ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Պիտի յամառինք յարատեւօրէն օրակարգի վրայ պահել Անգարայի մէջ գործադրուող հացադուլի մասին լրատուութիւնը։ Համոզուած ենք որ այս յամառութեան ետին կայ մարդու իրաւունքներու մասին պայքարելու անհրաժեշտ հրամայականը։ Անգարայի կեդրոն Գըզըլայ թաղի մէջ շարունակուող հացադուլը նախորդ շաբաթավերջին ընդհատուեցաւ ոստիկանական միջամտութեամբ։ Երկու բողոքող դասախօսներ Նուրիյէ Աքման, Սեմիհ Էօզաքչա ոստիկաններու կողմէ բերման ենթարկուեցան, մինչ այդ իրենց զօրակցողներու դէմ ոստիկանական բռնութիւնը կը շարունակուի համատարած կերպով։ Զօրակցութեան ցոյցերը, որ սկսած էին Եիւքսել փողոցի վրայ, հետզհետէ թափ առին ծաւալելով դէպի Իսթանպուլ, իզմիր, Տիյարպէքիր, Սամսուն եւ այլ քաղաքներ։ Զօրակցութեան համար եկողներու մէջ յաճախ կը հանդիպինք ծանօթ դէմքերու։ Օրինակի համար «Կէզի»ի դէպքերու ընթացքին դաժան ծեծի հետեւանքով մահացած Ալի Իսմայիլ Քորքմազի մայրը, կամ «Վերադարձ Դէպի Կեանք» կոչուած գործողութեան ընթացքին թեւը կորսնցուցած Վելի Սաչըլըք, նոյնպէս «Կէզի»ի դէպքերու ընթացքին սպաննուած Էթհեմ Սարըսիւլիւքի եղբայրը կը յայտնուին հացադուլ ընող Նուրիյէ Աքման եւ Սեմիհ Էօզաքչայի կողքին։
Վերջերս զօրակցութեան կու գան նաեւ Հանրապետական Կուսակցութեան պատգամաւորները։ Իսկ ՀՏՓ-ականները տակաւին առաջին օրերէն սկսեալ միշտ իրենց կողքին էին։
Հացադուլը կը շարունակուի նաեւ Տէրսիմ՝ Սէյիտ Ռըզա հրապարակին վրայ։ Այստեղ ալ Քեմալ Կիւն կը պայքարի իր սպաննուած որդւոյն դիակին տիրանալու եւ զայն արժանի կերպով հողին յանձնելու համար։ Լոկ այս պատճառաբանութիւնը անգամ ապացոյց մըն է թէ մարդիկ պարզապէս մարդկայինի հասնելու ձգտումով իրենց կեանքը կը զոհաբերեն, իբրեւ մարտնչելու միջոց։ Արդէն իսկ երեք բողոքողներու համար ալ անցած է անվնաս վերադարձի հանգրուանը։ Անոնք նոյնիսկ այս պահէն ետք արժանանան բժշկական խնամքի, իրենց կեանքը պիտի շարունակեն անդարմանելի հիւանդութիւններով։ Իսկ շարունակուող օրերը զիրենք կը տանին դէպի մահ։ Երեւոյթ մը, որուն դէմ հասարակութիւնը զգայուն է, բայց իշխանութիւնները կը պահեն բացարձակ լռութիւն։ Այդ լռութիւնը վերջապէս ժխտական իմաստով եւ բռնի կերպով փարատեցաւ 23 Մայիս Երեքշաբթի, երբ ձերբակալութեան որոշում առնուեցաւ հացադուլի դիմած երկու ուսուցիչներու դէմ։ Այժմ իրենց կեանքին հանդէպ մտահոգութիւնը ալ աւելի լուրջ է, քանի որ ամենափոքր վարակը իսկ կրնայ մահացու հետեւանքներ ունենալ։