Գերազանց է, այլ ո՛չ կրկնութիւն

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Պոլսա­հայ գե­ղարուես­տա­կան կեան­քի յա­տուկ աւան­դութիւն մըն է, մի­ջոցա­ռումնե­րու հեր­թա­կանու­թիւնը կը խտա­նայ գար­նան ամիս­նե­րուն։ Շատ ան­գամ սի­րողա­կան խումբե­րու նա­խապատ­րաստու­թիւննե­րը կը շա­րու­նա­կուին ամ­բողջ ձմրան ամիս­նե­րու ըն­թացքին եւ խումբե­րը կ՚ու­զեն իրենց պատ­րաստու­թիւնը հան­դի­սատե­սին ներ­կա­յաց­նել նախ­քան ամա­ռուայ ար­ձա­կուրդի եղա­նակին գա­լուստը։ Ար­դա­րեւ Մա­յիս ամ­սուայ հետ սկսած է նաեւ հա­մերգնե­րու եղա­նակը։ Այս առու­մով նա­խորդ շա­բաթա­վեր­ջին 7 Մա­յիս Կի­րակի երե­կոյ Իս­թանպու­լի հա­մագու­մարնե­րու Պա­լատին մէջ «Մա­րալ» երգ ու պա­րի ան­սամպլը ներ­կա­յացաւ պոլ­սա­հայու­թեան իր այս տա­րուայ աշ­խա­տու­թեան հունձքով։ Պա­րարուես­տի ոլոր­տէ ներս «Մա­րալ» ապա­հոված է որոշ աւան­դութիւն մը, որու հե­տեւան­քով ու­նե­ցած է նաեւ հե­տեւող­նե­րու զգա­լի թիւ մը։ Քա­ղաքիս մէջ բնաւ քիչ չեն այն գե­ղարուես­տա­սէր­նե­րը, որոնք մեծ ոգե­ւորու­թեամբ կը հե­տեւին այս խումբի բե­մադ­րած մի­ջոցա­ռումնե­րուն։ Սոյն զան­գուածը այս տա­րի կրկին գո­հու­նա­կու­թիւնը վա­յելեց դի­տելով «Մա­րալ»ի բա­ւակա­նին լաւ պատ­րաստուած պա­րային ներ­կա­յացու­մը։ Պոլ­սոյ խումբե­րու հա­մար մե­ծագոյն դժուարու­թիւնը կը գո­յանայ հան­դի­սատե­սի մօտ կրկնու­թեան տպա­ւորու­թիւն թո­ղելու մտա­հոգու­թիւնով։ Բա­ւական դժուար յաղ­թա­հարե­լի երե­ւոյթ մըն է այս, քա­նի որ իս­կա­պէս դժուար է նոյն հան­դի­սատե­սին ամէն տա­րի բո­լորո­վին նոր պատ­րաստուած յայտագիրով մը ներ­կա­յանալ։ Ար­դա­րեւ «Մա­րալ»ի վա­րիչ­ներն ալ կը տա­ռապին նոյն դժուարու­թե­նէն։ Այս առու­մով հան­դի­սատե­սի մէկ մա­սը կրնար դժգո­հիլ, պնդե­լով թէ ար­դէն իրեն ծա­նօթ պա­րեր են բե­մադ­րուածը։ Սա­կայն այստեղ պար­տինք ար­դար ըլ­լալ եւ հարց տալ թէ՝ ամէն տա­րի որ­քա­նո՞վ կրնայ փո­խուիլ, այսպի­սի բե­մադ­րութեան մը պա­րացան­կը, քա­նի որ սահ­մա­նափակ են ար­դէն առ­կայ պա­րերը։ Ու­րեմն մե­զի կը մնայ այդ նա­խապէս դի­տուած­նե­րու կա­տարու­մին յա­ջողու­թիւնը կամ թե­րու­թիւնը տես­նել։ Վեր­ջա­պէս այդ պա­րերէն ոմանք ար­դէն դա­սակա­նացած են եւ նոյ­նիսկ շատ աւե­լի ար­հեստա­վարժ պայ­մաննե­րու մէջ ալ յա­ճախ կը բե­մադ­րուին կրկնու­թեան նոյն տպա­ւորու­թեան տե­ղի տա­լով։ Ու­րեմն մեզ հան­դի­սատե­սին կը վի­ճակի տես­նել անոնց կա­տար­ման յա­ջողու­թիւնը։ Այս առու­մով ալ ան­վա­րան պի­տի ըսենք թէ «Մա­րալ» երգ ու պա­րի ան­սամպլը յա­ջողած է իր առա­քելու­թեան մէջ, ձեռքբե­րելով կա­տարո­ղական բարձր մա­կար­դակ մը։ Բաղ­դատմամբ նա­խորդ ներ­կա­յացումնե­րու պա­րող­նե­րը շատ աւե­լի լաւ մար­զուած էին։ Մա­նաւանդ իգա­կան սե­ռի դաս­տա­կի ճկուն գոր­ծա­ծու­թիւնը ու­շագրաւ էր։ Նոյնպէս ու­շագրաւ էր ամ­բողջ կազ­մի հա­մաչա­փու­թիւնը պա­րերու ըն­թացքին։ Բայց տա­կաւին կար աւե­լին։ Այս ան­գամ «Մա­րալ» -Անոնց եր­գե­րը պար, պա­րերը երգ էին- կար­գա­խօսի մէջ, երբ կը ներ­կա­յաց­նէր հայ երաժշտու­թեան չորս մեծ հսկա­ները՝ Կո­միտաս վար­դա­պետ, Սա­յաթ Նո­վա, Խա­չատուր Աւե­տիսեան եւ Արամ Խա­չատու­րեան, կող­քին հրա­շալի մեկ­նա­բանու­թեամբ եւ գրա­կան ըն­տիր ոճով կը մա­տու­ցուէր նաեւ անոնց վաս­տա­կին խոր իմաս­տը։

