ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՊՂԻՆՁ

Արժէքը պատմութեան մէջ է

- Գանձանա՜կ կ՚ու­զէք…

- Այո, պղնձեայ հին գան­ձա­նակ մը։ Դպրո­ցին մէջ դրա­մահա­ւաք ու­նինք, հայ­կա­կան ծա­ռատունկ ծրագ­րի հա­մար։ Նուիրա­տուու­թիւննե­րը անոր մէջ կ՚ու­զենք հա­ւաքել։

- Պղնձեայ գան­­ձա­­­նակ… Մէկ հատ ու­­նէի… Մա­­միկո­­նեան վար­­ժա­­­­րանի գան­­­ձա­­­­­­­նակը։ Նա­­­յիմ, ո՞ւր դրեր եմ։

Հնա­­­վաճառ Մու­­­րա­­­­­­­տին խա­­­նութն է։ Մեծ շու­­­կա­­­­­­­յի հնա­­­գոյն ան­­­կիւննե­­­րէն մէ­­­կը։ Ինչպէս ամէն վա­­­ճառա­­­կան՝ Մու­­­րատն ալ ու­­­նի իր մաս­­­նա­­­­­­­գիտու­­­թիւնը… պղնձեայ իրեր։ Մինչ ան գե­­­տին շա­­­րուած կամ պա­­­տերէն կա­­­խուած սկու­­­տեղնե­­­րու, կաթ­­­սա­­­­­­­ներու, ջրա­­­ման­­­նե­­­­­­­րու, խնկա­­­ման­­­նե­­­­­­­րու, թէ­­­յաման­­­նե­­­­­­­րու, սրճա­­­ման­­­նե­­­­­­­րու, պնակ­­­նե­­­­­­­րու, սկիհ­­­նե­­­­­­­րու եւ երաժշտա­­­կան գոր­­­ծիքնե­­­րու բազ­­­մութեան մէջ կը փնտռէ մեր ու­­­զած գան­­­ձա­­­­­­­նակը, կը սկսինք խօ­­­սիլ պղին­­­ձի կի­­­սափայ­­­լուն պատ­­­մութեան եւ «պղինձ» բա­­­ռի մա­­­սին։

- Մու­­­րատ, պղին­­­ձը ան­­­շուք եւ լուռ հե­­­րոս մըն է։ Թէեւ ան չու­­­նի ոս­­­կիի եւ ար­­­ծա­­­­­­­թի համ­­­բաւն ու ար­­­ժէ­­­­­­­քը, մեր տու­­­նե­­­­­­­րէն ներս, որ­­­պէս մե­­­տաղ, աւե­­­լի շատ պղինձն է որ կը գոր­­­ծա­­­­­­­ծենք։

- Պղնձեայ ի՜նչ առար­­­կա­­­­­­­ներ ան­­­ցած են ձեռ­­­քէս… Հա­­­յերէն փո­­­րագ­­­րութիւննե­­­րով շատ ան­­­գամ։

- Հա­­­յը եւ պղին­­­ձը… Կար­­­նոյ մէջ՝ պղինծ, Սե­­­բաս­­­տիոյ մէջ՝ բղինձ, Ար­­­ցա­­­­­­­խի մէջ՝ պղէնձ… Մու­­­րատ, որ­­­պէս բառ, շատ հին է ան։ Ծա­­­գու­­­մը ան­­­յայտ։ Ըստ մեր լե­­­զուա­­­բան­­­նե­­­­­­­րու, իրա­­­նական փո­­­խառու­­­թիւն է։ Բու­­­նը «բի­­­րինճ» կամ «պի­­­րինճ»։ Նոյն ար­­­մա­­­­­­­տէն եկած ըլ­­­լալ կը կար­­­ծուին հին վրա­­­ցերէն «պի­­­լեն­­­ձի», ար­­­դի վրա­­­ցերէն «սպի­­­լեն­­­ձի» բա­­­ռերը։

- Իսկ որ­­­պէս մե­­­տաղ պղին­­­ձը զուտ հայ­­­կա­­­­­­­կան է։ Քա­­­րէ դա­­­րին փո­­­խարի­­­նեց Պղնձէ դա­­­րը, երբ Հայ­­­կա­­­­­­­կան լեռ­­­նաշխար­­­հը սկսաւ օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծել բնա­­­ծին պղին­­­ձը եւ անոր տալ իր ու­­­զած ձե­­­ւը։ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի պատ­­­մութեան թան­­­գա­­­­­­­րանի մէջ ես տե­­­սած եմ պղին­­­ձէ շի­­­նուած հնա­­­դարեան զէն­­­քեր եւ զար­­­դե­­­­­­­ղէն­­­ներ։

