Տեղապահ Սրբազանի յայտարարութիւնը

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան Տեղա­պահ Գա­րեգին Ար­քե­պիս­կո­պոս Պէք­ճեան իր հետ ու­նե­նալով Կրօ­նական Ժո­ղովի Ատե­նապետ Սա­հակ Եպիս­կո­պոս Մա­շալեանը 19 Ապ­րիլ Չո­րեք­շաբթի օր Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցին մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցած էր քա­ղաքիս կարգ մը հաս­տա­տու­թիւննե­րու վար­չա­յին­նե­րուն հետ։ Սրբա­զանը աւե­լի ետք 21 Ապ­րի­լին հրա­պարա­կած գրու­թիւնով մը այդ հան­դի­պու­մին բո­վան­դա­կու­թիւնը փո­խան­ցեց նաեւ հա­սարա­կու­թեան։ Պէք­ճեան Սրբա­զան. «սի­րելի որ­դի­ներ եւ եղ­բայրներ» ու­ղերձով սկսող իր գրու­թեան մէջ նախ շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնէ ցու­ցա­բերուած համ­բե­րատար ու հա­ւատա­րիմ մեր­ձեցման հա­մար։ Կը յայտնէ թէ ինք նա­խորդ հինգ շա­բաթ­նե­րու ըն­թացքին զգու­շա­ցած է իս­կոյն փո­խադար­ձող ոճէ եւ խնդիր­նե­րը դի­տած է որոշ բա­նակ­ցութիւններ կա­տարե­լով եւ միշտ համ­բե­րու­թիւնը պա­հելով։ «Պե­տու­թեան առ­ջեւ խիստ կա­րեւոր հանգրուան մըն էր հան­րա­քուէն, որու հա­մար մեզ­մէ պա­հան­ջուած էր համ­բե­րու­թիւն պա­հել 85-րդ պատ­րիար­քը ընտրե­լու գոր­ծին մէջ։ Թէեւ պատ­րիար­քի ընտրու­թիւնը ամ­բողջո­վին մեր եկե­ղեց­ւոյ ներ­քին խնդիրն է, սա­կայն նկա­տի կ՚ու­նե­նանք նաեւ երկրի իշ­խա­նու­թիւննե­րու տե­սու­թիւննե­րը։ Հա­մոզուած եմ որ հի­մա այ­լեւս պէտք է սկսի նոր պատ­րիար­քը ընտրե­լու գոր­ծընթաց­քը։ Տե­ղապա­հի ընտրու­թե­նէն ետք ես կ՚ակնկա­լէի թէ հա­սարա­կու­թիւնը ու անոր ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը զօ­րակ­ցին նա­խատե­սուած ընտրու­թեան եւ թէ Պատ­րիար­քա­րանէ ներս իշ­խողնե­րը նկա­տի ու­նե­նան տե­ղապա­հի ընտրու­թեան թե­լադ­րանքնե­րը։ Ցա­ւօք նշեմ թէ այս ակնկա­լու­թիւններս չեն կա­յացած։ Հա­մոզուելով թէ գոր­ծընթա­ցի մեկ­նարկման փու­լին հա­սած ենք յար­մար դա­տեցի ՎԱ­ՏԻՓ-ի հա­մակարգչա­կան խմբա­կի հետ խորհրդակ­ցութիւն մը ու­նե­նալ։ Ըստ իմ նկա­տումնե­րուն ժո­ղովա­կան­նե­րը կը յար­գէին տե­ղապա­հի ընտրու­թիւնը, բայց կը վա­րանէին ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցի մեկ­նարկման մա­սին։ Ամէն պա­րագա­յի անոնք յայտնե­ցին թէ յա­ռաջի­կայ 10-15 օրե­րու ըն­թացքին ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցը կը մտնէ իր բնա­կան հու­նին։ Ես ալ այս յայ­տա­րարու­թիւնը նկա­տի ու­նե­նալով որո­շած եմ ձեռ­նարկել Կար­գա­դիր Յանձնա­խումբի կազ­մութեան հա­մար եւս խորհրդակ­ցութիւններ կա­տարե­լու։ Միւս կող­մէ դար­ձեալ կը նկա­տեմ որ տե­ղապա­հի ընտրու­թիւնը կա­տարած պա­տուար­ժան հո­գեւո­րական­նե­րը որոշ ճնշումնե­րու կ՚են­թարկուին։ Կ՚ու­զեմ որ միայն իրենց խղճի ձայ­նին հե­տեւե­լով կամք գոր­ծադրած այս եղ­բայրներս ժամ առաջ դուրս գան այդ ճնշումնե­րէն։ Այս պա­րագա­յին կոչ կ՚ուղղեմ Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռը գործնա­կանա­պէս իր իշ­խա­նու­թեան մէջ պա­հող­նե­րուն, որ­պէսզի այս ան­վա­յել ըն­թացքը շու­տով վերջ գտնէ։ Ինչպէս ծա­նօթ է տա­կաւին իմ ու­սե­րուս վրայ է պա­տուա­բեր պար­տա­կանու­թիւն մը, Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Առաջ­նորդի կո­չու­մի պա­հան­ջածնե­րը։ Լոկ այդ պատ­ճա­ռաւ ալ մերթ ընդ մերթ պիտի հարկադրուիմ Պոլսոյ գահէն հեռանալու եւ իմ կիսատ մնացած աշխատութիւնները շարունակելու համար կարճատեւ պիտի այցելեմ Գերմանիա։ Աստուած անպակաս ընէ իր բարեգութ խնամքը մեր բոլորին վրայէն»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