Պարոնեանի ակնոցով

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Գրչակից բարեկամս՝ Յովհաննէս Քըլըչտաղ, վերջերս իր սիւնակին մէջ կը գրէր, թէ Աթէ­շեանին նա­յելու ժա­մանակ կը տես­նէ Մո­լիէրի կեր­պարնե­րէն մէ­կը՝ «ծի­ծաղե­լի ու միան­գա­մայն խղճա­լի՝ իր տկա­րու­թիւննե­րով, պա­շարումնե­րով, աժա­նագին խո­րաման­կութեամբ»։ Ու կը շա­րու­նա­կէր. «Ինչքա՜ն կա­րիքն ու­նինք Յա­կոբ Պա­րոնեանի մը, որ կա­րենար պատ­մել այս մար­դը»։

Ահա­ւասիկ փորձ մը։ Իրա­րու միացու­ցած եմ Պա­րոնեանի «Ազ­գա­յին ջո­ջեր»էն եւ այլ գրու­թիւննե­րէն հա­տուած­ներ՝ ստեղ­ծե­լու հա­մար Արամ Աթէ­շեանին ծի­ծաղե­լի մէկ կեր­պա­րը։

Բա­րի վա­յելում...

1954 թուակա­նին ծնաւ Արամ Աթէ­շեան, պատ­րիար­քա­կան փո­խանորդ այն հա­յերուն, որոնք նա­խապա­տիւ կը սե­պեն իրենց ազ­գա­յին իրա­ւունքնե­րը պե­տու­թիւն կո­չուած ան­հասցէ մար­մի­նի մը սպա­սումնե­րուն մէջ տես­նել, քան թէ իրենց ձեռ­քե­րուն մէջ։ Իր ծննդեան գի­շերը ամէն մարդ սկսաւ իրա­րու հարցնել, թէ ին­չո՞ւ գի­սաւոր աստղ չե­րեւե­ցաւ, որով­հե­տեւ նախ­նիք գի­սաւոր­նե­րը չա­րագու­շակ նշան հա­մարե­լով՝ կը հա­ւատա­յին, թէ նախ գի­սաւո­րը կու գայ եւ ապա փոր­ձանքը։

Կը պատ­մեն, թէ ծնունդէն տա­սը օր ետ­քը եկե­ղեցի տա­րուե­ցաւ կնքուելու հա­մար։ Մկտու­թեան ժա­մանակ հասկցուց կեր­պով մը, թէ եր­կար արա­րողու­թիւննե­րէ չա­խոր­ժիր, այնչափ շատ լա­ցաւ, որ մկրտող քա­հանան ստի­պուե­ցաւ կրճա­տել… արա­րողու­թիւնը։ Փա­ռասէր ըլ­լալն ալ հաս­տա­տեց նոյն օրը. երբ կնքա­հայ­րը քա­հանա­յին պա­տաս­խա­նելով կ՚ըսէր, թէ երա­խան հա­ւատք, յոյս եւ սէր կը խնդրէ, մէ­կէն ի մէկ կնքա­հօր գիր­կէն նե­տուե­լով՝ երա­խան պատ­րիար­քութիւն կը խնդրէ, պո­ռաց։ Կնքա­հայ­րը իր սա­նին սիր­տը չկոտ­րե­լու հա­մար՝ սէ­րը վեր­ցուց եւ տե­ղը պատ­րիար­քութիւն դնե­լով կրկնեց. երա­խան հա­ւատք, յոյս եւ պատ­րիար­քութիւն կը խնդրէ։ Տե­ղապա­հու­թիւն ալ կը խնդրեմ, կրկնեց տղան. կնքա­հայ­րը, որ վար­ժուած էր զա­ւակին տալ ինչ որ ու­զէր, չհա­մար­ձա­կեցաւ սա­նին ու­զա­ծը մեր­ժել. ուստի հա­ւատք բա­ռին տեղ տե­ղապա­հու­թիւն դնե­լով ըսաւ՝ երա­խան տե­ղապա­հու­թիւն, յոյս եւ պատ­րիար­քութիւն կը խնդրէ։

