Իսթանպուլի դատախազութիւնը ընդունեց Հրանդ Տինքի դատավարութեան երրորդ թղթածրարը եւս։ Այս երրորդ թղթածրարին մէջ տեղ կը գտնեն Ֆեթուլլահ Կիւլեն, նախկին դատախազ Զեքերիա Էօզ եւ բազմաթիւ լրագրողներ կամ Ոստիկան Զօրաց պաշտօնեաներ, որոնց ընդհանուր գումարը կը հասնի 51 ամբաստանեալներու։ Երրորդ թղթածրարը 25 Ապրիլին ուղարկուած էր Իսթանպուլի 14-րդ Եղեռնադատ Ատեան, բուն թղթածրարի հետ միացուելու պահանջով։ Իսկ այս վերջինը կարգ մը թերութիւններ նկատելով թղթածրարը վերադարձուցած էր հարցաքննութեան դատախազ Կէօքալփ Քէօքճիւին։ Քէօքճիւ վերատեսութեան ենթարկած թղթածրարը անգամ մը եւս ղրկեց նոյն ատեանին, որ կարգ մը թերութիւններու շարունակուիլը պատրուակելով անգամ մը եւս ետ ղրկեց։ Դատախազութիւնը այս անգամ առարկութիւն ներկայացուց այս երկրորդ մերժումին դէմ, ուր իր կարգին խնդիրը փոխանցեց աւելի վերին դատարան մը ըլլալով ընդունուած 15-րդ Եղեռնադատ Ատեանին։ Վերջապէս վերացաւ թղթածրարը մերժելու պատճառ դարձած խնդիրները, ուր այս անգամ մեղադրուածներու թիւը մէկով զեղչուած էր։ Մայր Դատարանի շրջանակով արդէն կը շարունակուէր 35 անձերու դատավարութիւնը, որուն մաս կը կազմեն նախկին ոստիկանապետ Ճելալետտին Ճերրահ, Ահմետ Իլհան Կիւլեր, Ռամազան Աքյիւրէք եւ այլ բարձրաստիճան ոստիկանապետներ։