ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
29-30 Ապրիլ թուականներուն Զմիւռնիոյ մէջ կայացաւ «Ալան Քուրտի Բ. Գաղթականութեան Գիտաժողով»ը։ Ժողովը կազմակերպուած էր «Ժողովուրդներու Կամուրջը» անուն հասարակական կազմակերպութեան կողմէ։ Այս միութիւնը կազմուած է ակադեմական շրջանակներու նախաձեռնութեամբ եւ կը զբաղի Իզմիրի եւ մօտակայ քաղաքներու մէջ ապաստանած գաղթականներու խնդիրներով։ Ինչպէս կարելի է ենթադրել այդ խնդիրները բազմաբնոյթ են եւ միութիւնը յանձն կ՚առնէ ընկերային, քաղաքական, իրաւական, առողջապահական կամ տնտեսական ամէն տեսակ դժուարութեան համար ձեռք մեկնել գաղթականներուն։ Ինչպէս Թուրքիոյ զանազան քաղաքներ Զմիւռնիոյ մէջ ալ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն խոյս տուած բազմաթիւ ժողովուրդ ապաստան գտած են այս քաղաքին մէջ։ Միութիւնը ամէն ջանք գործադրելով կը հասնի անոնց եւ կը թեթեւցնէ իրենց դիմաց ծառացած խնդիրներու յաղթահարումը։ Երկօրեայ գիտաժողովի ընթացքին կատարուեցան զանազան զեկուցումներ։ 29 Ապրիլի առաւօտուն միջոցառման բացումը կայացաւ միութեան ատենապետ վիրահատ Ճեմ Թերզիի ելոյթով։ Ճեմ Թերզի իր ելոյթով անդրադարձաւ գաղթականներու իրաւական կարգավիճակին. «Թուրքիա աւելի քան չորս միլիոն գաղթականներ ընդունած է Սուրիոյ պատերազմին պատճառաւ։ Սակայն ափսոս որ անոնք Թուրքիոյ մէջ չեն ընդունուած որպէս գաղթական։ Այսպէսով ալ չեն օգտուիր գաղթականներու ընձեռուած համաշխարհային իրաւունքներէ։ Կառավարութիւնը զիրենք կը կոչէ իբրեւ հիւր։ Հիւրը՝ ինչպէս բառն ալ կը պարզէ, օրինական ակնկալութիւն մը չի կրնար ունենալ եւ կը ստիպուի իրեն մատուցուածով գոհանալու։ Մենք կոչ կ՚ուղղենք բոլոր երկիրներուն որպէսզի իրենց դռները բանան գաղթականներու դիմաց, միշտ յարգելով անոնց միջազգային սկզբունքներով հաստատուած իրաւունքները»։ Ապա նոյն նիւթը ընդարձակեց Սերտար Թեքին, այս անգամ խնդիրը դիտելով իրաւական գետնի վրայ։
Փրոֆ. Զերրին Քուրտողլու Շահինի վարած երկրորդ նիստի ատենախօսներն էին Բագրատ Էսդուգեան եւ իրֆան Աքթան։ Էսդուգեան շուրջ հազար տարուայ անցեալէ մը մեկնելով նկարագրեց հայ գաղթականութեան պատմութիւնը։ Օրինակներ թուեց օտար արշաւիչներու յարձակումներուն, դաւանանքային կռիւներուն կամ գահի վէճերուն հետեւանքով կատարուած զանգուածային գաղթերէն։ Այսպէս անդրադարձաւ Սենեքերիմ թագաւորի կամ Համամ Ամատունիի իրենց ժողովուրդները հաւաքելով դէպի Սեբաստիա կամ Համշէնի լեռնադաշտեր զանգուածային գաղթերուն։ Ու նշեց նաեւ Թոնտրակեցիներու ապստամբութիւնը կամ Պաւլիկեաններու շարժումը, որոնց պատճառաւ հայ ժողովուրդի կարեւոր մէկ զանգուածը հարկադրուեցաւ նոյնիսկ մինչեւ հեռաւոր Լեհաստան գաղթելու։ Իրֆան Աքթան ալ իր կարգին քննարկեց Օսմանեան Կայսրութենէ ներս բնակչութեան տեղակայման խնդիրները, որոնք կայացած էին բծախնդրօրէն մշակուած ծրագիրներու հիման վրայ։ Տողա Էլչին Այտողան նոյնպէս նիւթ առաւ Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիական օրէնքի թելադրանքները եւ անոնց հետ հակասող կարգադրութիւնները։ Պետութիւնը պահանջուած պահուն դիւրաւ կը ոտնակոխէ իր իսկ նշանակած կանոնները ըսաւ Այտողան։
