Արդիւնքը օրինական չէ

ԿԻՒԶՏԷ ՔԱԶԱԶ

gozdekazaz@agos.com.tr

Ամիսներէ ի վեր Թուրքիոյ քաղաքական օրա­կար­գը զբա­ղեց­նող սահ­մա­նադրական փո­փոխու­թիւննե­րու հան­րա­քուէն կա­տարուեցաւ ար­տա­կարգ իրա­վիճա­կի պայ­մաննե­րուն տակ։ Ոչ պաշ­տօ­նական ար­դիւնքնե­րու հա­մաձայն ընտրող­նե­րու աւե­լի քան 85 տո­կոսը իրենց ձայ­նե­րով մաս­նակցե­ցան ընտրու­թեան։ 16 Ապ­րի­լի երե­կոյեան ժա­մերուն հան­րա­քուէի ար­դիւնքը յայ­տա­րարուեցաւ 51,41 տո­կոսով «Այո՛» եւ 48,59 տո­կոսով «Ո՛չ»։ Ընտրու­թիւննե­րը Կա­նոնա­ւորող Խոր­հուրդի իր նախ­կին պայ­մաննե­րը ոտ­նա­կոխե­լով կնիք չու­նե­ցած քուէաթեր­թիկներն ալ օրի­նաւոր հա­մարե­լը բուռն հա­կազ­դե­ցու­թեան պատ­ճառ դար­ձաւ։ Կը յայտնուի թէ այս դիր­քի մէջ եղող շուրջ 2,5 մի­լիոն քուէաթեր­թիկ գո­յու­թիւն ու­նի։ Ու­շագրաւ է թէ կնիք չու­նե­ցող պա­հարան­նե­րէն ընդհան­րա­պէս դուրս ելած են իշ­խա­նու­թեան թե­լադ­րանքնե­րուն հա­մապա­տաս­խան քուէներ։ Բա­ցի այս աղ­բա­նոց­նե­րուն մէջ յայտնա­բերուած են մեծ թի­ւով քուէաթեր­թիկներ, որոնք «Ո՛չ» նշուած են։ Քրտաբ­նակ քա­ղաք­նե­րու մէջ զա­նազան բո­ղոք­ներ կա­յացան ընտրու­թիւննե­րու խար­դախման մա­սին։ Այս լսումնե­րը հա­մադ­րե­լով ՃՀՓ եւ ՀՏՓ կու­սակցու­թիւննե­րը Ընտրու­թեան Բարձրա­գոյն Խոր­հուրդին դի­մում կա­տարե­ցին հան­րա­քուէի ար­դիւնքը չե­ղեալ հա­մարե­լու հա­մար։ Բա­ցի այդ ՀՏՓ Խոր­հուրդի նա­խագա­հի եւ ան­դամնե­րու դէմ «պար­տա­կանու­թիւնը շա­հագոր­ծե­լու եւ հա­սարա­կու­թիւնը խռո­վել»ու մե­ղադ­րանքով դա­տարան դի­մեց։

Միւս կող­մէ Իս­թանպուլ, Ան­գա­րա, Իզ­միր, Էս­կի­շեհիր, Ան­թալյա եւ այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ հան­րա­քուէի ըն­թացքին կա­տարուած զեղ­ծա­րարու­թիւննե­րու դէմ բո­ղոքի ցոյ­ցեր կը կա­տարուին։ Ոս­տի­կանու­թիւնը կը միջամ­տէ այս ցոյ­ցե­րուն եւ մաս­նա­կից­նե­րը բեր­ման կ՚են­թարկուին։ 19 Ապ­րիլ Չո­րեք­շաբթի առա­ւօտ նոյնպէս բեր­ման են­թարկուեցան 38 ան­ձեր, որոնք կը մե­ղադ­րուին քուէար­կութեան նա­խօրեակին «Ո՛չ»ի հա­մար քա­րոզար­շաւ կազ­մա­կեր­պե­լով։ Բո­լոր այս ան­ցուդար­ձե­րու մա­սին կար­ծի­քը շօ­շափե­ցինք Խորհրդա­րանի հա­յազ­գի պատ­գա­մաւոր­ներ Սե­լինա Տո­ղան եւ Կա­րօ Փայ­լա­նի։