Եթէ շա­րու­նա­կենք նոյն կար­գա­խօսով, մե­զի հա­մար պա­րը երգ է, եր­գը բա­նաս­տեղծու­թիւն, բա­նաս­տեղծու­թիւնը աղօթկամ գրա­կանու­թիւնը գո­յամարտ։ Այս առու­մով շատ հա­ճելի էր «Մա­րալի» վա­րիչ­նե­րուն երգ ու պա­րը գրա­կանու­թիւնով շաղ­կա­պելու փոր­ձը։

Եթէ «Մա­րալ»ի օրի­նակին մէջ անու­րա­նալի նուիրեալ հսկայ մը դար­ձած են Կար­պիս եւ Իրիս Չափ­քան ամո­լը, թա­տերա­կան ու աս­մունքի ոլորտնե­րու մէջ ալ պոլ­սա­հայ գե­ղարուես­տա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մե­ծագոյն հարստու­թիւնը եղած է վա­յելել Հա­յաս­տա­նի գե­ղարուես­տա­կան կրթու­թիւնով պատ­րաստուած դե­րասան Արամ Կոս­տա­նեանի վաս­տա­կը։

7 Մա­­յիս Կի­­րակի երե­­կոյ Էսա­­յեան Սա­­նուց Միու­­թեան վե­­րակազ­­մութեան 70-ամեակին ձօ­­նուած «Մա­­րալ»ի պա­­րային ներ­­կա­­­յաց­­ման մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը եր­­կար ժա­­մանակ պի­­տի մատ­­նուին Արամ Կոս­­տա­­­նեանի աս­­մունքին պատ­­ճա­­­ռած ոգե­­ւորու­­թեան տրա­­մադ­­րութեան մէջ։

Իսկ եթէ պի­­­տի խօ­­­սինք թե­­­րացումնե­­­րու շրջա­­­նակով, պոլ­­­սա­­­­­­­հայ իրո­­­ղու­­­թեան մէջ երգ ու պա­­­րի հա­­­մոյթնե­­­րը մեր ըն­­­կա­­­­­­­լումնե­­­րուն մէջ դրոշ­­­մուած են բե­­­մին վրայ երգչա­­­խումբի մը գո­­­յու­­­թիւնով։

