Ընտրութիւնը կամք կը պահանջէ

Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողանի 24 Ապրիլի առթիւ հրատարակած պատգամը կ՚աւարտէր պատրիարքական ընտրութեան շուտափոյթ կերպով իր աւարտին հասնելու մասին բարեմաղթանքով։ Այսքանը բաւական եղաւ, որ հայ համայնքը կրկին յուսադրուի թէ ընտրութեան գործընթացը թափ պիտի ստանայ։ Լսումներ տեղի ունեցան թէ Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան եւ Արամ Եպիսկոպոս Աթէշեան այս զարգացումէն ետք հանդիպում մը ունեցած են։ Իսկոյն կապ հաստատեցինք Սահակ Սրբազանի հետ ու ինք նախընտրեց գրաւոր կերպով պատասխանել մեր ուղղած հարցումներուն։ Ըստ Մաշալեանի տուած տեղեկութեան Արամ Սրբազան այս պահուն կը խուսափի պետութեան դէմ նոր պահանջ մը ներկայացնելէ։ Ստորեւ կու տանք Սահակ Սրբազանի բացատրութիւնները.

«Նախ կ՚ուզեմ յայտնել թէ ոչ միայն այս մանրամասնութիւնը այլ իր էութեամբ նախագահի պատգամը բոլորովին բնական եւ մխիթարական էր։ Ան կարդալով նկատեցինք թէ պետական մարմինները տեղեակ են մեր մատ­նուած դժուարու­թիւննե­րուն։ Կ՚ու­զեն մեզ քա­ջալե­րել։ Ան­շուշտ որ շատ դրա­կան զար­գա­ցում մըն է այս։ Սա­կայն կայ նաեւ «բայց» ըսե­լու ար­ժա­նի պա­րագայ մը։ Հե­տեւեալն է այդ, եթէ մենք չդի­մենք պէտք եղած քայ­լե­րուն,ö կա­տարուածը կրնայ մնալ լոկ բա­րեմաղ­թանք մը։ Նա­խադա­սու­թեան վեր­ջա­ւորու­թեան նա­խագա­հը կ՚ըսէ -ձեր կա­տարե­լիք աշ­խա­տու­թիւննե­րուն մէջ յա­ջողու­թիւն կը մաղ­թեմ- զգոյշ ըն­թերցու­մով մը դիւ­րաւ կրնանք տես­նել այստեղ թաք­նուած քննա­դատա­կան ոճը»։

