ՀՐԱԿ Ա.
«Քելէ լաօ, քելէ էրթանք մըր էրկիր», այսպէս աւարտեցաւ Կոմիտասեան անզուգական երեկոն Պոլսոյ մէջ։
«Music of Armenia» եւ «Anadolu Kültür»ի կազմակերպած «102 Քայլեր» համերգը, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան նախօրեակին, մէկ վայրի մէջ մէկտեղեց հայ, թուրք, քիւրտ եւ ալեւի արուեստագէտներ, որոնք Կոմիտասի մեղեդիներով մեզի տարին հեռուն… մեզի տարին դէպի անցեալ, հասնելով մինչեւ ներկան եւ անցնելով դէպի ապագան։
Աւելի քան դար մը առաջ, նոյն այդ թաղերուն մէջէն ձերբակալուած եւ ապա սպաննուած ու աքսորուած հայ մտաւորականներու խաւին մէջ կար նոյնինքն՝ Կոմիտաս Վարդապետը։ 102 տարի ետք ան վերադարձաւ այդ թաղերուն եւ կոչ ուղղեց աշխարհասփիւռ հայերուն վերադառնալ «Երկիր»։ Մինչ Երեւանի ու Պէյրութի մէջ հսկումի ջահերթերը տեղի կ՚ունենային, Պոլսոյ համերգի մութ սրահին մէջ կը վառէին անմահութեան մոմերը։
Սրահին մէջ կը հնչէր անուշ մեկնաբանութիւններ՝ «Տլէ Եաման»ի, «Պինկէօլ»ի, «Հայր Մեր»ի, «Քելէ Քելէ»ի եւ ուրիշ կտորներու, կատարողութեամբ Յասմիկ Յարութիւնեանի, Սունա Ալանի, Միրազ Երեակին եւ Էօզճան Կիւլի։
Անոնց ձայներուն մէջ կը լսուէր 1,5 միլիոնի կանչը, տեղահանումը, Տէր Զօրի անապատը… կը լսուէր հայու դժբախտ ճակատագիրը։ Ներկաները չէին ծափէր, բայց արցունք կը թափէին։ Բոլորին համար յուզիչ եւ զգայուն պահ էր։ Արուեստագէտներէն ոմանք չկրցան պահել իրենց թրջուած աչքերը։ Եյդ վայրկեան չկար հայ կամ թուրք, պոլսեցի կամ պէյրութահայ, քիւրտ կամ ալեւի… կար միայն մարդը եւ մարդկութիւնը, կար ժողովուրդներու եղբայրութիւնը։
Ապրիլ 23-ին, ներկաները ոգեկոչեցին մարդու կատարած ոճիրը մարդուն դէմ, մարդու կատարած ոճիրը մարդկութեան դէմ։
Մարդկութեան դէմ ոճիր մը, որ տակաւին ուրացման քաղաքականութեան ենթակայ է։ Իսկ հայ ժողովուրդի վէրքը տակաւին կը մնայ խոցելի։
Մարդկութեան դէմ ոճիր մը, ուր հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր պապենական տունն ու հողը եւ իր զանգուածին մէկ կարեւոր մասը։
Ոճիր մը որ ցեղասպանութիւն է։ Այո՛ ցեղասպանութիւն։ Եզր մը որ մինչեւ այսօր շատեր կը տատամսին Հրապարակաւ գործածել Թուրքիոյ մէջ։ Նոյնը եղաւ համերգի բացման խօսքի ժամանակ երբ Լոնտոնէն ժամանած կազմակերպիչներէն մէկը անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ վայրկեանի մը համար չամբողջացուց իր խօսքը, տատամսելով գործածելու «ցեղասպանութիւն» բառը։ Բայց ապա, ներկաներուն հաւանումով 1915-ի դէպքերը կոչեց այնպէս որ էին՝ ցեղասպանութիւն։
Աւելին, բացման խօսքի թրքերէն թարգմանութեան ժամանակ, թերեւս անգիտակցաբար, թերեւս ոչ, թարգմանիչը չգործածեց «ցեղասպանութիւն» բառը։ Ինչ որ պատճառ եղաւ սրահի տարբեր անկիւններէն հնչէ «ցեղասպանութիւն» բառը թրքերէնով։ Արդէն բոլորին մարմինները փշաքաղուած էին։
Հայ ժողովուրդին համար, մանաւանդ սփիւռքահայութեան համար, ցեղասպանութիւնը գոյութեան հարց է, մեր ինքնութեան մաս կը կազմէ, մեր ցիրուցան ըլլալուն պատճառն է։ Բայց բնականաբար մեր ժողովուրդի պատմութիւնը չվերջացաւ 1915-ին։ Մեր պատմութիւնը միայն ջարդ ու ցաւ չէ, այլ նաեւ գոյապայքար ու վերածնունդ։ Մենք կանգ, մենք կ՚ապրինք, դեռ հոս ենք։ Պոլիսէն մինչեւ Հայաստան, մինչեւ Պէյրութ եւ Ամերիկա…
Այո՛, հայերս կ՚ապրինք մեր տուներէն ու հողերէն դուրս, բայց այդ տուներն ու հողերը, այդ երկիրը որ կը կոչենք հայրենիք, կ՚ապրի մեր մէջ, մեր էութեան եւ մտածողութեան մէջ։
Մեզմէ խլուած այդ երկիրը տակաւին թարմ է եւ կ՚ապրի մեր գրականութեան մէջ, մեր երգերուն ու մեղեդիներուն մէջ։
Կոմիտասի ճամբով այդ երկիրը անմահ է, իսկ մեր ծարաւն ու կարօտը չյագեցած։ Պիտի երթանք այդ երկիրը։ «Քելէ լաօ, քելէ էրթանք մըր էրկիր»։
Պոլսոյ թաղերուն մէջ Կոմիտասի վերադարձը, հայ երգի ու մեղեդիի հնչիւնը, եւ այլ ժողովուրդներու զօրակցութիւնը մեզի ու մեր դատին արդէն լաւագոյն փաստն են որ 1915-ի կանխամտածուած ծրագիրը ձախողած է։ Ապրիլ 23-ի համերգը, անկախ իր բովանդակութենէն անդին հսկում էր։
Հսկում էր 1,5 միլիոնին, Հրանդին, Սեւակին եւ այս քաղաքականութեան զոհը գացած բոլոր նահատակներուն։
Յարգանք անոնց յիշատակին։