30 Ապրիլ Կիրակի օրուայ առաջին նիստին այս անգամ Սուրիայէն եկած մասնագէտ մը Ասատ Ալ Աշճի, որ համառօտ, բայց խիստ բովանդակալից կերպով ներկայացուց Սուրիոյ վերջին 80 տարիներու քաղաքական անցուդարձերը։ «Մեր երկիրը ձեւաւորուած է թրքական տիրապետութենէ ազատուելէ ետք։ Ազատ Սուրիոյ մէջ իսկ Սուրիական մանդատը շարունակուեցաւ մինչեւ 1945։ Այդ թուականէն ետք է որ սկսան զինուորական հարուածներով կատարուած իշխանափոխութիւններ։ Որոնց վերջինը եղաւ Հաֆըզ Ասատի կատարածը։ Այդ իշխանութեան տակ երկիրը վերածուեցաւ ոստիկանական պետութեան, ուր երկրի լրաքաղութեան ծառայութիւնը՝ «Ալ Մուհապերաթ» մատնութիւններու հիման վրայ ստեղծեց վախի թագաւորութիւն մը։ Այս պայմաններուն մէջ հասարակութեան մօտ զարգացաւ տարբեր բնոյթի բեւեռացումներ։ Լայիքներու դէմ հակալայիքներ, աղքատներու դէմ հարուստներ, իսլամներու դէմ ալեւիներ կամ քրիստոնեաներ, արաբներու դէմ քիւրտեր եւ այսպէս անհամար հակազդեցութիւն…»։
Ասատ Ալ Աշչի յիշեց որ այս իրարու հակադրուած բոլոր կողմերը օտար երկիրներու մէջ ունին իրենց դաշնակիցները, որոնք առկայ տարակարծութիւնները կը շահագործեն իրենց խնդիրներուն ի նպաստ։
Տողուշ Շիմշեք զեկուցեց համաշխարհային առումով մեր ժամանակներու կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկուն շուրջ։ Ան նիւթ կ՚ունենար տարբեր ազգերու կամ կրօններու պատկանող ժողովուրդներու համատեղ ապրելու փորձերը, յատկապէս օրինակներ թուելով Լիբանանէն։ Ազգամիջեան կռիւներով տառապած այս երկրի ընկերային ենթագիտակցութեան մէջ բաւական արմատացած ընկալում մըն է ժողովուրդներուն համատեղ գոյատեւումը։ Սակայն շարունակելով Օսմանեան Կայսրութեան աւանդութիւնը, ժողովուրդները հոն եւս կը մնային մեկուսացած, նոյն քաղաքին մէջ տարբեր ու իրարմէ անջատ թաղամասերու մէջ ապրելով։ Իսկ ներկայ պայմանները կը պահանջէր աւելի անցումային կենցաղ, աւելի դպչող յարաբերութիւն եւ գտնել հասարակական լուծումներ այդ բոլորը ապահովելու համար։
Մելտա Եաման եւս համաշխարհային տեանկիւնով ներկայացուց գաղթականներու շահագործումը տնտեսական արդիւնաբերութեան մէջ։ Ան խօսեցաւ աշխարհի տարբեր երկիրներւ մէջ աւելի քան 65 միլիոն գաղթականներու ջնջին աշխատավարձերով կեղեքման մասին։ Օրինակներ թուեց Միացեալ Նահանգներու մէջ յիսբանկներուն, Քաթարի մէջ հեռաւոր ասիացիներուն, կամ Թուրքիոյ մէջ սուրիացիներուն շահագործման երեւոյթներէն։
Զարմանալի հակասութիւն էր գաղթականներու շահագործումը եւ ապա տուեալ երկիրներու տեղացի աշխատողներու նոյն ինքն այդ շահագործուածներու դէմ ցուցաբերած ատելութիւնը, իբրեւ թէ անոնք ըլլային գործազրկութեան պատճառը։
Արդար ու բարի միտքը բնական է որ պիտի տայ նոյնքան բարի արդիւնք։ Ահա այս է որ մտածել կու տայ «Ժողովուրդներու Կամուրջը» միութեան այս նախաձեռնութիւնը։ Անշուշտ կարելի է թերահաւատքգտնուիլ եւ հարց տալ թէ այս ու նման միջոցառումներ ինչպէ՞ս կրնան նպաստել գաղթականներու մատնուած այդ անտանելի դժուարութիւններուն։ Պէտք չէ մոռնալ որ գիտակցութիւն կոչուածը իր կարգին միտքերու փոխանակումով ապահովուած կուտակում մըն է եւ այս համագումարն ալ այդ առումով ամբողջովին կ՚արդարանայ իր տարած աշխատութիւնով։