ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Գէորգ Արսլանեանի տեղապահութեան շրջանը, որ մերթ համեմատութեան մէջ կը դրուի Արամ Աթէշեանի փոխանորդութեան շրջանին հետ, շատ աւելի բուռն պայքարներու ժամանակահատուած մը եղած է պոլսահայութեան համար։ Մեսրոպ Նարոյեանի մահէն մինչեւ Գարեգին Խաչատուրեանի ընտրութիւնը, մօտաւորապէս եօթը տարի, Գէորգ Արսլանեան տեղապահի պաշտօն վարած է Պոլսոյ պատրիարքութեան համար։ Ան նախապէս, Զաւէն Տէր-Եղիայեանի արտասահման մեկնելէն մինչեւ Մեսրոպ Նարոյեանի ընտրութիւնը նախորդող շրջանը, այսինքն 1922-1925 թուականներուն ալ տեղապահի պարտականութիւն վարած ըլլալուն՝ 1940-ականները կը նկատուին իր տեղապահութեան երկրորդ շրջանը։
Արսլանեան ու իր տեղապահութեան շրջանի անցքերը տակաւին ենթարկուած չեն պատմութեան դատաստանին։ Զանազան վկայութիւններու փշրանքներ միայն կը հասնին մերթ այս կամ այն անձէ՝ երբեմն խիստ կասկածելի անկողմնակալութեամբ։ Երբ որ տեղապահի կամ պատրիարքական ձգձգեալ ընտրութեան հարց մը ծագի, ինչպէս որ հիմա է, անմիջապէս կը հոլովուի «արսլանեանական պայքար»ի շրջանը, որուն անունը կայ աւելի շատ, քան իրականութիւնը։
Ինչեւէ, թերեւս աթէշեանական փոխանորդութեան այս նոր շրջանին անցքերը պատրուակ դառնան սթա՛փ հայեացքով մը սեւեռելու աւելի քան 60 տարուան վաղեմութիւն ունեցող դէպքերը, որոնց դերակատարները մէկ-երկու բացառութեամբ պատմութեան գիրկը կը նիրհեն այսօր։
Այդ օրերուն կատարուած հրատարակութիւն մը անցաւ ձեռքս, երբ անցեալ օր գրադարանս կը դասաւորէի։ Հեղինակը՝ Լեւոն Աւագեան, ԺԹ. դարավերջին, 1880-ականներուն ծնած եւ 1954-ին ալ մահացած ու Պալըքլըի գերեզմանատունը ննջող մտաւորական մըն է։ Եղած է «Միմոս»ի, «Վերջին լուր»ի, «Կավռօշ»ի, «Երկիր»ի, «Ժամանակ»ի տարեգիրքի աշխատակիցը՝ թէ՛ որպէս նկարիչ կամ երգիծանկարիչ, թէ՛ որպէս լրագրող կամ յօդուածագիր։ Շրջանի գրոց-բրոցներէն մէկը, հասկնալիքնիդ։ Հետաքրքրական վերնագիր մը ունի իր գրքոյկը՝ «Տեղապա՞հ է թէ ոչ տիքթաթէօր», ենթախորագիրը՝ «Գէորգ արք. Արսլանեան եւ իր գործունէութիւնը»։ Գրքոյկին խորագիրը թրքերէնի թարգմանած է՝ «Ruhani mi diktatör mı?»։ Տպագրուած է 1949-ին, Doğu Basımevi-ին մէջ, որ կը գտնուէր Ղալաթիա, Պիլլիւր փողոց, Էվքաֆ խան, թիւ՝ 10։
Աւագեան Գէորգ Արսլանեանի տեղապահական աթոռին վրայ կրկին յայտնուիլը դժբախտ իրողութիւն մը կը նկատէ, «որուն նմանը գրեթէ անկարելի է տեսնել՝ իր արժանապատուութիւնը լաւագոյն կերպով յարգել գիտցող ոեւէ ժողովուրդի մը ծոցին մէջ»։ Հեղինակը կը գրէ, թէ հայ եկեղեցականութեան շարքերուն մէջ միշտ ալ եղած են իրենց սքեմին ու կոչումին հակասող, տխուր համբաւի տիրացող անարժան դէմքեր, սակայն չի խորշիր պնդելէ թէ Գէորգ Արսլանեան իր ունեցած գործունէութեամբ, շահախնդիր նկարագրով եւ իր անձնական գձուձ հաշիւներուն համար բոլոր իրաւունքներն ու նուիրականութիւնները ոտնակոխելու աստիճան ծայրայեղութեան մղուող եզական խոտելի բնազդով՝ յաջողած է ամէնուն վրայ «լեմոն քամելով» իւրացնել անբաղձալի տիտղոսը։
Ըստ Աւագեանի «վուրտում տույմազ» մըն է Արսլանեան, որ առանց կարեւորութիւն տալու հանրային կարծիքին, ո՛չ միայն չէ շեղած իր բռնած ազգավնաս ուղղութենէն, այլեւ իր քմահաճ, ապօրէն եւ միահեծան գործելակերպով յանդգնած է փորձել ժողովուրդին համբերութիւնը՝ եկեղեցիներու շրջափակերու մէջ կատարուած դժգոհութեան ու բողոքի ցոյցերով։ «Եւ սակայն, հակառակ ասոր, Գէորգ Արսլանեան անտարբեր է բոլորովին, վուրտում՝ տոյմազ, որ չի շարժիր իր տեղէն, մինչեւ որ բռնես օձիքէն եւ տապալես՝ հինգ տարիէ ի վեր ապօրէն կերպով իր գրաւած աթոռէն»։
