-Բառ, որ կանգնած է անցեալի
եւ ապագայի առանքին-
- Պա՛տ՝ ներկայ… Դո՛ւռ՝ ներկայ… Պատուհա՛ն՝… բացակայ։
Միշտ այդպէս է… Պատուհանը ներկայ է իր բացակայութեամբ։ Պատի մէջ կամ գմբէթի վրայ բացութիւն մը լոկ, լուսամո՛ւտ շատ անգամ։ Իսկ հայու համար՝ պատմութիւն եւ երազներ արթնցնող խորհրդաւոր ներկայութիւն, դիտարան մը կարծես, որու ընդմէջէն կը փորձէ տեսնել իր պատմութիւնը եւ իր ցանկութիւնները։ Այս մտածումներով է, որ Զուարթնոց օդակայանի սպասման սրահի պատուհաններու առջեւ կը լռեն ճամբորդներ խոկուն, ու կը դիտեն անցեալը եւ գալիքը- եթէ ամպերը եւ անձրեւը արտօնեն։ Այդ պատուհանէն անդին՝ սուրբ լերան կատարի վրայ է, հաւատաց հայը, որ «պատուհան» բառը առաջին անգամ բացեր է իր փեղկերը, այն ժամանակ, երբ դեռ չկային լեզուաբաններ եւ ստուգաբաններ։ Ո՞վ կ՚ըսէ։ Աստուածաշունչը. «Եւ եղեւ յետ քառասուն աւուր եբաց Նոյ զպատուհան տապանին զոր արար»։ Իսկ, ո՞վ շինեց առաջին պատուհանը։ Նոյնի՛նքն Նոյ նահապետը։ Եւ յետ-Ջրհեղեղեան աշխարհին բացուող այդ առաջին պատուհանով ալ սկսեր է «պատուհան» բառի պատմութիւնը։
Որպէս բառ՝ ծագումը անյայտ է ու դեռ վարագոյր մը իջած կը մնայ յստակ բացատրութեան առջեւ։ Կարծիքներ՝ կան անշուշտ։ Լեզուաբաններ կան, որոնք մեր «պատուհան»ը բացեր են դէպի արեւելք ու ըսեր են՝ թէ ան ունի պարսկական ծագում եւ հնագոյն իմաստն է եղեր «հողմնացոյց, հողմնամուտ»։ Իսկ ուրիշներ նայեր են դէպի արեւմուտք եւ տեսեր են յունական ազդեցութիւն։ Հ. Մկրտիչ Աւգերեանի «Նոր բառգիրք հայկազեան լեզուի» աշխատասիրութիւնը (1836, Վենետիկ) ունի հետեւեալ բացատրութիւնը. «Ծակ որմոյ տան առ ՛ի կողմանէ կամ ՛ի վերուստ՝ ՛ի պետս անցից լուսոյ եւ հողմոյ»։ Հեղինակը կը յիշէ նաեւ երկու արմատ, պարսկերէն «պատիուն, պատխէն» բառերը եւ յունարէն «թիւրիս, թիւրիդոս» բառերը։ Բայց ժողովուրդը ունի ի՛ր բացատրութիւնը։ Չէ՞, որ հայ գեղջուկի համար պատուհանը իր տունէն ներս «պատի մէջ դարան», «որմնախորշ» կամ «պատի մէջ բացուածք», ուստի ան կազմուած պէտք է որ ըլլար «պատ» եւ «հանել» բառերէ։ Բոլոր անորոշութիւններու առջեւ մէկ բան ստոյգ է. «Պատուհան» բառը նախապէս եղած է «պատուրհան» եւ այս ձեւը պահուած է բազմաթիւ գաւառաբարբառներու մէջ։ Մեր լեզուաբաններու վկայութեամբ, «պատըրխան»՝ Գաւառ քաղաքի Սարուխան գիւղի մէջ, «պադըրխան»՝ Սեւանի մօտ Գեղամավանք գիւղի մէջ, Գորիսի եւ Արցախի մէջ՝ «պտռհան», Ագուլիսի մէջ՝ «պտօ՛րհան»։ Դէպի արեւմուտք՝ Խարբերդի մէջ՝ «բադիֆօն», Զէյթունի մէջ՝ «բ դիւհիւն», Տիգրանակերտի մէջ՝ «բըդ հ ն», Մշոյ մէջ՝ «պադուհան», իսկ Վանայ մէջ՝ «պատխան»։ Բոլորն ալ «պատի դարան» իմաստով։ Միայն Հաճնոյ մէջ է, որ «բահադէն» բառը կը նշանակէ լոյսի համար բացուած պատուհան։ «Պատուհան» բառը նաեւ բացուած է դէպի հիւսիս։ Վրաստանի մէջ ան դարձեր է... «պատոանի»։