- Ան զար­­­դա­­­­­­­րած է նաեւ մեր լե­­­զուն։ Ու­­­նինք «պղինձ»ով շի­­­նուած բազ­­­մա­­­­­­­թիւ հին ու նոր բա­­­ռակա­­­պակ­­­ցութիւններ, ինչպէս՝ պղինձ ծխեալ, պղինձ հրա­­­քարա­­­յին, պղինձ երփնե­­­րանգ, ան­­­խառն պղինձ, դե­­­ղին պղինձ, կռա­­­նեալ պղինձ, հա­­­տաւոր պղինձ, ձոյլ պղինձ, պղպջեալ պղինձ…

- Այս մե­­­տաղն ալ սեր­­­տօ­­­­­­­րէն կա­­­պուած է մեր կեն­­­ցա­­­­­­­ղին հետ։ Այս ջու­­­րի ամա­­­նը կը տես­­­նէ՞ք։ Կե­­­սարիայէն բե­­­րել տուի։ Ջրա­­­մանը տու­­­նէն աղ­­­բիւր, աղ­­­բիւրէն տուն կրե­­­լու նա­­­զանքն ու կե­­­ցուած­­­քը հա­­­յու­­­հի­­­­­­­ները կը սոր­­­վէին փոքր տա­­­րիքէն։

- Մու­­­րատ, ինչպէս պղին­­­ձը կը սի­­­րէ այլ մե­­­տաղ­­­նե­­­­­­­րու հետ միաձու­­­լուիլ, նոյնպէս՝ «պղինձ» բառն ալ սի­­­րած է բա­­­ղադ­­­րել բարդ բա­­­ռեր։ Այսպէս՝ ու­­­նե­­­­­­­ցեր ենք «պղնձա­­­գործ» բա­­­նուոր­­­ներ, «պղնձա­­­դէմ», «պղնձա­­­մօրուս» եւ «պղնձա­­­հոգի» մար­­­դիկ, «պղնձադ­­­րամ» ձու­­­լած հայ իշ­­­խաններ, «պղնձա­­­զօծ», «պղնձա­­­պատ» եւ «պղնձա­­­փայլ» աման­­­ներ, «պղնձա­­­խառն» մե­­­տաղ­­­ներ, «պղնձա­­­ծածկ» տա­­­նիք­­­ներ, «պղնձա­­­կանանչ» գմբէթ­­­ներ, «պղնձա­­­հան» քա­­­ղաք­­­ներ, «պղնձա­­­գիր» եւ «պղնձա­­­փորագ­­­րիչ» ար­­­հեստա­­­ւոր­­­ներ, շա­­­հաբեր «պղնձա­­­ձու­­­լա­­­­­­­րան­­­ներ» եւ «պղնձա­­­գոր­­­ծա­­­­­­­րան­­­ներ»…

- Վեր­­­ջերս ձեռքս ան­­­ցաւ, կը հա­­­ւատա՞ք, Տիգ­­­րան Դ. թա­­­գաւո­­­րին պատ­­­կա­­­­­­­նող, սքան­­­չե­­­­­­­լիօրէն գե­­­ղատիպ «պղնձեայ» դրամ մը։

- Նոյնչափ պատ­­­կե­­­­­­­րալից է «պղնձա­­­գոյն» ածա­­­կանը, որ սի­­­րեց գու­­­նա­­­­­­­ւորել մեր լեռ­­­նաշխար­­­հը։ Ու­­­նե­­­­­­­ցանք «պղնձա­­­գոյն» սրբա­­­տաշ քա­­­րերով շի­­­նուած Մա­­­կարա­­­վան­­­քի գլխա­­­ւոր եկե­­­ղեցին եւ գա­­­ւիթը, ինչպէս նաեւ՝ Ուղտա­­­սար հնա­­­վայ­­­րի, «պղնձա­­­գոյն» ժայ­­­ռա­­­­­­­բեկոր­­­նե­­­­­­­րու վրայ փո­­­րագ­­­րուած պատ­­­կերներ… Ինչպէ՞ս չյի­­­շել մեր «պղնձա­­­շէկ» լեռ­­­նե­­­­­­­րը… Հայ­­­րե­­­­­­­նի այդ լեռ­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կը, կը վկա­­­յէ Խա­­­չիկ Դաշ­­­տենցը, «պղնձա­­­գոյն» Գրգուռն էր, այդպէս նկա­­­րագ­­­րուած՝ «Ռանչպար­­­նե­­­­­­­րի Կան­­­չը» վէ­­­պին մէջ։ Իսկ այժմ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի լեռ­­­նե­­­­­­­րու մէջ կը շրջի շա­­­հաբեր, բայց երկրի բնու­­­թեան եւ բնակ­­­չութեան հա­­­մար լուրջ վտանգ ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նող նոր բառ մը… պղնձա­­­մոլիպ­­­տեն։

