-Բառ, որ կը պարունակէ
1000 քիլոկրամ կեանք-
- Տիգրան Մեծից յետոյ հայերը հող չեն վերցրել, միշտ տուել են։ Կորցրել ենք, էլի։ Էս տակառները, ո՞նց բացատրեմ, վերցնող ա։ Մենք հայերս միշտ տուել ենք… Եթէ հայերը սրանց խայսիաթը (բնաւորութիւնը, արժանապատուութիւնը) ունենան… Տակառը ամէն տարի վերցնում ա… Սպիրտից իր փայը (բաժինը) տանում ա։
Հեռատեսիլի վաւերագրական-հաղորդումի մէջ խօսողը տակառագործ Լեւոն Բիշարեանն է, -Հայաստանի սակաւաթիւ տակառագործերէն մէկը։ Ան գոնեակի գործարանի համար տակառներ վերանորոգող եւ շինող վարպետ է, նաեւ՝ փիլիսոփայ մը, որ կը սիրէ տակառներու միջոցով վերլուծել կեանքը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերային-քաղաքական վիճակը։ Երբ ան կը շարունակէ տակառագործութեան մասին բացայայտումներ կատարել, կը բացուի նաեւ «տակառ» բառի կափարիչը, կ՚արձակուի հազարամեայ գոլորշին ու կը յայտնուի անոր զգլխիչ պարունակութիւնը։
Ըստ մեր լեզուաբաններու, «տակառ» բառը, որ նաեւ կը նշանակէ 1000 քիլոկրամ, իրանական փոխառութիւն է։ Ան կը համեմատուի միջին պարսկերէն takār եւ պարսկերէն taγār բառերու հետ։ Վերջինները, շնորհիւ իրենց բոլորաձեւ կառուցուածքին, գլորեր գացեր են մինչեւ Վրաստան ու հոն դարձեր՝ «տագարի»։
Նկատի ունենալով, թէ խաղողի եւ գինեգործութեան հայրենիքը Հայաստանն է, բնական է մտածել, «տակառ» բառն ալ ունենար վաղնջական պատմութիւն։ Մինչեւ Ե. դար արդէն ունեցեր ենք «տակառ»ով համեմուած բառեր. տակառագործ, տակառագործութիւն, տակառապետ, տակառապետութիւն… Աստուածաշունչի մէջ «տակառապետ» բառը յիշուած է 12 անգամ, ինչպէս՝ «տակառապետ արքային Եգիպտացւոց…», «եւ պատմեաց տակառապետն զերազն իւր Յովսէփայ…»։ Յիշենք, թէ հին դարերուն տակառապետը պալատական այն պաշտօնեան էր, որ արքունական սեղանի ըմպելիքները մատակարարելու գործը կը ղեկավարէր։ Հայոց պատմութեան ամենայայտնի տակառապե՞տը… Գնել Գնունին, Տիգրան Մեծ թագաւորի տակառապետը, ան, որ չենք գիտեր հարբա՞ծ գլուխով, թէ՝ արթուն, գնաց առաւ Երուսաղէմը։ Տակառապետ Լեւոնը կը շարունակէ.
- Տակառագործութիւնը աշխարհի 100 լաւ «պիզնեսներից» ա։ Լաւ գործ ա, գեղեցիկ գործ ա։ Տղամարդու գործ ա։ Տղամարդը գեղեցկացնող գործ ա։ Յետոյ, որ խմիչքի հետ ա…
Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ տակառը, խմիչքներէն բացի, ունեցեր է շատ արտասովոր պարունակութիւններ։ Ամենայայտնին՝ յոյն նշանաւոր իմաստասէր Դիոգենէսն էր, Սինոփցի Դիոգենէսը, որ կ՚ապրէր տակառի մէջ։ Ըստ երեւոյթին, այդ օրերէն սկսեալ մեր լեզուի եւ մտածողութեան մէջ ունեցած ենք «տակառ»ով կազմուած արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «դատարկ տակառ», ոչինչ հասկցող, դատարկախօս, մեծախօս մարդ։ Անոր բնական յաջորդն է, անշուշտ, «պարապ տակառը շատ ձայն կը հանէ» առածը։ Իսկ երազի մէջ «պարապ տակա՞ռ» տեսնել… Սա, լրջութեան, սակաւախօսութեան ու անտեղի առատաձեռնութեան նշան է։ Իսկ ո՞ր աշակերտը իր թուաբանութեան գիրքին մէջ տակառներու հետ չէ պայքարած «տակառով խնդիր» մը լուծելու համար։
Հեռատեսիլի պաստառի վրայ Լեւոնը, որպէս քաղաքական վերլուծող, այժմ կը խօսի արտագաղթի վրայ, տակառագործի տեսանկիւնէն անշուշտ.