-Հա­պա հա­ւա՞տքը։

-Հի­մակու­հի­մա թող մնայ այն, պա­տաս­խա­նեց երա­խան։

Իր անու­նը ան­մա­հաց­նե­լու հա­մար կը փա­փաքէր հա­մայնքին բա­րու­թիւն ընել, այնպէս վա­րուե­լով անոնց հետ, ինչպէս կը վա­րուի կօշ­կա­կար մը իր աշ­կերտին հետ։ Հա­մայնքա­յին ժո­ղովի մը մէջ որո­շուե­ցաւ օր մը թէ Մես­րոպ պատ­րիարք հի­ւանդ է, տկար է եւ վեր­ջա­պէս է ինչ որ կ՚ու­զէր Աթէ­շեան ընել զայն եւ թէ՝ փո­խանորդ եպիս­կո­պոսի մը կա­րօտ էր։ Ար­դա­րեւ պատ­րիար­քը տկար էր, բայց քա­նի որ իր պաշ­տօ­նը վալս պա­րել չէր՝ իր տկա­րու­թե­նէն վնաս մը չէր գար ազ­գա­յին իրա­ւունքնե­րուն։ Պե­տու­թիւնը հա­ւատք ըն­ծա­յեց իրեն ղրկուած գրու­թեան եւ Աթէ­շեան դար­ձաւ պատ­րիար­քա­կան ընդհա­նուր փո­խանորդ։

Արամ Աթէ­շեան խե­լացի էր հասկնա­լու չափ թէ հա­մայնքը զին­քը եր­բեք պատ­րիարք պի­տի չը­նէ։ Տա­րիներ կ՚անցնէին եւ ան կը տես­նէր, թէ կը շատ­նա­յին գան­գատնե­րը։ Պատ­րիար­քա­կան փո­խանորդ ըլ­լա­լու հա­մար ան­մի­ջապէս պատ­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րուն գրած նա­մակը, որուն պա­տաս­խանն ալ հա­սած էր ան­մի­ջապէս, նոր ընտրու­թիւն մը կա­տարե­լու հա­մար չէր կրնար գրել եւ ու­ղարկել։

Ազ­գա­յին­նե­րը այս հար­ցումը սկսած էին ընել ամէն օր. «Աթէ­շեանին ըսա­ծին նա­յինք նէ, պատ­րիար­քա­րանը պատ­րիար­քի ընտրու­թիւն ընե­լու հա­մար նա­մակ գրած է կու­սա­կալու­թեան։ Մին­չեւ այ­սօր այդ նա­մակին պա­տաս­խա­նը հա­սած չէ։ Ար­դեօք պատ­րիար­քա­րանը այդ նա­մակը փոս­թա­յո՞վ ղրկեց, չէ նէ պատ­րիար­քա­րանի հե­ռագիր­ներն ալ պատ­րիար­քա­րանի գոր­ծե­րուն պէս դան­դաղ կը շար­ժին»։

-Սրբա­զան հայր, խօսք տուած էիք մե­զի, որ մին­չեւ ուրբաթ սպա­սեցէք եւ ձե­զի տե­ղեկու­թիւն կու տամ. ահա այ­սօր ուրբաթ է, ըսէք մե­զի, ընտրու­թեան հրա­մանը եկա՞ւ, թէ չէ։

-Չեմ կրնար բան մը ըսել։

-Չե­կա՞ւ։

-Չեմ կրնար ըսել, թէ չե­կաւ։

-Եկա՞ւ։

-Չեմ կրնար ըսել, թէ եկաւ։

-Ի՞նչ է հա­պա։

-Ես բան մը չեմ գի­տեր։

-Նա­մակը ու­ղարկե­ցի՞ք։

-Կրնայ ըլ­լալ, որ ու­ղարկած ըլ­լամ, կրնայ ըլ­լալ, որ ու­ղարկած չըլ­լամ։

-Որոշ պա­տաս­խան մը չէ՞ք կրնար տալ։

-Չեմ կրնար տալ։ Սպա­սեցէ՛ք։

-Մին­չեւ ե՞րբ սպա­սենք։

-Մին­չեւ որ պա­տաս­խա­նը գայ։

-Պա­տաս­խա­նը ե՞րբ կու գայ։

-Յայտնի չէ։

-Ինչպէ՞ս կրնայ ըլ­լալ որ պա­տաս­խա­նը մին­չեւ այ­սօր եկած չըլ­լայ, երբ աշ­խարհի ան­դիի ծա­րէն քա­նի մը վայրկեանի մէջ ի-մէյլ կու գայ։

-Չեմ կրնար բան մը ըսել։

-Հա­մայնքը հե­տաքրքիր է գիտ­նալ, թէ...

-Դուրս ելէք, կու գամ, կ՚ըսեմ հի­մա։

-Փեք աղէկ։

-Գա­լո՛ւստ, օթօս բեր։

-Պատ­րաստ է, սրբա­զա՛ն, մտէ՛ք…

Վըըըըընննննն...

