Արտակարգ իրավիճակի պայմաններուն եւս յիշատակուեցան Ցեղասպանութեան զոհերը

Իտարբերութիւն նախորդ տարիներու, այս տարի 24 Ապրիլի հրա­պարա­կային յի­շատա­կումնե­րը սահ­մա­նուե­ցան միայն Իս­թանպուլ, Ան­գա­րա եւ Իզ­մի­րի նման մեծ քա­ղաք­նե­րով։ Իս­թանպու­լի հա­յաբ­նակ թա­ղերու չորս եկե­ղեցի­ներու մէջ Հո­գեհանգստեան Պա­տարագ կա­տարուեցաւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերու ի յի­շատակ։ Ֆե­րիգիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ արա­րողու­թեան հան­դի­սապե­տեց Արամ Ար­քե­պիս­կո­պոս Աթէ­շեան։ Արա­րողու­թեան մաս­նակցե­ցաւ նաեւ Կա­թողի­կէ Հա­յոց վի­ճակա­ւոր Գե­րապայ­ծառ Լե­ւոն Զէ­քիեան։ Սեւ Ծո­վեան Տնտե­սական Հա­մագոր­ծակցու­թեան Կազ­մա­կեր­պութեան Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յացու­ցիչ Ար­սէն Աւա­գեան ու իր տե­ղակա­լը Իկոր Մար­տի­րոսեան եւս ներ­կայ գտնուեցան այս հո­գեւոր արա­րողու­թեան։

Իս­թանպու­լի մի­ջոցա­ռումնե­րուն առա­ջինը տե­ղի ու­նե­ցաւ Սուլթա­նահ­մետ նախ­կին Ոս­տի­կանա­տան մէջ, ուրկէ հայ մտա­ւորա­կան­նե­րը աք­սո­րուած էին, դէ­պի իրենց աք­սո­րավայ­րե­րը ու առ­հա­սարակ չէին կրցած վե­րադառ­նալ։ Այստեղ Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Միու­թեան Իս­թանպու­լի մաս­նա­ճիւ­ղի անու­նով ար­տա­սանուած մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թեան մէջ պա­հան­ջուեցաւ որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան իրո­ղու­թիւնը պաշ­տօ­նապէս ճա­նաչուի պե­տու­թեան կող­մէ եւ վերջ տրուի,այդ ոճի­րի հետ յի­շուած անուննե­րու հե­րոսի վե­րաբե­րում ցոյց տա­լու սո­վորու­թիւնը։ Այստեղ յատ­կա­պէս նշուեցաւ Թա­լեաթ Փա­շայի անու­նը եւ պա­հան­ջուեցաւ, որ այդ անու­նը այ­լեւս ջնջուի դպրոց­նե­րէն, կամ փո­ղոց­նե­րէն։

Նոյն օր ժա­մը 15.00-ին այս ան­գամ Շիշ­լիի Գե­րեզ­մա­նատան իր դամ­բա­նին վե­րեւ յի­շատա­կուե­ցաւ զին­ծա­ռայող Սե­ւակ Պա­լըք­չը, որ սպան­նուած էր բա­նակի պար­տա­դիր ծա­ռայու­թիւնը կա­տարե­լու ժա­մանակ։

Օրուայ վեր­ջին մի­ջոցա­ռու­մը կա­յացաւ Թիւ­նե­լի հրա­պարա­կին վրայ, ուր մաս­նա­կից­նե­րը ար­դա­րու­թիւն կը պա­հան­ջէին մե­ղադ­րե­լով ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ու­րա­նալու պե­տական քա­ղաքա­կանու­թիւնը։

Այս տա­րի դար­ձեալ կարգ մը սփիւռքահա­յեր Ապ­րիլ 24-ի առ­թիւ որո­շած էին Իս­թանպուլ այ­ցե­լել, այդ բա­ցառիկ օրը ուղղա­կի տեղւոյն վրայ ապրելու մտադրութեամբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