Թա­­­թուլ Ալ­­­թունեանի անուան եր­­­գի ու պա­­­րի ան­­­սամպլի պար­­­զած այդ պատ­­­կե­­­­­­­րը եր­­­կար տա­­­րիներ իւ­­­րա­­­­­­­ցուած է Պոլ­­­սոյ նման բնոյ­­­թով խումբե­­­րու կող­­­մէ ալ։ Վեր­­­ջերս այդ կազ­­­մե­­­­­­­րու բա­­­ցակա­­­յու­­­թիւնը ափ­­­սոս որ կը տկա­­­րաց­­­նեն բե­­­մը։ Հայստան­­­ցի ար­­­հեստա­­­վարժ նուագա­­­ծու­­­նե­­­­­­­րէ բաղ­­­կա­­­­­­­ցող կազ­­­մը ան­­­թե­­­­­­­րի էր իր կա­­­տարումնե­­­րուն մէջ։ Նմա­­­նապէս յա­­­ջող էին եր­­­կու հիւր մե­­­նակա­­­տար­­­ներ՝ Արաք­­­սիա Ամիր­­­խա­­­­­­­նեան եւ Էտ­­­կար Խա­­­չատու­­­րեան։ Սա­­­կայն աչ­­­քե­­­­­­­րէն չէր վրի­­­պեր նաեւ Արաք­­­սիա Խա­­­չատ­­­րեանի եր­­­գե­­­­­­­րու բա­­­ռերուն մէջ ապ­­­րած ձա­­­խողու­­­թիւնը։ Մե­­­զի հա­­­մար որ­­­քան ալ ձանձրոյթ պատ­­­ճա­­­­­­­ռէ պի­­­տի չհրա­­­ժարինք այս տե­­­սակի հա­­­մերգնե­­­րու ըն­­­թացքին հետզհե­­­տէ ձանձրա­­­ցու­­­ցիչ դար­­­ձած եւ ներ­­­կա­­­­­­­յացուած գե­­­ղարուես­­­տա­­­­­­­կան մի­­­ջոցա­­­ռու­­­մին ստուեր պատ­­­ճա­­­­­­­ռող փլա­­­քէթ­­­նե­­­­­­­րու տու­­­չութեան արա­­­րողու­­­թիւննե­­­րու մա­­­սին մեր քննա­­­դատու­­­թիւննե­­­րէն։ Կա­­­տարուած այս կամ այն նպաս­­­տին մա­­­սին շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թիւն յայտնե­­­լը ու­­­րիշ բան է, շռնդա­­­լից ելոյթնե­­­րով ձանձրա­­­ցու­­­ցիչ դառ­­­նա­­­­­­­լը ու­­­րիշ բան։ Ափ­­­սոս որ «Մա­­­րալ» իր ներ­­­կա­­­­­­­յացումնե­­­րու առա­­­ջին տա­­­րինե­­­րէն սկսեալ այս ախ­­­տի ռահ­­­վի­­­­­­­րան եղած է եւ դժբախ­­­տա­­­­­­­բար յա­­­ջողած է վա­­­րակել քա­­­ղաքիս բազ­­­մա­­­­­­­թիւ երգչա­­­խումբերը կամ պա­­­րախումբե­­­րը։

Եզ­­­րա­­­­­­­կաց­­­նենք ըսե­­­լով թէ «Մա­­­րալ» իր այս տա­­­րուայ հա­­­մեր­­­գով ան­­­գամ մը եւս ապա­­­ցու­­­ցեց թէ ան պար­­­ծանքի պատ­­­ճառնե­­­րէն մէկն է բո­­­վան­­­դակ պոլ­­­սա­­­­­­­հայու­­­թեան հա­­­մար իր գե­­­ղարուես­­­տա­­­­­­­կան, մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին հա­­­մայ­­­նա­­­­­­­պատ­­կե­­­րին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