Առաջին անգամ նախորդ տարի Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած Օրօրա Մարտիկանեանի անունով նշուող «Մարդկային Զարթօնք»ի մրցանակը երկրորդ անգամ կը հասնի համաշխարհային գետնի վրայ ճշդուած արժանիներուն։
2017-ի մրցանակի համար առաջարկուած էր 66 երկիրներէ, 254 անուններ։ Այդ անուններէն հինգը ընդունուեցան որպէս թեկնածու, որոնց մէջէն պիտի ընտրուի այս տարուան մրցանակաւորը։ Հինգեակի մէջ կը հանդիպինք Սոմալիէն «Էլման Խաղաղութեան եւ Մարդու Իրաւունքներու Կեդրոն»ի հիմնադիրներէն Ֆարթուն Ատան եւ իր դուստրը Իլուան Էլման։ Անոնք մայր ու աղջիկ կ՚աշխատին անչափահաս զինուորներու բուժման համար։
Երկրորդ անոնն է Աֆղանիստանցի Ճամիլա Աֆկանի, որ կ՚աշխատի «Նուր Ուսման եւ Կարողութիւններու Զարգացման Կեդրոն»ին մէջ։ Կեդրոնը կը գործէ կիներու եւ աղջիկներու ուսման նպաստելու համար։
Սուտանի Լեռնային տարածքներուն վրայ գտնուող Մերսիի Մայրը անուն հիւանդանոցի կաթողիկէ միսյոնարը բժիշկ Թոմ Քաթենա։ Քաթենա իբրեւ բժիշկ կը պաշտօնավարէ շուրջ 500 հազար բնակչութիւն ունեցող տարածքին մէջ ու ամէն տարի կը վիրահատէ աւելի քանի 1,000 հիւանդներ։
Սուրիոյ Մատայա Ֆայլտ հիւանդանոցին մէջ Մուհամմէտ Տերվիշ կը ստանձնէ շրջափակման մէջ գտնուող տարածքի յատկապէս մանուկ հիւանդներու խնամքը։
Քոնկոյի Փանզի հիւանդանոցի հիմնադիր մանկաբարձ բժիշկ Տենիս Մուկֆակէ, թէ բժշկական, հոգեբուժական եւ իրաւական օգնութիւն կ՚ապահովէ երկրի աւելի քան 50 հազար սեռային բռնութեան ենթարկուող բնակիչներուն եւ թէ յամառ պայքար կը տանի յանցագործներու պատժուիլը ապահովելու համար։
28 Մայիսին Երեւանի մէջ կայանալիք մրցանակաբաշխութեան հանդէսին այս տարուայ մրցանակաւորը պիտի ստանայ 100 հազար ԱՄՆ տոլարի պարգեւ եւ իր աշխատած հաստատութեան ի նպաստ ծախսելու համար ալ 1 միլիոն ԱՄՆ տոլար դրամաշնորհ։ Օրօրայի դատակազմին մաս կը կազմեն բացի Վարդան Գրիգորեանէ, դերասան Ճորճ Քլունի, Նոպելեան մրցանակակիրներ Օսքար Արեաս, Շիրին Էպատի, Լէյմահ Կպովէ, Իրլանտայի նախկին նախագահ Մերի Ռոպինսն, Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Հինա Ճիլանի, Ավստրալիոյ նախկին արտ գործ նախարար Կերթ Իվնս եւ Մեքսիաքայի նախկին նախագահ Էրնեսթօ Զետիլլօ։
Ընտրող Յանձնախումբի նախագահ Վարդան Գրիգորեան թեկնածուները ծանօթացնելու պահուն յայտնեց թէ իւրաքանչիւր թեկնածու կու գայ տարբեր աշխարհագրական յատուածէ մը, սակայն իրենց կիսած պայմանները զիրենք կը միացնէ։ Օգնութեան կարօտներուն համար իրենց սեփական կեանքը վտանգողները քաջալերելը Օրօրայի գլխաւոր նպատակն է։