ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Մեծ Եղեռնի արդիւնքում ոչ միայն հայերը կորցրեցին իրենց տուները, ազգի ծննդավայրը, մշակոյթը, բայց եւ կորցրեց Թուրքիան, կորցրեցին այնտեղ ապրել մնացած ողջ ազգութիւնները։ Խեղաթիւրուեց ազգերի պատկերը, միտքը, խեղաթիւրուեց ճշմարտութիւնը եւ այդ բեռը, կամայ թէ ակամայ, ընկաւ Թուրքիոյ ամէն ազգութեան ամէն մարդու ուսերին, լղոզուեց նրանց խղճին ու մնաց անընդունելի, մերժուեց ու թաղուեց հողի տակ՝ ժամանակ առ ժամանակ այս ու այն կողմէն ժայթքելով ու մարդկանց ճակատագրերը տակնուվրայ անելով։
Երբ Վերժինէ Սվազլեան կը հաւաքէր պոլսահայոց բանահիւսութիւնը, այնտեղ չէին կրնար տեղ չգտնել Մեծ Եղեռնի արձագանգները։ Այդ զգուշաւոր պատառիկներում կը գտնենք այս երեքը.
Իւմիտն ու Յուսիկը
Իւմիտ անունով թուրք մահմետական մը Թուրքիոյ հարիւրաւոր այլ երիտասարդներու պէս օր մը իրենց տունը թուղթ մը կը գտնայ, կը նայի թուղթին գիրերուն, բան մը չէ հասկնայ։ Վերջը կը պարզէ թէ ասոնք հայերէն գիրեր են։ Իւմիտը թուղթը կ՚առնէ կը տանի հայկական եկեղեցի։ Քահանան կը կարդայ, կ՚ըսէ. «Աս քու հօրդ վկայականն է»։ Իւմիտը կ՚ըսէ թէ՝ անկարելի բան է, մենք միւսլիւման ենք։ «Ո՛չ, կ՚ըսէ քահանան, աս թուղթը կը փաստէ որ ձերինները ժամանակին հայ քրիստոնեայ եղած են»։ Սա իմանալով՝ Իւմիտը Յուսիկ կը դառնայ, ան կը մկրտուի որպէս հայ քրիստոնեայ։ Յուսիկ ամէն կիրակի պատարագի կու գայ եւ հայերէն կը սորվի։
Պոլսեցի տիկին Աղաւնին եւ Հայր Սուրբը
Օր մը Հայր Սուրբը Ամերիկայի մէկ նահանգէն Լոս Անճէլըս եկած է եւ եկեղեցում քարոզ մը կարդացած է։ Տիկին Աղաւնին ալ այդ քարոզը լսած է։ Լսելու ընթացքին Հայր Սուրբի աչքերուն այնպէս կը նայէ, կարծես սիրահարուած է։ Բայց կը հասկնայ, որ իր վարմունքը աղէկ բան մը չէ, կարծես Աստուծոյ առաջ մեղք ունի։ Շատ կը ջանայ ազատուիլ Հայր Սուրբի մասին մտքերէն, բայց չի կրնար։ Այսպէս ժամանակի ընթացքին վիճակը կը բարդանայ, աս կինն ամէն աննշան բանի համար կը բարկանայ։
Օր մը անոր տղան, որ Ամերիկեան համալսարանում հոգեբան ուսանած էր, կը հասկնայ մօր ջղային վիճակի պատճառը եւ առանց յապաղելու նամակ մը կը գրէ այդ Հայր Սուրբին, որին մէջը կ՚ըսէ թէ՝ մենք շատ հաւնեցանք ձեր քարոզները, կ՚ուզենք նորէն ձեզ տեսնել եւ լսել։
Որոշ ժամանակ անց այս Հայր Սուրբը նորէն Լոս Անճելըս կու գայ։ Տիկին Աղաւնիին տղան մօրը կ՚ըսէ.
