Բաղէշէն Էջմիածին Տրտօ Մայրիկի պատմութիւն մը

ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

Բաղէշի Մուտքի գաւառի բնակիչ Տրտոյի պատմութիւնը «Տրտօ Մայրիկ Եւ Ընկուզենի» խորագրի ներքեւ պատմող ժապաւէնը Իսթանպուլի 36-րդ Կինօ Փառատօնի շրջագծով 12 Ապրիլին ցուցադրուեցաւ Պէյօղլու շարժասրահի մէջ։ Ապա ֆիլմը յաջողեցաւ լաւագոյն վաւերագրական ընտրուիլ նոյն փառատօնի մրցման բաժնին։ Այս առթիւ զրուցեցինք ֆիլմի բեմադրիչ Սերտար Էօնալի եւ բրոտիւսըր Նակիհան Ուսքանի հետ։

Ռուբէն Վարժապետեան- Ինչպէ՞ս ծա­նօթա­ցաք Տրտօ Մայ­րի­կի հետ։

Սեր­տար Էօնալ- Առա­ջին հեր­թին ուղղա­կի ծա­նօթու­թիւն մը չէինք ու­նե­ցած իր հետ։ Պաշ­տօ­նի բեր­մամբ Իս­թանպուլ եկած էի, որ­պէս ու­սուցիչ եւ նոյն դպրո­ցը կ՚ու­սուցչա­գոր­ծէի Տրտո­յի թոռ­նուհիին հետ։ Այդ առ­թիւ լսե­ցի իր մա­սին։ Նշեմ որ ան իմ ճանչցած առա­ջին հայն էր։ «Ուրտե­ղացի՞ էք, որ­տե­ղէ՞ն եկած էք» հար­ցուցի եւ շատ զար­մա­ցայ որ Բա­ղիշե­ցի են։ Այսպէ­սով հար­ցումներս քիչ մը եւս խտա­ցան եւ լսե­ցի իր ըն­տա­նիքին Իս­թանպուլ գա­լու ոդի­սակա­նը։ Կ՚ըսէր թէ մեծ մայ­րի­կը չէ կրցած հե­ռանալ գիւ­ղէն եւ մին­չեւ օրս ալ ամա­ռուայ եղա­նակը կ՚անցնէ գիւ­ղի մէջ ու կը հա­ւաքէ իր պար­տէ­զի ըն­կուզե­նիի հունձքը։ Մօ­տաւո­րապէս հինգ տա­րի առաջ պա­տահե­ցաւ այս ծա­նօթու­թիւնը եւ ես այդ օրէն ի վեր մտադ­րած էի այս նիւ­թը վա­ւերագ­րա­կան ֆիլ­մի մը վե­րածել։ Այդ նպա­տակով դի­մեցի Թուրքիա-Հա­յաս­տան Շար­ժանկա­րի Հար­թա­կին եւ իմ առա­ջար­կը ըն­դունե­լու­թիւն գտաւ ու սկսանք նկա­րահա­նումնե­րուն։

Ռ.Վ.- Ֆիլ­մի նկա­րահա­նու­մը բազ­մա­ծախս աշ­խա­տու­թիւն մըն է։ Բա­ցի Թուրքիա-Հա­յաս­տան Շար­ժանկա­րի Հար­թա­կի ներդրու­մէն, ու­րիշ աջակ­ցութիւններ ալ ու­նե­ցա՞ք։

Ս.Է.- Թէ Թուրքիոյ մէջ եւ թէ ար­տա­սահ­ման զա­նազան տե­ղեր դի­մեցինք, բայց դժբախ­տա­բար դրա­կան պա­տաս­խան մը չենք ստա­ցած։ Իսկ Ոս­կէ Ծի­րանէն մեր ստա­ցածը ինքնին ան­բա­ւարար էր ֆիլ­մը յա­ջողե­լու հա­մար։ Շատ ան­գամ մեր սե­փական մի­ջոց­նե­րով փոր­ձե­ցինք ճամ­բայ անցնիլ։ Ֆիլ­մը ալ աւե­լի բազ­մա­ծախս կը դառ­նար, քա­նի որ նկա­րահա­նումնե­րու հա­մար կը ճամ­բորդէինք Բա­ղէշ, Իս­թանպուլ կամ Հա­յաս­տան։ Միայն նկա­րահա­նումնե­րուն աւար­տին է որ որոշ օժան­դա­կու­թիւն մը գտանք։

Ռ.Վ.-Ի՞նչ տե­սակ դժուարու­թիւններ կ՚ապ­րէիք Պիթ­լի­սի մէջ նկա­րահա­նումնե­րու պա­հուն։