- Տակառագործներս մեր վարչապետներից քիչ ենք… Շատ քիչ ենք, շատ քիչ… Աշխատում եմ մտածեմ, որ քիչ մտածեմ։ Մարդ չմնաց… Վարպետ չկայ, իսկական վարպետ չկայ։ Մասնագէտներ չկան։ Բոլորը փախնում են։
Նոյնքան տխրահռչակ է, «դանայեան տակառ»ը, ա՛ն որ հուն-յատակ չունի։ Ուստի, «Դանայեան տակառ» կը կոչուին ծայր ու վերջ չունեցող աշխատանքները, ապարդիւն գործերը։ Գրիգոր Զոհրապն էր, որ գրի առաւ անոր պատմութիւնը «Ճիտին Պարտքը» նորավէպին մէջ. «Սեւ կաշիէ մեծկակ պայուսակ մըն էր, զոր առտու իրիկուն իր ձեռքը բռնած կ՚երթար փողոցներէն։ Իր կեանքին անբաժան ընկերն էր այս տոկուն կաշիէ պարկը… Այս մարդուն բոլոր յոգնաջան վաստակը ու քրտնաթոր գործունէութիւնը անոր մէջն էր, դանայեան տակառ, զոր կը լեցնէր շարունակ երեսուն տարիներէ ի վեր առանց յաջողելու»։ Իսկ վերջերս հայրենի մամուլի մէջ լուր տարածուեցաւ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան համակարգը «դանայեան տակառ» է ու գումարները ինքնանպատակ կը ծախսուին։
Բայց «տակառ» բառը մերժեց սնամէջ մնալ։ Երբ գինեգործութիւնը զարգացաւ, մեր տակառը սկսաւ ողողուիլ մաճար բառերով. «տակառակ», «տակառահամ», «տակառաձեւ», «տակառային», «տակառաշերտ», «տակառաչափ», «տակառապատիւ», «տակառասայլ», «տակառատախտակ», «կիսատակառ», «լայնաբերան տակառ», «տակառի փորը», «տակառի բերանը», «տակառագործական փայտ»… Անշուշտ դեռ կարելի էր հայերէնի մրգաստանի մէջ այգեկութք կատարել ու քաղել բազմաթիւ հիւթեղ եւ ոգելից բառեր, ինչպէս՝ «լիատակառ», ածական մը, որ կրնար նկարագրել մինչեւ բերանը լեցուն տակառը, «տակառանուէր» կամ «տակառամոլ», այս ածականներով կրնայինք ակնարկել գինեմոլը, «բազմատակառ»՝ այն մառանը, որ տակառներով լեցուն է… Իսկ յատուկ օրերու կամ հանդիսութիւններու համար վերապահուած տակառը կարելի էր կոչել… «ծիսատակառ»։ Տակառագործ Լեւոնը ունի մէկ այլ արտայայտութիւն, «տակառ ամուսնացնել».
- Օրէնք կայ, կոնեակագործների մէջ օրէնք կայ, որ խմիչքը տակառի հետ պէտք է որ ամուսնանայ։ Աշխատում ենք մենք լաւ տղայ սարքենք, իրենք ալ աշխատում են լաւ աղջիկ սարքեն։ Ամուսնացնում ենք։ Չբաժանուեն երբեք։ Բաժանուեն ժամանակին… Խմիչքը պէտք է անպայման գնայ իրա խմողի մօտ, շշալըցուի, գնայ՝ նորը գայ։
Այսօր Հայաստանի մէջ «տակառ» բառը կ՚ապրի աննախընթաց վերելք ու կը վայելէ միջազգային համբաւ։ Որպէս գինիի նոր անուն, «Տակառ»ը սկսած է ճանաչելի դառնալ բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ Իսկ Կոնեակի գործարանի նկուղներու մէջ կը հնեցուի տակառներու ամենէն դիւանագիտականը. «Խաղաղութեան տակառ»։ Ան նուիրուած է Արցախեան հակամարտութեան զինադադարի ստորագրման։ ԵԱԽԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ ստորագրուած այս տակառը պիտի բացուի հակամարտութեան կարգաւորման տօնական օրը։
Տակառագործ Լեւոնը հաղորդման աւարտին ունի կենսուրախ պատգամ. «Որակով լինենք։ Տխուր մեռելի երգ չլսենք... Ուրախ լսենք, ո՛չ թէ վատ՝ լաւ երգ, լաւ սիրուն Կոմիտաս…»։ Ընդառաջելով փիլիսոփայ-արհեստաւորի թելադրութեան՝ մեր ականջները լեցնենք Բամբիռ նուագախումբի լիատակառ երգացանկէն յորդած փրփրալից ու զովացնող երգով մը, «Գարեջուր».
Երեք հոգով խմում ենք հաշտ, երեք հոգով՝ մի տակառիկ,
Նման քէֆեր շատ ենք արել, ու մոռացել հոգս ու կարիք։
Չէ, հարբած չենք, չէ, հարբած չենք, մի քիչ էնպէս, ծիրան-ծիրան,
Երեք հոգով խմում ենք հաշտ, երեք հոգով մի տակառիկ։