- Եւ ան է, որ յա­­­ճախ ծնունդ կու տայ ար­­­դիւնա­­­բերող­­­նե­­­­­­­րու եւ բնա­­­կիչ­­­նե­­­­­­­րու մի­­­ջեւ բուռն վէ­­­ճերու, չէ՞։

- Դժբախ­­­տա­­­­­­­բար։

- Նա­­­յինք, հոս ի՞նչ կայ… Սկու­­­տեղ մը։ Ձեր գոր­­­ծին չի ծա­­­ռայեր, բայց, գի­­­տէ՞ք, երեք-չորս քի­­­լօ կշռող այս սկու­­­տե­­­­­­­ղը ի՜նչ հարսնիք­­­ներ տե­­­սած է եւ փե­­­սայի տուն գա­­­ցած ժա­­­մանակ, քա­­­նի՜ քա­­­նի ան­­­գամ լե­­­ցուած է խնձոր­­­նե­­­­­­­րով, նուէր­­­նե­­­­­­­րով…

- Իսկ «պղինձ» բա­­­ռի հա­­­մար հարսնիք էր Աս­­­տուածա­­­շունչ մա­­­տեանը։ Անոր հա­­­յերէն թարգմա­­­նու­­­թեան ժա­­­մանակ 179 ան­­­գամ հրա­­­պարակ իջաւ ու շող­­­շո­­­­­­­ղաց։ Բայց, Մու­­­րատ, այս բա­­­ռը շատ գրա­­­ւիչ չե­­­ղաւ մեր գրիչ­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար։ Անոնք նա­­­խընտրե­­­ցին ոս­­­կին, ադա­­­ման­­­դը եւ մար­­­գա­­­­­­­րիտը։ Նոյ­­­նիսկ Նա­­­րեկա­­­ցիի «Մա­­­տեան Ող­­­բերգու­­­թեան» ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւ­­­նը, որ հայ­­­կա­­­­­­­կան բա­­­ռերու մե­­­ծածա­­­ւալ հան­­­դի­­­­­­­սարան մըն է, լուռ կը մնայ «պղինձ» բա­­­ռի առ­­­ջեւ՝ ու­­­նի հե­­­տեւեալ բա­­­նատո­­­ղերը միայն. «Ընդ պղնձոյս գո­­­յի անարգս ձայ­­­նի՝ ինձ ոս­­­կի շնոր­­­հի… Պղինձ պճնե­­­լի՝ ցոյցք առա­­­քինու­­­թեան, հրա­­­շեկ Լի­­­բանա­­­նու։ (Բան Բ.) «Պղինձ» բա­­­ռը միջ­­­նա­­­­­­­դարուն ու­­­նե­­­­­­­ցաւ փայ­­­լուն մէկ-եր­­­կու օր։ Նախ դար­­­ձաւ Լո­­­ռի մար­­­զի մէջ պղին­­­ձի հան­­­քե­­­­­­­րով յայտնի քա­­­ղաք, Պղնձա­­­հանք, ապա այդ քա­­­ղաքի մօտ, պարսպա­­­պատ վանք՝ Պղնձա­­­հան­­­քի վանք, կամ Պղնձա­­­վանք… Իս­­­կա­­­­­­­պէս, հա­­­զուա­­­գիւտ են այն հայ հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րը, որոնք «պղինձ»ին տուած են գրա­­­կան գոր­­­ծա­­­­­­­ծու­­­թիւն։ Մէ­­­կը՝ Դա­­­նիէլ Վա­­­րու­­­ժանն է։ Ահա «Թիապարտնե­­­րը» բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւնը, ուր «պղինձ»ը կը նկա­­­րագ­­­րէ բա­­­րոյա­­­պէս եւ մարմնա­­­պէս ընկճուած մար­­­դը.

