Ստորեւ մեր սրտի խօսքը նախագահական մետայլի տուչութեան առթիւ
Կեանքիս եզակի պահն է որ կ՚ապրիմ։ Բնականաբար մեծ յուզում մը պատած է զիս, որ կը ծագի իմ ամբողջ անցեալին հետ հաղորդուելու զգացումէն։
Երկու տարի առաջ հայ եկեղեցին սուրբերու կարգին դասեց մեր ժողովուրդի մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զոհերը, որոնք նահատակուեցան իրենց ազգային պատկանելութեան եւ հաւատքին պատճառաւ։ Եկեղեցին, հայ ազգի անունով հատուցեց մեզմէ իւրաքանչիւրին վիճակած խղճի պարտքը։
Այնպէս տպաւորուած եմ թէ ձեր շնորհած շքանշանով ես ալ իմ կարգին պարտք մըն է որ կը հատուցեմ բոլոր այն մարդկանց, որոնք իբրեւ ցեղասպանութենէ մազապուրծ փրկուածներ, թէ դարձան իմ ծնողները եւ մեծ ծնողները, եւ թէ պաշարեցին զիս, անճարակս՝ դաստիարակելով հայեցի ոգիով։
Այս պահուն ներող եղէք, քանի որ խօսքս աւելի իրենց ուղղուած է, քան ձեզ։
Իմ մեծ հօրս՝ Մարգարի սանիկն էր Անահիտը։ Մեր ժողովուրդի ճակատագրական կռուի օրերուն դեր մօրը արգանդին մէջ էր։ Հայրը՝ Գրիգոր կը կրակէր, իսկ մայրը, Տէր Վարդանեաններու դուստրը Փերուզ նոր գնդակով կը լցքաւորէր հրացանը։ Գրիգոր ինկաւ Սարդարապատի պատին տակ, իսկ Փերուզ Ղարաբաղէն հասնող կամաւորներու շնորհիւ ապահովուած յաղթանակէն կարճ ժամանակ անց ծննդաբերեց Շուշիի մէջ։ Չեմ գիտեր թէ կեանքի ինչպիսի կարգադրութիւններով մայրն ու որբուկ դուստրը Թպիլիսիի ճամբով յայտնուեցան Պոլիս, ուր ապագային Անահիտ պիտի ամուսնանար տանջանքի նոյն ճանապարհներէն անցած Աւետիսին հետ։ Մարգար մեծ հօրս վկայութեամբ Քեշիշեաններու հետ մեր կնքահայր-սան յարաբերութիւնը կը ծագի իր ալ նախնիներէն եւ անխափան կը շարունակուի մինչեւ օրս։
Մեր ընտանիքի մէջ Գաբրիէլ Աւագեանի կերպարը կը բնորոշուի Ակնայ երգերու կատարումով։ Ընտանեկան մէկտեղումներու անփոփոխ պատկերն էր, ան պիտի երգեր, լսողները պիտի արտասուէին եւ մենք՝ թերահասներս պիտի լցուէինք այդ թախիծով։ Ի տարբերութիւն ուրիշ բազմաթիւ տուներէ, իմ ծնողներս մեզ չէին խնայէր այդ տխուր ապրումներէն։ Մայրս Սիրանոյշ կը հաւատար թէ «Վիշտը հոգին կ՚ազնուացնէ»։
Ինչպէս իւրաքանչիւր մարդ, ես ալ ունեցայ հայր ու մայր, ունեցայ մեծ ծնողներ՝ մեծ մայր ու մեծ հայր, նաեւ ունեցայ քեռի եւ մօրաքոյրեր։ Բախտ մը՝ որմէ զրկուած էին իմ ծնողները, տրուած ըլլալով թէ իմ մեծ ծնողները տասնհինգ թուին կորսնցուցին իրենց բազմանդամ ընտանիքներու բոլոր հարազատները։
Առանցին մնալով կազմեցին ընտանիք եւ հասակ տուին մեզ՝ երկրորդ, երրորդ կամ չորրորդ սերունդներուն։
Այս պահուն ձեր թոյլտուութեամբ կ՚ուզեմ յիշատակել մայրս Սիրանոյշ եւ հայրս Սմբատը, անոնց ծնողները՝ մօրենական կողմէ պապս Վարդանը եւ տատս Արուսեակը, հօրենական կողմէ պապս Մարգարը եւ տատս Աղաւնին։
Իրենց սնուցած, դաստիարակած գիտակցութեան շնորհիւ փարած ենք մեր սրբութիւններուն, որոնց գլխաւորն է Հայաստան երկիրը, իր հող ու ջրով, սար ու ձորով, բայց եւ մանաւանդ իր ժողովուրդով։ Սրբութիւն է մեր բազմադարեան աւանդով ձեւաւորուած մշակոյթը, իր ոսկեղինիկով, երգ ու բանով, գիր ու գրականութիւնով։
Պատանութեան տարիներէն սկսելով այդ աւանդին վրայ յաջողեցանք աւելցնել մեզ շրջապատող ընկերական միջավայրը, որ կոչեցինք «Սայաթ Նովա Երգչախումբ»։ Անոր անմիջականութեան մէջ աճեցաւ հայրենի երկրի, մայր Հայաստանի հանդէպ գիտակցութիւն մը, որ այս օր կը սնուցանէ նաեւ մեր յաջորդող սերունդը։
Նախագահ Տէր, ձեր անունով շնորհուած շքանշանը զիս կը գօտեպնդէ այդ սրբութիւններու պաշտպանութեան համար մղուած պայքարին մէջ։
Ձեր անձին մէջ խորին շնորհակալութեամբ կը խոնարհիմ հայոց պետականութեան սուրբ խորհուրդին առջեւ։