Ըստ Աւագեանի, Արսլանեան օրէնք, կանոն, խիղճ եւ զգացում առ ոչինչ համարող խառնուածքի տէր եկեղեցական մըն է, որ իր ամբողջ կեանքի շրջանին մէկ նպատակ հետապնդած է՝ դրա՛մ եւ մի՛ միայն անձնական շահ։ «Պարզ խօսքով, Գէորգ Արսլանեան ծնած է փարայի համար, մեծցած է՝ նորէն փարայի համար, ապրած է՝ փարայի համար եւ վերջապէս եկեղեցական ասպարէզը ընդգրկած է՝ ո՛չ թէ Աստուած, այլ մի՛միայն դրամը պաշտելու, անոր երկրպագելու, յանուն անոր երդուելու եւ դրամը միայն իբր նուիրական բան ճանչնալու իր կեանքին մէջ»։ Մէկ խօսքով, կը գրէ Լեւոն Աւագեան, «Գէորգ Արսլանեան փարա ըսել է եւ փոխադարձաբար փարան ալ՝ Գէորգ Արսլանեան»։
Հեղինակը Արսլանեանի նիւթապաշտութիւնը քանի մը փաստերով մէջտեղ դնելէ ետք (Պալպալեան ժառանգութեան հարցը, փոխան դրամի կատարուած քահանայական ձեռնադրութիւն մը, հաւատափոխի յուղարկաւորութիւն մը, Խասգիւղի եկեղեցւոյ չօծուիլը՝ որովհետեւ տեղապահին պէտք եղած դրամը չէ տրուած եւլն.), զայն «բացայայտ տիքթաթօռ մը, միահեծան վարչաձեւի աննկուն ներկայացուցիչ մը, համիտական խմորով թրծուած եկեղեցական մը» կը նկատէ, որ ո՛չ օրէնք կը ճանչնայ, ո՛չ ալ կանոն։ Արսլանեան որպէս արտայայտութիւնը իր եսամոլութեան կամ փառամոլութեան՝ կը պահանջէ, որ Պատարագի պահուն յիշատակուի իր անունը, ինչ որ եկեղեցական օրէնքներու եւ կանոններու չի համապատասխաներ։ Տեղապահին այս պահանջքը դուռ կը բանայ նոր վէճերու։ «Գողթան»ի եւ «Զուարթնոց»ի նախաձեռնութեամբ՝ երգչախումբերը չեն յիշատակեր բնաւ տեղապահին անունը՝ քմահաճ եւ ապօրինի նկատելով զայն։
Արսլանեան իրեն դէմ ըմբոստացող եւ պատրիարքական ընտրութիւն պահանջող պատուախնդիր հոգեւորականներուն դէմ կը բանեցնէ ճնշումներ՝ կը սպառնայ զանոնք աքսորելով, կը կախակայէ, կը պատժէ այլեւայլ միջոցներով, որոնք յարիր չեն անշուշտ բարձրաստիճան եկեղեցականի մը վարքին։ Նոյնիսկ, ըստ Լեւոն Աւագեանի, իր սպառնալիքները պատճառ կը դառնան Խոսրով վարդապետի մահուան։
Գրքոյկի աւարտին հեղինակը մանրապատում մը կը պատմէ Արսլանեանի տեղապահութեան առաջին շրջանէն։ Ընդհանուր ժողովի օրակարգի նիւթն էր անվստահութիւն տեղապահին դէմ։ Զանազան բանաձեւերու շարքին, ժողովը կանգ առած էր բանաձեւի մը վրայ, որ պարսաւանք կ՚առաջարկէր։ Խօսք կ՚առնէ հեղինակաւոր անուն մը՝ Հմայեակ քհնյ. Էքսէրճեան. «Տէ՛ր ատենապետ, այս մարդը (եւ ցուցամատը շեշտակի Արսլանեան արք.ին ուղղած), այո՛, այս մարդը ի՞նչ կը հասկնայ պարսաւանքէն։ Անոր տասը փարայի տուգանք մը սահմանեցէք, այն ատեն կրնայ թերեւս քիչ մը ազդուիլ…»։
Ոմանք յաճախ թելադրանքներ կամ յանձնարարականներ կ՚ուղղեն աջ ու ձախ, որպէսզի եկեղեցականներուն հանդէպ հասարակութիւնը ըլլայ աւելի յարգալից, սակայն այդ թելադրանքներուն կամ յանձնարարականներուն հեղինակները երկու խօսք մըն ալ չեն ուղղեր անուղղայ եկեղեցականին։ Կլորակ խօսքերով, առանց անուններ նշելու խաղաղութեան ունայն կոչեր կ՚արձակեն հոս ու հոն, երբ շատ լաւ գիտեն, թէ որուն քովն է հարցի լուծման բուն բանալին։ Լեւոն Աւագեանի աւելի քան 60 տարուան անցեալէն մեզի հասնող գրքոյկը ո՛չ միայն պատմական անցեալ մը կը կենդանացնէ, այլ համարձակութիւն կը ներշնչէ բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին նորօրեայ անարժան եկեղեցականին դէմ։