ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Էրտողանի յաղթանակը կամ «Հայկը պարտուեց ոսոխ Բելին»

Լրագրի մէջ գրե­լը իրեն յա­տուկ ու­րախ եւ տխուր երե­ւոյթներ ու­նի։ Մա­նաւանդ Թուրքիոյ նման օրա­կար­գի մեծ վե­րիվայ­րումներ ապ­րող երկրի մէջ ալ աւե­լի զգա­լի են այդ երե­ւոյթնե­րը։ Յատ­կա­պէս երբ կը գրենք հայ­կա­կան թեր­թի մէջ, որ ան­­հա­­­ղորդ չէ նաեւ երկրի քա­­ղաքա­­կան ան­­ցուդար­­ձե­­­րուն։

Ու­­րախ զար­­գա­­­ցում է Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քա­­­րանի թա­­փուր իրա­­վիճա­­կը փա­­րատե­­լու փոր­­ձե­­­րուն յայտնու­­թիւնը։ Լրագ­­րո­­­ղը բնա­­կանա­­բար բո­­լորէն աւե­­լի պի­­տի թա­­փան­­ցէ նիւ­­թի զար­­գացման փու­­լե­­­րուն, որ­­պէսզի այդ զար­­գա­­­ցումնե­­րը կա­­րենայ փո­­խան­­ցել ըն­­թերցո­­ղին։ Ու­­րեմն կը լծուի բո­­լոր կող­­մե­­­րէն կար­­ծիքներ հա­­ւաքե­­լու, այդ կար­­ծիքնե­­րը հա­­մադ­­րե­­­լու եւ հա­­սարա­­կու­­թիւնը իրա­­զեկ դարձնե­­լու խիստ դժուար աշ­­խա­­­տան­­քին։ Այստեղ նշուած «խիստ դժուար» շեշ­­տը կը ծա­­գի այդ «կողմ»երու սա­­կաւա­­խօսու­­թե­­­նէն։ Կը նշմա­­րես որ մարդկանց բո­­լոր միտք ու վար­­քը բա­­ցայայտ չէ, ու­­նին խա­­ւարի մէջ ըն­­թա­­­ցող հա­­շիւ­­ներ եւս։ Հա­­շիւ­­ներ՝ որոնք զգու­­շութեամբ կը թաք­­ցուին մա­­մու­­լէն, այ­­սինքն հա­­սարա­­կու­­թե­­­նէն։ Կը խրտչիս տես­­նե­­­լով բակ դռնե­­րու ետին կա­­յացած սա­­կար­­կութիւննե­­րը։ Կը հրա­­պարա­­կես տե­­սած-լսած­­ներդ եւ իս­­կոյն կը մե­­ղադ­­րուիս իբ­­րեւ եկե­­ղեց­­ւոյ կամ պատ­­րիար­­քա­­­րանի թշնա­­մի։

Երե­­ւոյ­­թը տար­­բեր չէ երկրի քա­­ղաքա­­կանու­­թեան մէջ։ Կա­­ռավա­­րու­­թիւնը բեռ­­նա­­­տար մե­­քենա­­ներով զէնք ու զի­­նամ­­թերք կ՚առա­­քէ հա­­րեւան երկրի իշ­­խա­­­նու­­թեան դէմ պա­­տերազ­­մող զի­­նեալ­­նե­­­րուն, բայց ժո­­ղովուրդին կը ստէ ըսե­­լով թէ մար­­դա­­­սիրա­­կան օգ­­նութիւն է ղրկա­­ծը։ Լրագ­­րո­­­ղի հիմ­­նա­­­կան պա­­տաս­­խա­­­նատուու­­թիւնն է հա­­սարա­­կու­­թիւնը իրո­­ղու­­թեան մա­­սին լու­­սա­­­բանել։ Բայց այդ պար­­տա­­­կանու­­թեան փո­­խար­­ժէ­­­քը հայ­­րե­­­նադա­­ւու­­թեամբ մե­­ղադ­­րուիլ է։