ՃՀՓ կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Սե­լինա Տո­ղան Ընտրու­թեան Բարձրա­գոյն Խոր­հուրդի որո­շու­մը քննա­դատեց, ըսե­լով որ զեղ­ծա­րարու­թիւնը փաս­տե­լու պար­տա­կանու­թիւնը կը բեռցնէ քա­ղաքա­ցինե­րուն։ Տո­ղան իրենց կու­սակցու­թեան հաս­տա­տած զեղ­ծա­րարու­թիւննե­րը ներ­կա­յացուց հե­տեւեալ կեր­պով. «Առա­ւօտուայ ժա­մերէն սկսեալ լսումներ հա­սան կնիք չու­նե­ցող քուէաթեր­թիկնե­րուն մա­սին։ Գի­տակից ընտրող­ներ կնիք­նե­րու բա­ցակա­յու­թիւնը հաս­տա­տելով պաշ­տօ­նապէս նկա­տողու­թեան գի­րեր ապա­հովե­ցին ընտրա­տարած­քի պա­տաս­խա­նատու­նե­րէն։ Ժա­մը 17.00-ին Ընտրու­թեան Բարձրա­գոյն Խոր­հուրդը յայ­տա­րարեց թէ կնիք չու­նե­ցող քուէաթեր­թիկներն ալ ըն­դունե­լի են։ Այդ պա­հուն տա­կաւին այս զար­գա­ցու­մէն ան­տե­ղեակ ԱՔՓ-ական պաշ­տօ­նեաներ ալ կա­յին սնտուկնե­րու վե­րեւ։ Կարգ մը տե­ղեր ընտրող­նե­րու թի­ւէն աւե­լի քիչ քուէաթեր­թիկ կար։ Կրկնա­կի քուէար­կողնե­րու մա­սին բո­ղոք­ներ ալ լսե­ցինք։ Յայտնի է որ «Ո՛չ»երու գե­րակշռու­թիւնը զգա­լով օրի­նակա­նու­թիւնը զանց առ­նուեցաւ։ Նաեւ նշեմ թէ Ընտրու­թեան Բարձրա­գոյն Խոր­հուրդի նա­խագա­հը -կնիք չու­նե­ցող քուէաթեր­թիկնե­րու ըն­դունման մա­սին որո­շու­մը միաձայ­նութեամբ առ­նուած է- յայ­տա­րարած էր։ Բայց այդ խոր­հուրդին մաս կազ­մող մեր կու­սակցու­թեան ներ­կա­յացու­ցի­չը խստիւ մեր­ժեց այդ պնդու­մը։ Այս մա­սին պի­տի դի­մենք բո­լոր օրի­նական մի­ջոց­նե­րուն եւ իբր հիմք պի­տի ու­նե­նանք ԵԱՀԿ-ի Քննիչ Յանձնա­խումբի տե­ղեկա­գիր­նե­րը »։

Սե­լինա Տո­ղան ի դէմ բո­լոր այս թե­րացումներ ար­ձա­նագ­րուած ար­դիւնքը յաղ­թա­նակ հա­մարեց նկա­տի ու­նե­նալով որ եր­բեք ար­դար ընտրա­պայ­քար մը չէր եղած։

ՀՏՓ կու­սակցու­թեան Իս­թանպու­լի պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան ալ կը բաժ­նէ իր պաշ­տօ­նակ­ցին հաս­տա­տումնե­րը։ Ան ալ կը նշէ որ ամե­նաշատ զեղ­ծա­րարութեան լսումնե­րը կու գա­յին քրտաբ­նակ շրջան­նե­րէ։ Ան դի­տել տուաւ որ ար­տա­կարգ պայ­մաննե­րու առ­կա­յու­թեան մէջ նուազա­գոյն 500 հա­զար քուէներ չեն կրցած սնտուկ մտնել։

«Իրա­կանու­թեան մէջ մենք պա­հան­ջած էինք որ ար­տա­կարգ իրա­վիճա­կի պայ­մաննե­րու մէջ ընտրու­թիւն չի կա­յանայ։ Իշ­խա­նու­թիւնը ար­տա­կարգ Իրա­վիճա­կի ընձե­ռած բո­լոր առիթ­նե­րէն օգ­տուեցաւ։ Մա­նաւանդ գիւ­ղա­յին տա­րածքնե­րու մէջ ծանր ճնշումներ գոր­ծադրուեցան ընտրող­նե­րուն դէմ։ Նոյնպէս ընտրա­տարածքնե­րու անվտան­գութիւնն ալ չէր ապա­հովուած։ Այս պայ­մաննե­րու տակ ամէն ինչ բնա­կանա­բար վի­ճելի պի­տի դառ­նար։ Մա­նաւանդ կարգ մը տե­ղեր ապա­հովու­թեան պատ­րուակով սնտուկնե­րը միացու­ցին եւ ժո­ղովուրդը ստի­պեցին երկրա­պահնե­րու գիւ­ղե­րուն մէջ ձայ­նե­րը գոր­ծա­ծելու։ Այս բո­լորը ընտրու­թեան մաս­նակցու­թիւնը որոշ չա­փով նուազե­ցուց։ Մեր հա­շուար­կումով մօ­տաւո­րապէս 400-500 հա­զար ձայ­ներ չեն կրցած քուէար­կել։ Քա­նի մը հա­զար ձայ­ներ ալ ընտրա­տարածքնե­րու մէջ խար­դա­խուե­ցան»։ Ան ընտրու­թեան ար­դիւնքը կը մեկ­նա­բանէ նաեւ կու­սակցու­թեան նա­խագահ­նե­րու բան­տարկուած ըլ­լա­լու երե­ւոյ­թով։ Կա­րօ Փայ­լան նաեւ խօ­սեցաւ կարգ մը շրջա­նակ­նե­րու նա­խապէս ՀՏՓ-ի ի նպաստ քուէար­կած ընտրող­նե­րուն այս ան­գամ ԱՔՓ-ի ի նպաստ քուէար­կած ըլ­լա­լու մա­սին ար­ծարծուած պնդումնե­րուն։ «ՀՏՓ-ի ընտրող­նե­րուն ջախ­ջա­խիչ մե­ծամաս­նութիւ­նը յստա­կօրէն «Ո՛չ» ըսած են։ Քիւրտե­րու տու­նե­րը փլցուած ժա­մանակ ան­ձայնու­թիւն պա­հող­նե­րը հա­մանա­խագահ­նե­րու ան­ձեռնմխե­լիու­թեան վե­րաց­ման ի նպաստ քուէար­կողնե­րը այ­սօր քիւրտե­րէն հա­շիւ պա­հան­ջե­լու իրա­ւունքը կը գտնեն իրենց մօտ։ Անըն­դունե­լի է։ Մենք չենք ար­տօ­ներ որ քիւրտո­ֆոպի­յով տա­ռապող­նե­րը այ­սօր իրենց թե­րացումներուն մեղքը բեռցնեն մեր կուսակցութեան վրայ»։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