Իսկ աս­կէ՞ վերջ

«Ան­շուշտ որ մեր մեկ­նա­կէտը պի­տի ըլ­լայ եկե­ղեցա­կան իրա­ւակար­գը։ Վեր­ջա­պէս այս մէ­կը եկե­ղեցա­կան խնդիր մըն է եւ միայն որոշ մէկ երե­սակով կրնայ հե­տաքրքրել պե­տու­թիւնը։ Նա­խագա­հի տո­ղերն ալ այդ կ՚ապա­ցու­ցեն։ Այնտեղ չէ ըսուած որ մենք ար­տօ­նած ենք գա­ցէք կա­տարեցէք ինչպէս որ պի­տի ըլ­լայ։ Ըստ մեր եկե­ղեցա­կան կա­նոնագ­րութեան պատ­րիար­քի ընտրու­թիւնը աշ­խարհա­կան կը դառ­նայ Պատ­րիարք ընտրե­լու որո­շու­մին կա­յացու­մով եւ ապա կար­գա­դիր յանձնա­խումբի մը կազ­մութիւ­նով։ Ճիշդ այդ պա­հուն է որ պե­տու­թիւնը իրա­զեկ կը դար­ձուի կա­յացած որո­շու­մէն եւ կը պա­հան­ջուի միայն մէկ ան­գա­մի յա­տուկ ընտրու­թեան թոյլտուու­թիւն։ Մին­չեւ այդ դի­մու­մը ընտրու­թեան գոր­ծընթաց­քը կը շա­րու­նա­կուի եկե­ղեցիի կա­նոն­նե­րով։ Մենք ալ այդ կա­նոն­նե­րու հա­մաձայն 26 Հոկ­տեմբեր 2016-ին ար­դէն իր պաշ­տօ­նը կա­տարե­լու կա­րողու­թիւնը կորսնցու­ցած Մես­րոպ Բ. Պատ­րիար­քը հանգստեան կո­չեցինք։ Քա­նի որ աթո­ռը թա­փուր էր ձեռ­նարկե­ցինք նոր պատ­րիար­քի ընտրու­թեան։ 15 Մարտ 2017-ին Հո­գեւո­րակա­նաց Խոր­հուրդը կա­տարեց տե­ղապա­հի ընտրու­թիւն։ Կը պատ­րաստուէինք յա­ջոր­դող տա­սը օրե­րու ըն­թացքին յանձնա­խումբ մը կազ­մելով պե­տու­թեան մօտ դի­մում մը կա­տարե­լու։ Բայց այս ըն­թացքը խա­փանուեցաւ պար­զա­պէս այն պատ­ճա­ռաւ, որ այս որո­շումնե­րը չէինք փո­խան­ցած պե­տական մար­միննե­րուն։ Վեր­ջա­պէս բա­ցի եկե­ղեցա­կան աւան­դա­կան կա­նոն­նե­րէ մեր եկե­ղեց­ւոյ սահ­մա­նադ­րութիւնն ալ նոյն բա­նը կը պա­հան­ջէ։ Սահ­մա­նադ­րութեան երկրորդ յօ­դուա­ծին մէջ ալ յստա­կօրէն նշուած է այս հան­գա­ման­քը։ Հոն կ՚ըսուի թէ նման դրու­թեան մէջ հո­գեւո­րաց եւ աշ­խարհա­կան­նե­րու խոր­հուրդնե­րը միաս­նա­բար կ՚ընտրեն տե­ղապահ մը ու ապա վա­ւերա­ցում կը ստա­նան Մեծ Դու­ռէն։ Այ­սինքն մենք պե­տու­թիւնը իրա­զեկ պէտք է դարձնէինք ոչ թէ տե­ղապա­հի ընտրու­թե­նէն առաջ, այլ ան­մի­ջապէս ետք։ Բնա­կան է որ պե­տու­թիւնն ալ, հա­մայնքն ալ այս մա­սին որոշ տա­տամ­սումներ ապ­րին, քա­նի որ մեր պատ­մութեան մէջ խիստ հա­զուա­դէպ երե­ւոյթ մըն է պա­տահա­ծը։ Այս բո­լորը նկա­տի ու­նե­նալով է որ դրա­կան կը հա­մարենք Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հի փո­խան­ցած պատ­գա­մը։ Վեր­ջա­պէս ապօ­րինու­թիւն մը չէ, այլ կա­նոնի զան­ցա­ռու­թիւն մը պար­զա­պէս։ Հի­մա ամե­նակարճ ժա­մանա­կի մէջ մե­զի կը վի­ճակի պե­տու­թեան հետ կապ հաս­տա­տել եւ պատ­շաճ ձե­ւով փո­խան­ցել եղա­ծը եւ յետ այ­սու ըլ­լա­լիք­նե­րը։ Ան­կէ ետք պէտք է անցնինք կար­գա­դիր յանձնա­խումբի կազ­մութեան։ Այստեղ մեր դի­մաց յայտնուած գլխա­ւոր դժուարու­թիւնը երկգլխա­նի երե­ւոյթն է։ Յստակ չէ թէ, ո՞վ ին­չո՞վ լիազօ­րուած է։ Տե­ղապա­հը, թէ՞ փո­խանոր­դը պէտք է դի­մում կա­տարեն։ ՎԱ­ՏԻՓ-ի վեր­ջին ժո­ղովին ընդհա­նուր հա­մոզում կա­յացաւ, թէ Պա­րոն Շի­րինօղ­լուն ստանձնէ ժամադրութիւն ապահովելու խնդիրը։ Ինք ալ խոստացաւ կարելին ընելու մասին։ Կը կարծեմ թէ մօտ ատենէն ամէն ինչ կը յստականայ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