Բո­­լոր այն լրա­­գիր­­նե­­­րը, որոնք չէին ծնկա­­չոքած կա­­ռավա­­րու­­թեան դի­­մաց, դի­­մագ­­րա­­­ւեցին այս ծանր հա­­լածան­­քը։ Եւ ոչ միայն լրա­­գիր­­նե­­­րը, ընդդի­­մադիր քա­­ղաքա­­կան կու­­սակցու­­թիւննե­­րը եւ հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րըն ալ բաժ­­նե­­­ցին այդ ծանր լու­­ծին իրենց վի­­ճակած բա­­ժինը։ Ներ­­կայ դրու­­թեամբ երկրի ընդդի­­մադիր մա­­մու­­լին մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը կը հրա­­տարա­­կուի Եւ­­­րո­­­­­­­պայի եր­­­կիրնե­­­րուն մէջ, աք­­­սո­­­­­­­րեալի պայ­­­մաննե­­­րով։

Այս հա­­­մայ­­­նա­­­­­­­պատ­­­կե­­­­­­­րի մէջ կա­­­յացաւ սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութեան 18 յօ­­­դուած­­­նե­­­­­­­րը փո­­­խելու հա­­­մար առա­­­ջար­­­կուած հան­­­րա­­­­­­­քուէն։ Հա­­­մատա­­­րած հա­­­մոզում մը կար թէ, ժո­­­ղովուրդի ձայ­­­նին փո­­­խարէն իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան նա­­­խասի­­­րու­­­թիւնը դուրս պի­­­տի գար ընտրու­­­թեան սնտուկնե­­­րէն։ Եւ այդպէս ալ եղաւ, իբ­­­րեւ թէ ընտրու­­­թեան կա­­­նոն­­­նե­­­­­­­րը հաս­­­տա­­­­­­­տող կա­­­ռոյ­­­ցը գայ­­­թակղու­­­թեան մը տե­­­ղի տա­­­լով խիստ վի­­­ճելի դար­­­ձուց գո­­­յացած ար­­­դիւնքը։

16 ապ­­­րի­­­­­­­լը զոյգ նշա­­­նակու­­­թիւն ու­­­նէր մեր մօտ, նոյն օրուայ մէջ ապ­­­րե­­­­­­­ցանք թէ Սուրբ Զատ­­­կի ոգե­­­ւորու­­­թիւնը եւ թէ հան­­­րա­­­­­­­քուէի յու­­­զումը։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ օրը սկսաւ քա­­­ղաքա­­­ցիական պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թիւնը կա­­­տարե­­­լով, ապա շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուե­­­ցաւ Պո­­­յաճը­­­գիւ­­­ղի եկե­­­ղեց­­­ւոյ մէջ Զատ­­­կի տօ­­­նակա­­­տարու­­­թեամբ։

Իսկ երե­­­կոյեան ժա­­­մերու ձանձրա­­­ցու­­­ցիչ տա­­­ռապան­­­քը դար­­­ձաւ հան­­­րա­­­­­­­քուէի ապա­­­կանա­­­ցուած ար­­­դիւնքնե­­­րուն հե­­­տեւիլ։ Մա­­­նաւանդ ան­­­տա­­­­­­­նելի դար­­­ձած մեկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թիւննե­­­րէն զզուելով դի­­­մեցինք Հա­­­յաս­­տա­­­նեան հե­­ռուստա­­կայան­­նե­­­րուն։ «Շան­­թ» ով գի­­տէ քա­­նիերորդ ան­­գամ կը հա­­ղոր­­դէր Ար­­թուր Մես­­չեանի հա­­մեր­­գը։ Հոն, հա­­յերէ­­նի այս մեծ բո­­ղոք եր­­գա­­­կը կար­­ծես կը պար­­զէր օրուայ խոր­­հուրդը։ «Ահա եւ վեր­­ջ» կ՚եր­­գէր Մես­­չեան։ «Մենք յաղ­­թե­­­ցինք պա­­տերազ­­մում, սա­­կայն պարզւում է պար­­տուեցինք» կ՚եր­­գէր։ Ու կը հաս­­տա­­­տէր 16 Ապ­­րի­­­լի կար­­գա­­­խօսը «Հայ­­կը պար­­տուեց ոսոխ Բե­­լին»։