ԱՅՇԷԿԻՒԼ ԿԻՒՄԻՒՇՔԱՅԱ
aysegul.gkaya@gmail.com
Բանաստեղծ, գրող եւ լուսանկարիչ Մեհմետ Էօզերի վերջերս «Նօթէպենէ» հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսած գիրքը «Ջրհորի Յատակի Քարը» ձօնուած է Հայոց ցեղասպանութեան։ Գիրքին մէջ տեղադրուած են Սերկեյ Միխաիլովիչ Փրոքուտինի, Արմին Ուեկների, Ռեսլի Տեյվիսի եւ Հենրի Էթկինսընի ցեղասպանութեան դրուագները ցոլացնող լուսանկարները։ Մեհմետ Էօզերի հրաւիրով Ա. Նեւին Եըլտըզ, Ահմետ Ապաքայ, Ահմետ Թելլի, Ալի Պալքըզ, Պատրիկ Գույումճեան, Պերիլ Թիւրքօղլու, Տեմեթ Իսլամպայ, Ֆաթին Քանաթ, Կէօքչեր Թահինլիօղլու, Քատիր Ճերեփ, Քեմալ Կէօքթաշ, Մուսթաֆա Տուրմուշ, Նեժլա Քուրուլ, Նեվալ Օղան Պալքըզ, Բագրատ Էսդուգեան Ռոքսան Մաքասճեան, Սայիթ Չեթինօղլու, Սեդա Բիւրատ, Սիպել Էօզպուտուն, Շեհմուզ Տիքեն, Շիւքրիւ Էրպաշ եւ Թեմել Տեմիրեր իրենց զգացումները կամ տպաւորութիւնները գրի առած են իւրաքանչիւր լուսանկարի դիմաց։ Մեհմետ Էօզեր բաւական խնամեալ աշխատութեան մը շնորհիւ պատրաստած այս գիրքով կ՚ուզէ ընթերցողին փոխանցել հայ անհատի այս ողբերգութեան դիմաց մատնուած առանձնութիւնը։ «Ջրհորի յատակին գոյատեւող մեծ առանձնութիւնը առանց տեսնելու կարելի չէ հայ ժողովրդին վիշտը հասկնալ» կ՚ըսէ ու կ՚աւելցնէ թէ այս աշխատութիւնը կատարած են ընդդէմ Թուրքիոյ համայնավար շարժումի պաշտօնական տեսութեան։
«Հայ ժողովուրդը իր մահով ալ ուսուցանեց։ Իր հարազատ զաւակներու մահով մեզի մատնացոյց կ՚ընէ թէ այսօր ինչ պէտք է ընենք։ Գիրքի մէջ տեղ գտած գրութիւնները այս առումով ալ արժէքաւոր կը գտնեմ» կ՚ըսէ Մեհմետ Էօզեր։ Ան «Ջրհորի Յատակի Քարը» աշխատութեան մէջ կ՚անդրադառնայ Փարամազի, Կոմիտաս Վարդապետի եւ Միսակ Մանուշեանի նման հայ պատմութեան մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող կերպարներու։
Գիրքին խորագիրը ներշնչուած է Կոմիտաս Վարդապետի տարագրութենէն վերադարձին իր տան ջրհորին պոռալով՝ «Վարուժան, Սիամանթօ ձեռքերնիդ տուէք վեր քաշեմ»։
«Ջրհորի Յատակի Քարը» իր պարունակած պատմական իրողութիւնով ընթերցողին կը բեռցնէ ջրհորին վրան ծածկող կափարիչը վերցնել։ Քանզի լուսանկարները երեւցողէն աւելին կը պահեն իրենց մէջ։