Ս.Է.-Նա­խապէս որոշ մտա­հոգու­թիւններ ու­նէի։ Չէի գիտեր թէ տե­ղացի­ներ ինչ վե­րաբե­րում պի­տի ու­նե­նան։ Սա­կայն լուրջ որե­ւէ խնդիր չենք ապ­րած։ Ընդ հա­կառա­կը Տրտօ Մայ­րիկ մեծ հա­մակ­րանք կը վա­յելէ այդ շրջա­կայ­քի մէջ։ Մեր ամե­նամեծ դժուարու­թիւնը մի գու­ցէ իրեն հան­դէպ ցու­ցա­բերուած այդ յար­գանքէն կը ծա­գէր, քա­նի որ մար­դիկ ամե­նու­րէք այ­ցե­լու­թեան կու գա­յին եւ մենք կը դժուարա­նայինք աշ­խա­տելու։

Ռ.Վ.- Իսկ ար­դեօք դժուարա­ցա՞ք Տրտօ Մայ­րի­կը նկա­րահա­նումնե­րու հա­մար Հա­յաս­տան տա­նելու։

Ս.Է.- Ո՛չ, քա­նի որ այս իր առա­ջին այ­ցե­լու­թիւնը չէր։ Ան ար­դէն 1990-ական տա­րեթի­ւերուն այ­ցե­լած էր Հա­յաս­տան եւ այնտեղ ծա­նօթա­ցած իր ազ­գա­կան­նե­րուն հետ։ Ու­րեմն Հա­յաս­տա­նը իրեն հա­մար շատ հա­րազատ տեղ մըն էր։ Մա­նաւանդ ալ նկա­րահա­նումնե­րը զու­գա­դիպե­ցան Հա­յոց Սուրբ Զատ­կի Տօ­նին, որուն շնոր­հիւ շատ աւե­լի յա­ջող նկա­րահա­նումներ ու­նե­ցանք։ Նոյնպէս Իս­թանպու­լի նկա­րահա­նումներն ալ կը զու­գա­դիպէին Նոր Տա­րուայ Տօ­նին։

Ռ.Վ.- Ըսած էիք թէ առա­ջին ան­գամ հինգ տա­րի առաջ ծա­նօթա­ցած էք հա­յու մը հետ։ Յե­տոյ անոնց տօ­նական օրե­րուն ակա­նատես եղաք։ Այս բո­լորը ի՞նչ տպա­ւորու­թիւն գոր­ծե­ցին ձեր վրայ։

Ս.Է.- Կաս­կած չկայ որ շատ ու­սուցո­ղական էր։ Ահա­գին բան սոր­վե­ցայ հա­յոց մա­սին։ Ո՛չ միայն Թուրքիոյ հա­յերը, այլ Հա­յաս­տա­նի հա­յերն ալ շատ հա­րազատ թուեցան։ Նոյ­նիսկ մի­ջոց մը ետք այնպէս կը թուար թէ ես ինձ հա­մար կը նկա­րեմ այս վա­ւերագ­րա­կանը։

Ռ.Վ.-Բա­ցի փա­ռատօ­նի առ­թիւ կա­տարուած ցու­ցադրու­թե­նէն շար­ժանկա­րի սրահ­նե­րուն մէջ ալ ֆիլ­մը դի­տելու առիթ պի­տի ու­նե­նա՞նք։

Ս.Է.- Քա­նի որ շատ դրա­կան ար­ձա­գան­գեր ստա­ցած ենք, ան­շուշտ կը փա­փաքինք որ ան ցու­ցադրուի նաեւ մեծ դահ­լիճնե­րու մէջ։ Նա­խապէս շատ յոյս չու­նէինք այս մա­սին, քա­նի որ գի­տենք թէ վա­ւերագ­րա­կան ֆիլ­մե­րը այդ դահ­լիճնե­րու մէջ ցու­ցադրուելու դժուարու­թիւններ կ՚ու­նե­նան։ Բայց փա­ռատօ­նի ըն­թացքին մրցա­նակ ստա­նալով քիչ մը աւե­լի յու­սադրուած ենք։ Հան­դի­պումներ կ՚ու­նե­նանք եւ կը յու­սանք թէ ֆիլ­մը սպի­տակ վա­րագոյ­րի վրայ ալ հան­դի­սատե­սին կը հաս­նի։ Մեծ հա­ւանակութեամբ Ոս­կէ Ծի­րանի նա­խագի­ծէն ներս ցու­ցադրուի նաեւ Երե­ւան։ Սա­կայն նախ­քան այդ կը փոր­ձենք Եւ­րո­պական փա­ռատօներուն ալ մասնակցիլ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