16Փետրուարի սահմանադրական փոփոխութիւններու մասին հանրաքուէի նախօրեակին բաւական անձայն շարունակուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման համար նախատեսուած ծրագիրները։ Ի տարբերութիւն նախորդ տարիներէ այս տարուայ յատուկ երկրի լարուած մթնոլորտին մէջ կազմակերպիչներ խուսափած են իրենց նախապատրաստութիւնները շռնդալից կերպով յայտարարելէ։ Իսկ երբ իր ետին բազմաթիւ տարակարծութիւններ եւ ալեկոծումներ ստեղծելով հանդերձ աւարտած է հանրաքուէի անորոշութիւն թելադրող օրակարգը, արդէն հետզհետէ կը յայտարարուի որոշ նախաձեռնութիւններ։
Այլեւս աւանդական դարձած Մարդու Իրաւունքներու Միութեան նախաձեռնութեամբ Սուլթանահմետի անցեալի ոստիկանատան, այժմու Իսլամ Արուեստի Թանգարանի առջեւ կատարուած հանրահաւաքը այս տարի եւս կը կրկնուի։ Նոյնպէս Աւանդութիւն դարձած է Ապրիլ 24-ի երեկոյեան ժամը 19.15-ին կայացած հանրահաւաքը։ Բացի այս 23 Ապրիլ Կիրակի երեկոյ Թոփհանէ Թիւթիւն Տեփոսույի մէջ կը կայանայ «102 Քայլ» խորագրեալ համերգը։ «Հայկական Երաժշտութիւն» եւ «Անատոլու Քիւլթիւր» ընկերութիւններու համագործակցութեամբ կազմակերպուած համերգին Հայաստանէն կը մասնակցի ազգագրական երաժշտութեան մասնագէտ, ժողովրդական երգերու յաջողագոյն մեկնաբան Յասմիկ Յարութիւնեանը։ Անգիլայէն կը ժամանէ Սունա Ալան եւ Թուրքիայէն ալ Միրազ եւ Էօզճան Կիւլ։ Երեկոյեան ժամը 20.00-ին կայանալիք համերգին մուտքը ազատ է։