Կա­թողի­կոս, գե­րագոյն խոր­հուրդ, հա­մայնք խա­բելու աս­տի­ճան սու­տա­սան մը ըլ­լա­լը պի­տի յայտնուէր տե­ղապա­հի հա­մար կա­տարուած ընտրու­թեան ժա­մանակ։ Աթէ­շեան կա­թողի­կոսին ու հա­մայնքին կը խոս­տա­նայ հրա­ժարիլ ու պաշ­տօ­նը յանձնել նո­րըն­տիր տե­ղապա­հին, բայց երբ ո՚չ թէ ին­քը, այլ ու­րիշ մը կ՚ընտրուի այդ պաշ­տօ­նին, Աթէ­շեան ձեռ­քե­րը շփե­լով կը հրա­մայէ եր­կիւղա­ծու­թեամբ, թէ կու­սա­կալու­թե­նէն իրեն ու­ղարկուած նա­մակը թող կար­դա­ցուի։ Տխրու­թիւնը եւ լռու­թիւնը կը թա­գաւո­րէ ժո­ղովին մէջ։ Բայց ի՛նչ օգուտ, պե­տական փո­խանոր­դը միշտ Աթէ­շեանն է։ Հա­մայնքը տես­նե­լով, որ իր ազ­գա­յին իրա­ւունքնե­րը բռնա­բարուած են կու­սա­կալու­թեան նա­մակով՝ զոր Աթէ­շեան ձեռք ան­ցուցած է Աս­տուած գի­տէ ի՚նչ խա­բեբա­յու­թեամբ՝ կը զայ­րա­նան։ Կը հարցնեն Աթէ­շեանին.

-Սրբա­զա՛ն, ազ­գին իրա­ւունքնե­րը բռնա­բարուած են այս նա­մակով։

-Ին­ծի ալ այդպէս կը թուի, կը պա­տաս­խա­նէ Աթէ­շեան ցա­ւակ­ցութիւն յայտնե­լով։

-Կ՚ըն­դունի՞ք որ կու­սա­կալու­թիւնը մեր ազ­գա­յին իրա­ւունքնե­րը յափշտա­կէ։

-Քաւ լի­ցի..., կը պա­տաս­խա­նէ։

-Եր­կու թուղթ գրենք, մէ­կը կու­սա­կալու­թեան, միւ­սը ներ­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան եւ մեր իրա­ւունքնե­րը պաշտպա­նենք։

-Այո՛, գրենք, ո՛չ եր­կու, այլ եր­կու հա­զար թուղթ։ Ին­չո՞ւ մեր իրա­ւունքնե­րը պի­տի յափշտա­կեն, կ՚ըսէ եւ իր ծի­ծաղը ծած­կե­լու հա­մար կը սկսի վա­րի շուրթին տա­կը բու­սած մա­զերը խառ­նել։

Իր ըսե­լով այդ թուղթերն ալ, ժա­մադ­րութեան պա­հանջներն ալ կը գրուին ու կ՚ու­ղարկուին, որոնց պա­տաս­խաննե­րը մին­չեւ այ­սօր եկած չէ։

Տե­ղապա­հական ու փո­խանոր­դա­կան պար­տա­կանու­թիւննե­րը գործնա­կանօ­րէն իր վրայ միացու­ցած է այժմ Աթէ­շեան սրբա­զան, ինչպէս որ նա­խագա­հական ու վար­չա­պետա­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րը գործնա­կանօ­րէն եւ հի­մա ար­դէն իրա­ւակա­նօրէն իր վրայ առած է երկրին նա­խագա­հը, ինչպէս որ հո­գաբար­ձութեան ատե­նապե­տի ու հա­մայնքա­պետի պար­տա­կանու­թիւննե­րը իր վրայ առած է Քա­րափեան էֆեն­տի։ Յայտնի չէ Աթէ­շեանին ինչ ընե­լիքը։ «Սպա­սենք, յու­սանք ու տես­նենք»ը իր նշա­նաբանն է։

Նի­հար կազ­մով, մի­ջին հա­սակով, կարճ մա­զերով մարդ մ՛է Արամ Աթե­շեան։ Եթէ կան փա­փաքող­ներ զին­քը ճանչնա­լու, կը հրա­ւիրուին յի­շել դէմքն այն մար­դուն, որ ստի­պողա­կան գործ մ՚ու­նե­նալով իր եր­թա­լիք տե­ղը շուտ հաս­նե­լու հա­մար՝ իր չգիտ­ցած մէկ փո­ղոցին մէջ կը մտնէ եւ հինգ հա­րիւր քայլ առ­նե­լէն ետ­քը կը տես­նէ, որ այդ փո­ղոցը անել է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