Գարնան ամիսներուն միշտ ծանրաբեռնուած կ՚ըլլայ Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգը։ Խնդրայարոյց օրերը կը սկսի Մարտի 21-ով։ Այդ օր մեր տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն համար Գարնանամուտ է։ Օր ու գիշերի հաւասարուած օրն է այդ։ Սակայն վերջին տարիներուն շնորհիւ քրտական ազգային զարթօնքի, ունեցաւ նաեւ քաղաքական նշանակութիւն։ Քիւրտեր հին աւանդազրոյց մը կը յիշատակեն Նեւրոզի առթիւ։ Դարբին Քաւայի պատմութիւնն է այդ։ Պատմութիւն՝ որ հիւսուած է հերոս Դարբինի կապանքներէն փրկութեան խորհուրդով։ Հին աւանդութեան համաձայն, եթէ հսկայ խարոյկներ կը բոցավառուէին դաշտերու մէջ, քաղաքներու մէջ այդ խարոյկներու տեղ կրակի տրուեցան ինքնաշարժի անիւները։ Եթէ անցեալին ուրախ բացագանչութիւններով երիտասարդներ կը ցատկէին այդ խարոյկի վրայէն, այս անգամ քաղաքական կարգախօսներ, լոզունգներ ու վանկարկումներ կը հնչէին բոցէն աւելի ծուխ արձակող անիւներու վրայէն ցատկողներու շրթներէն։
Հազիւ որ կ՚անցնի Մարտի 21-ը, կը թեւակոխենք Ապրիլ եւ Ապրիլն ալ ունի իր ուրոյն հոգերը։ Այս տարուայ համար Ապրիլի ամենալարուած, ամենասրուած օրը եղաւ ամսուն 16-րդ օրը։ Ինչպէս ծանօթ է երկրի ճակատագրի վրայ խոր ազդեցութիւն ունեցող հանրաքուէ մը կայացաւ այդ օր։ Հանրաքուէն արդէն իր նախապատրաստման փուլին ազդարարութիւններ տուած էր թէ որքան փորձանքաբեր կրնայ ըլլալ։ Արդարեւ քարոզարշաւի շրջանին սկսաւ ոստիկանական բռնութիւններ, որոնց յաջորդեցին մեծ թիւով ձերբակալութիւններ։ Կարծես քարոզարշաւը արգիլուած էր բոլոր անոնց համար, որոնք մտադիր էին մերժել իրենց պարտադրուած սահմանադրական փոփոխութիւնները։
Սահմանադրութիւն՝ որ նաեւ կը ներկայացուի իբր հասարակութեան համաձայնած կամք, այս օրինակին մէջ բաւական հեռու էր այդ սահմանումէն։ Վերջապէս Խորհրդարանը պիտի կորսնցնէր իր լիազօրութիւններու կարեւոր մէկ մասը եւ օրէնսդրութիւնը պիտի թողուր միայն մէկ անձի կամքին։ Բնականաբար բաւական մեծ էր նաեւ այս պարտադրանքին դէմ առարկութիւն ունեցողներուն թիւը։ Ահա այս պայմաններու մէջ կայացաւ հանրաքուէն եւ ինչպէս որ կ՚ակնկալուէր տեղի տուաւ շատ լուրջ հակազդեցութիւններու։ Ինքնին այս ալ բնական եւ հասկնալի էր, քանի որ քուէարկութեան գործընթացքը դասաւորելով պաշտօնակոչուած Ընտրութեան Բարձրագոյն Խորհուրդը խաղի շարունակուած պահուն փորձած էր կանոնները փոխելու։ Նախապէս իր որոշումով պարզուած էր թէ չեղեալ պիտի համարուին ընտրատարածքի կնիք չունեցող թերթիկները։ Սակայն վերջին պահուն անոնք յանկարծակիօրէն ընդունելի համարուեցան տեղի տալով բուռն հակազդեցութեան։ Շուտով յաջորդեց Թուրքիոյ համար մտահոգութեան աղբիւր դարձած մի այլ թուական՝ Ապրիլի 24-ը։ Այսինքն հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերուն յիշատակման օրը։ Բռնութիւնը այսպէս բան մըն է։ Թէ կու գայ կը սպաննէ եւ թէ ապա չի թողուր որ սուգդ ապրիս։ Դուն մեռեալներուդ յիշատակը կը յարգես, իսկ ան իրեն դէմ ատելութիւն կը գտնէ քու այդ յիշատակումիդ մէջ։ Ուրեմն բռնակալը չխրտչեցնելու համար պիտի խուսափիս նաեւ սուգդ ապրելէ։ Եթէ ոչ յանկարծ այդ դիւրզգաց ու դիւրագրգիռ միտքը իր բոլոր ուժով կու գայ յարձակիլ, ըսելով թէ իր պապերը կը նախատես։ Մինչդեռ հաշիւը պարզ է, եթէ դուն ոճրագործները պիտի փառաբանես «իմ պապս է» ըսելով, ուրիշ միջոց չունիս պիտի հանդուրժես, այդ ոճրագործ պապերուդ նախատինքին։ Երեւոյթը որքան ալ յուսադրող չըլլայ կարծես հետզհետէ կը գոյանայ այս գիտակցութիւնը Թուրքիոյ որոշ շրջանակներու մէջ։ Անշուշտ անբաւարար, բայց գոնէ փոքր ինչ բարեփոխում մը սա դաժան պայմաններու մէջ։ Չէ աւարտած գարնան խնդիրեան օրերը՝ քանի կը պատրաստուինք Մայիս Մէկին։ Իսկ ի՞նչ կը կարծէք, Մայիսի 6-ը, Տենիզ Կեզմիշի եւ իր ընկերներուն կախաղան ելած օրը զա՞նց պիտի առնենք։