ցած էր պատ­գա­մաւո­րի կո­չու­մը։ Հա­լածան­քի ալի­քը վեր­ջերս կը սպառ­նայ կու­սակցու­թեան Որ­ֆա­յի պատ­գա­մաւոր Օս­ման Պայ­տե­միրին։ Անոր դէմ եւս դատ յա­րու­ցուած էր իր պաշ­տօ­նը կա­տարող պե­տական պաշ­տօ­նեային անար­գե­լու մե­ղադ­րանքով։ Այս մա­սին կա­յացած դա­տավա­րու­թիւննե­րուն չէր մաս­նակցած Պայ­տե­միր, իսկ անոր իրա­ւապաշտպա­նը պատ­ճա­ռաբա­նելով իր պաշտպա­նեալի ծան­րա­բեռ­նուած աշ­խա­տու­թիւնը պա­հան­ջած էր որ դա­տարա­նը հրա­ժարի իր ներ­կա­յու­թիւնը պայ­մա­նաւո­րելու կամ­քէն։ Սա­կայն դա­տարա­նը անդրդուելի մնաց եւ նկա­տի ու­նե­նալով Պայ­տե­միրի դա­տական նիս­տե­րէ բա­ցակա­յու­թիւնը ձեր­բա­կալու­թիւն պա­հան­ջեց անոր դէմ։ Այս նոր զար­գա­ցու­մով այժմ հան­րա­ծանօթ քա­ղաքա­կան գոր­ծի­չը ան­գամ մը եւս յայտնուած է ձեր­բա­կալուելու վտան­գին դի­մաց։

Փայ­լա­նի դժուար հար­ցումնե­րը

Բո­լոր այս աննպաստ պայ­մաննե­րու ներ­քեւ ան­գամ ՀՏՓ-ի երես­փո­խան­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն իրենց քա­ղաքա­կան պայ­քա­րը այդ շրջա­նակով Կա­րօ Փայ­լան կարգ դժուար հար­ցումներ ուղղած է Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Սիւ­լէյման Սոյ­լուին։ Կա­րօ Փայ­լան նա­խարա­րին հարց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս կա­րելի կ՚ըլ­լայ Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան խնդի­րով դա­տուած պե­տական պաշ­տօ­նեանե­րու իրենց պաշ­տօ­նին մէջ մնա­լու տա­րօրի­նակ երե­ւոյ­թը։ Այլ պա­րագա­ներուն շատ աւե­լի պարզ մե­ղադ­րանքնե­րով ան­գամ մե­ղադ­րուած մար­դիկ, երբ իս­կոյն կը ձեր­բա­կալուին եւ բաց կը թո­ղուին իրենց պաշ­տօննե­րէն, ինչպէ՞ս կ՚ըլ­լայ որ Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան նիւ­թով դա­տուած­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ իրենց պաշ­տօննե­րուն վե­րեւ եւ նոյ­նիսկ կը բարձրա­նան այդ պաշ­տօննե­րուն մէջ։

Ըստ ըն­դունուած սկզբունքի նա­խարար­նե­րը պէտք է որոշ ժա­մանա­կի մը մէջ պա­տաս­խա­նեն երես­փո­խան­նե­րու այս տե­սակի հար­ցումնե­րուն։

Թուրքիոյ մէջ ափ­սոս որ քա­ղաքա­կանու­թիւնը հա­սած է խիստ դժուար հանգրուանի մը։ Այս պա­հուն գրե­թէ ան­կա­րելի դար­ձած է քա­ղաքա­կիրթ աշ­խարհի կող­մէ որ­դեգրուած եւ ճա­նաչում գտած ամէն տե­սակ սկզբունքի գոր­ծադրու­թիւնը։ Սա­կայն որոշ է, թէ ամէն ձա­խողու­թիւն ի վեր­ջոյ պի­տի հաս­նի պայ­ծա­ռակերպման մի­ջոցի մը եւ բա­րիքը պի­տի յաղ­թէ ամէն տե­սակ չա­րիքին դէմ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