Թուրքիա անգամ մը եւս արգելքներով կը դիմաւորէ բանուորներու համաշխարհային զօրակցութեան ու պայքարի օրը՝ Մայիս Մէկը։ Ինչպէս նախորդ տարիներ այս տարի ալ թէ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը եւ թէ Իսթանպուլի Կուսակալութիւնը չեն յօժարած Թաքսիմի հրապարակը բանուորներուն տրամադրելու։ Այս մասին ՏԻՍՔ-ի եւ անոր անմիջական զօրակից մարմիններ ՔԵՍՔ (Հասարակական Պաշտօնեաներու Արհմիութիւն), ԹԹՊ (Թուրքիոյ Բժիշկներու Կաճառ) եւ ԹՄՄՕՊ (Թուրքիոյ Ճարտարապետ եւ Ճարտարագէտներու Միութիւն)ի այս ուղղութեամբ կատարած դիմումները անզօր մնացին։ 26 Ապրիլին ՏԻՍՔ-ի կեդրոնական գրասենեակին մէջ կատարուած ժողովէն վերջ սոյն կազմակերպութիւնները որոշեցին Մայիս Մէկի տօնակատարութիւնները անցկացնել Պաքըրգիւղի մէջ։ Այս առթիւ ՏԻՍՔ-ի նախագահ Քանի Պէքօ յայտնեց թէ երկու նիւթեր առաջնահերթ կը դառնան այս տարուայ Մայիս Մէկեան ցոյցերու ընթացքին։ Բանուորները կը բողոքեն նախ խարդախուած հանրաքուէի արդիւնքներուն դէմ։ Պէքօ կը յայտնէ թէ «Ո՛չ» ըսողներու մեծագոյն ձայնը պիտի դառնայ Մայիս Մէկեան տօնակատարութիւնը։ Միւս կողմէ աշխատողներու աշխատավարձքէն պարտադիր խնայելով գոյացած գումարներն ալ նոր կարգադրութիւններով կը յափշտակուին աշխատող դասակարգի ձեռքէն։ «Մեր խնայողութիւնը կառավարութեան միջոցաւ կը տրամադրուի գործատէրերուն, կարելի չէ որ յօժարինք նման կարգադրութեան մը» կ՚ըսէ Պէքօ։
Ի դէմ այս բոլորին վերջին աւելի քան երկու տասնեակէ ի վեր, թէ համաշխարհային գետնի վրայ եւ թէ Թուրքիոյ մէջ խիստ մտահոգիչ է աշխատող դասակարգի պայմանները։ Մայիս Մէկեան տօնակատարութեան ծնունդ տուող գլխաւոր ձեռքբերումը եղած էր ութը ժամուայ աշխատանքային օրուայ սկզբունքը։ Այսօր այդ ձեռքբերումը բոլորովին անհետացած է իր տեղը զիջելով խիստ կամայական նոր դրութեան։ Գործազրկութիւնը հասած է խիստ բարձր համեմատութիւններու եւ որպէս սպառնալիք ձայնազուրկ կը դարձնէ իրաւունք պաշտպանողները։ Այս պայմաններու տակ հիասթափութիւնը կը պատէ նաեւ պայքարելու մեծ կորովով լեցուն բանուոր դասակարգը։