«Ետե­­­ւէն բիրտ զի­­­նուոր­­­ներ կը մըտ­­­րա­­­­­­­կեն ան­­­խը­­­­­­­նայ

Թիապարտնե­­­րը բո­­­պիկ, մերկ կըռ­­­նա­­­­­­­կով, գըլ­­­խե­­­­­­­բաց,

Որոնց մար­­­մինն՝ որ ու­­­նէր ան­­­բը­­­­­­­ծու­­­թիւն մար­­­մա­­­­­­­րի,

Այ­­­սօր թուխ է իբ­­­րեւ պղինձ քու­­­րայ մը միշտ հը­­­րամերձ»։

Պղին­­­ձը Եղի­­­շէ Չա­­­րեն­­­ցին շատ հմա­­­յած ըլ­­­լալ կ՚երե­­­ւի։ «Մա­­­հուան Տե­­­սիլ» բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան մէջ ան կը տես­­­նէ «եր­­­կու մարդ սե­­­ւազ­­­գեստ, մռայլ, կրծքե­­­րին պղնձեայ նշան», «պղնձեայ բա­­­շով մի առիւծ» եւ «պղնձեայ ար­­­շա­­­­­­­ւանք», իսկ երեք ան­­­գամ կը լսէ «պղնձեայ հսկայ շե­­­փոր»։

- Այն Չա­­­րեն­­­ցը, որ հա­­­լածուած էր եւ բան­­­տարկուած, այժմ արե­­­ւի պէս կը փայ­­­լի։ Կը յի­­­շեմ դար­­­ձուածք մը. «Ոս­­­կիին ոս­­­կի ըսել, պղին­­­ձին՝ պղինձ»։ Ան­­­կեղծօ­­­րէն, մե­­­տաղը չէ, որ այս առար­­­կա­­­­­­­ներուն ար­­­ժէք կու տայ, այլ՝ անոնց ան­­­ցեալը։ Նա­­­յեցէք սա աման­­­նե­­­­­­­րու փո­­­րագ­­­րութիւննե­­­րուն, «Մահ­­­տե­­­­­­­սի Մը­­­կըր», «Նալ­­­պանտ Նի­­­կողոս»… Անոնք մեր մօ­­­տիկ եւ հե­­­ռաւոր ան­­­ցեալի ակա­­­նատես­­­ներն են։ Ինչպէս նաեւ… ահա, գտայ, այս գան­­­ձա­­­­­­­նակը։ Փո­­­շին կը մաք­­­րեմ, յա­­­տուկ դեղ ալ ու­­­նինք, կը փայ­­­լեցնենք։

- Ի՞նչ գրուած է վրան… «Ի նպաստ Մա­­­միկո­­­նեան երկսեռ վար­­­ժա­­­­­­­րանաց, 1909… Նոր-Գիւղ»։ Հրաշք է… Ի՞նչ է գի­­­նը։

- Գի՜նը… 100 տա­­­րի առաջ Մա­­­միկո­­­նեանի աշա­­­կերտնե­­­րը վար­­­ժա­­­­­­­րանի ի նպաստ հան­­­գա­­­­­­­նակու­­­թիւն կա­­­տարեր են։ Իսկ այժմ նոյն գան­­­ձա­­­­­­­նակի մէջ դրամ պի­­­տի հա­­­ւաքուի Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ ծառ տնկե­­­լու հա­­­մար… Այս պղնձեայ գան­­ձա­­­նակը նուէր կու տամ։ Եւ, ին­­ծի ար­­տօ­­­նեցէք առա­­ջին նուիրա­­տուն ըլ­­լալ։

Մու­­րա­­­տը գրպա­­նէն կը հա­­նէ թղթադ­­րամ մը, կ՚ոլո­­րէ զայն ու կը նե­­տէ գան­­ձա­­­նակի կլոր ըն­­դունա­­րանէն ներս։

-Մու­­րատ, իսկ ին­­ծի կը մնայ աշա­­կերտնե­­րուն բա­­ցատ­­րել, թէ ար­­ժէ­­­քը մե­­տաղի մէջ չէ, այլ՝ պատ­­մութեան եւ նպա­­տակին մէջ։