Անգամ մը եւս նայինք Աստուածաշունչին եւ տեսնենք գրաւոր հայերէնի մէջ «պատուհան» բառի հնագոյն գործածութիւնները. «Վանդակապատ պատուհան», «պատուհանք երկնից», «վերնատուն հովանոց յօրինեալ պատուհանիւք», «պատուհանք ծածուկք», «պատուհանն, որ էր ընդդէմ Երուսաղէմի», «զպատուհանսն գաղտնիս»… Իսկ պատուհանէն փախո՞ւստ տալ… Պօղոս առաքեալն էր առաջինը, որ փրկութեան համար դիմեր է այդ միջոցին. «Դամասկոսի մէջ Արետա թագաւորին ազգապետը զիս բռնելու համար՝ դռներուն քով պահապաններ դրեր էր։ Զիս պատուհանէ մը զամբիւղով պարիսպէն վար իջեցուցին ու անոր ձեռքէն փախայ»։
Հնագոյն շրջաններուն ունեցանք նաեւ արտայայտութիւններ, որոնք կառչած էին «պատուհան»ի ծխնիներէն. «վանդակ պատուհանի», «կարկառել ընդ պատուհանն», «հայել ընդ պատուհանն» Մերօրեայ հայկական մամուլի մէջ յաճախ կը կարդանք. «Պատուհան դէպի Եւրոպա», «Պատուհան դէպի Ռուսաստան» եւ նմանատիպ արտայայտութիւններ։ Իսկ վերջերս տեսանք հետեւեալ խորագիրը. «Յոյսի պատուհանը Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցում բաց է մնում»։ Կը յիշէ՞ք, Ս. Գրիգոր Նարեկացին էր, որ հազար տարի առաջ «պատուհան» բառով շինուած բառակապակցութիւններու հարստութիւն մը նուիրած էր մեր լեզուին. «պատուհան լսելեաց», «պատուհան տեսութեանց», «պատուհան անձկութեան»… Իսկ սուրբը ծերութեան օրերուն Տիրոջմէն ունի մէկ խնդրանք. «Մի՛ պատուհանք աչացս փակեալ»։
Զուարթնոցի դահլիճի մէջ լոյսի խաղեր կը ստեղծուին պատերուն, ձեղունին վրայ, երբ ամպեր կը սահին, կ՚երթան… Իսկ պատուհաններէն անդին Լեռը հեղ մը տեսանելի է, հեղ մը՝ ոչ։ Երազի պէս… Հապա, երազի մէջ պատուհա՞ն տեսնել… Ըստ «երազահան» աղբիւրներու, կը խորհրդանշէ գործի ձախողութիւն, խոչընդոտներ, իսկ պատուհանը կոտրել կամ պատուհանէն դուրս ելլել՝ երազանքներու իրականացում։ Երազային է նաեւ սիրածի պատուհանի տակէն անցնիլ։ Այդպէս ըրաւ օր մը բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցը իր հարբած գլուխի համարձակութեամբ.
Կ՚ուզեմ հիմի փչէ զուռնէն - հարբած ըլիմ մինչեւ էգուց.
Ամէն մարդու ընկեր ըլիմ -ու բաց ըլիմ մինչեւ էգուց…
Ֆայտոն նստած՝ անցնեմ քուչով, պատուհանից վրէս նայես՝
Էշխդ անքուն սիրտս ընկնի ու լաց ըլիմ մինչեւ էգուց։
Եւ օր մը, կրնա՞ք երեւակայել, պատուհանը դարձաւ ամբողջ ժողովուրդի մը… փրկութիւնը։ Երբ Թիմուրը հուրով սուրով եկեր էր Հայաստան, շղթայեր եւ գերի էր առեր հազար-հազարաւոր հայեր, ալեզարդ Հայր Օհանի աղօթքով եւ Վերինի կամքով, ո՛վ որ հայ ազգէն մտեր է այդ ծերունիի վանքը՝… ճիշդ կ՚ըլլայ, որ Յովհաննէս Թումանեանը աւարտէ աւանդավէպը.
Ով որ հայ ազգից մըտել է իր մօտ,
Իր սուրբ աղօթքով, կամքով Վերինի,
Փոխել է իսկոյն, դարձրել աղաւնի,
Բաց պատուհանից թողել ամէնքին,
Թըռցրել դէպ իրենց լեռները կըրկին,
Ու հիմի վանքում էլ չըկայ ոչ ոք,
Ինքն է աղօթում մենակ, ծընկաչոք։
Զուարթնոցէն ներս տարբեր տրամադրութիւն է հիմա։ Երբ ամպերը կը սեւանան եւ անձրեւի կաթիլներ կը սկսին սահիլ պատուհաններէն վար, ի՛նչ զուգադիպութիւն, փոքրիկ սրճարանէն կը լսուի «Մեր սիրոյ աշունը» երգը, յիշեցնելով, թէ ամէն հրաժեշտ նոր պատուհան մը կը բանայ։
Մեր սիրոյ աշունը էլ երբեք չի կրկնուի
Եւ անցեալն ամէն անգամ աշնան հետ կ՚այցելի
Ու պատուհանիդ լուռ կ՚արտասուի
Ու պատուհանիդ լուռ կ՚արտասուի…