- Մայրի՛կ, քու հաւնած Հայր Սուրբդ եկած է, էլի՛ր, եկեղեցի գնա՛։
Բայց մայրը կը վախնայ երթալ եկեղեցի։ Ատոր համար տղան կ՚երթայ եւ Հայր Սուրբին իրենց տուն կը հրաւիրէ։ Երբ կը նստին հացը ճաշակելու, տիկին Աղաւնին նորէն կը նայի՜, կը նայի՜ անոր երեսին, անոր աչքերուն մէ՜ջը կը նայի…
Հայր Սուրբն ալ անոր կը հարցնէ թէ՝ տիկի՛ն, դուք ինչպէ՞ս եկաք Ամերիկա, ո՞ւրկէ էք։ Տիկին Աղաւնին ալ կը սկսի պատմել.
- Ես թոմարզացի եմ։ Ծնողքս հարուստ էին։ Առաջին ընդհանուր պատերազմին ես մեծ չէի, ինձմէ պզտիկ ալ եղբայր մը ունէի։ Պատերազմի ատեն ատ պզտիկ եղբայրս կորսուեցաւ։ Խեղճ մայրս օրը երեք անգամ կու լար, իր զաւակը կը յիշէր եւ կ՚ըսէր. «Անուշի՛կ զաւա՜կս, եթէ գիտնայի թէ քեզ պիտի կորսնցնեմ, այդքա՜ն երկար քեզ չէի խնամեր…»։ Քանի որ Զաւէն եղբայրս թոնիրը ինկած էր, սաստիկ այրուած էր, եւ մայրս մեհլեմներով, տնային դեղերով շա՜տ երկար զինք խնամած եւ հազիւ առողջացուցած էր…
Այդ պահին Հայր Սուրբը իր սքեմին թեւերը վեր կը սոթտէ, կը ցցնէ այրուածքի հետքերը եւ կ՚ըսէ.
-Ատ տղան ե՛ս եմ…
Տիկին Աղաւնիին երջանկութիւնը մէկ աշխարհ կ՚ըլլայ։ Քոյր ու եղբայր, որ տասնեակ տարիներ զիրար կորսնցուցած էին, կարօտով կը փաթթուին իրարու։
-Ուրեմն պարապ տեղը չէ, որ ա՛ս աչքերը քեզ տեսած օրէս ի վեր զիս կը հետապնդէին, - կ՚ըսէ տիկին Աղաւնին…
Երկինքէն իջած լոյսը
Տալտապանեան Սիլվա կը պատմէ թէ օր մը Ս. Փրկչի կապոյտ հագնող սպասարկող կազմէն թրքուհի մը իրեն ըսաւ.
-Ապլա՛, քեզի բան մը պիտի հարցնեմ. մենք Իզմիթ կը բնակինք։ Հոն լերան գագաթը ամէն գիշեր լոյս մը կ՚իջնայ երկինքէն։ Մենք գիւղացիններս ժողվուեցանք, որոշեցինք որ կ՚երեւի թէ անտեղ գանձ մը կայ, եւ գացինք հոճային հարցնելու։
Հոճան ըսաւ, որ անցեալին անտեղը քրիստոնեայ թաղ մը եղած է, քահանաները կը գիտնան։ Մենք ալ գացինք քահանայ մը գտանք, անոր հարցուցինք, ըսաւ. «Ատ անկարելի՚ բան է. հոն գանձ չկայ, որ լոյս տայ»։ Ապլա՛, հիմա քեզի կը հարցնեմ, դուն ի՞նչ խորհուրդ կու տաս։
Սիլվան ատ թրքուհուն այսպէս ըսաւ.
-Դուք միայն ոսկիի եւ գանձի մասին կը խորհիք. չէ՞ք կարծեր թէ անցեալին շատ նահատակներ եղած են եւ անոնց վրայ երկինքէն լոյս կ՚իջնայ։ Ատ մասին ձերին մեծերը ձեզի բան չե՞ն ըսած։