ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Միտքով տանջուիլ Սուրբ Զատկի օրով

Եկեղեցական տոմարի բացառիկ երեւոյթներէն է որ Սուրբ Յարութեան Տօնը նշենք ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհին հետ նոյն օրը։ Ինչպէս Ս. Ծնունդը, շատ անգամ Ս. Զատիկն ալ տարբեր օրերուն կը յիշուին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ այլ քրիստոնեայ եկեղեցիներու մէջ։ Այս տարի սակայն մեզ Թուրքիոյ քրիստոնեաներուս համար ալ աւելի ուշագրաւ երեւոյթ մը դարձաւ բովանդակ երկրի օրակարգին վրայ շատ կարեւոր նշանակութիւն մը ներկայացնող հանրաքուէին Ս. Զատկի Տօնին հետ խաչաձեւումը։ Ներկայ պահուն միայն յայտնի չէ թէ օրը աւարտին հասած պահուն ո՞վ աւելի ջերմագին պիտի ընդունէ տօնին թելադրած ոգեւորութիւնը։ Այժմէն գի­տենք որ Ս. Զատ­կի գի­շերուան ուշ ժա­մերուն, երբ պի­տի յստա­կանայ հան­րա­հաւա­քի ար­դիւնքնե­րը «Այո՛»ի յաղ­թա­նակ­ման պա­հուն գլխա­ւորու­թեամբ Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագահ Էր­տո­ղանի ահա­գին զան­գուած մը պի­տի վա­յելէ տօ­նական տրա­մադ­րութիւն։ Իսկ հա­մարեա նոյնքան զան­գուածի մը հա­մար տրա­մադ­րութիւ­նը պի­տի մնայ յա­ջոր­դող օրուայ Մե­ռելո­ցի տխուր հո­գեբա­նու­թեան։ Իս­կա­պէս բախ­տո­րոշ ընտրու­թիւն մըն է որ պի­տի կա­յանայ երկրի տա­րած­քի 55 մի­լիոն ընտրող­նե­րուն հա­մար եւ իս­կա­պէս ժո­ղովուրդին մէկ մա­սը պի­տի մատ­նուի սու­գի հո­գեբա­նու­թեան։ Շա­րու­նա­կուող սուր քա­րոզար­շա­ւի բնա­կան հե­տեւանք է այս երե­ւոյ­թը։ Վեր­ջա­պէս Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագահ Էր­տո­ղան իր ապա­հոված զօ­րակ­ցութիւ­նը շատ ան­գամ կը պար­տի իր շուրջ ստեղ­ծուած տու­ժա­ծի հո­գեբա­նու­թեան։ Հա­սարա­կու­թիւնը շատ ան­գամ ընդվզած էր նա­խագա­հի դէմ աւան­դա­կան կազ­մե­րուն ի գործ դրած անօ­րինա­կան ճնշումնե­րուն։ Իբր հա­կազ­դե­ցու­թիւն Էր­տո­ղան յա­ջողած էր ապա­հովել ձայ­նե­րու զգա­լի մե­ծամաս­նութիւ­նը։ Սա­կայն այդ գե­տերէն շատ ջու­րեր հո­սեցան եւ հի­մա Էր­տո­ղան ինք է որ կը ներ­կա­յանայ բռնա­կալի մը կեր­պա­րով եւ իր բռնու­թիւննե­րէն կը տու­ժեն ու­րիշներ։ Այս պայ­մաննե­րու մէջ, եթէ ժո­ղովուրդը շա­րու­նա­կէ տու­ժա­ծին կող­քին կայ­նե­լու հո­գեբա­նու­թիւնը, այս մրցակ­ցութիւ­նը միայն պար­տութիւն պի­տի խոս­տա­նայ Նա­խագահ Էր­տո­ղանին։ Ար­դա­րեւ շա­րու­նա­կուող քա­րոզար­շա­ւի մէջ կա­ռավա­րու­թիւնը չի փոր­ձեր իսկ իր խոս­տա­ցած բա­րեփո­խու­թիւննե­րը ժո­ղովուրդին հասկնա­լի դարձնել, այլ իր ամ­բողջ ու­ժով կը փոր­ձէ զո­հուա­ծի տպա­ւորու­թիւն մը ստեղ­ծել եւ այդպէ­սով ժո­ղովուրդը սի­րաշա­հիլ։

Այս ան­գամ դե­րերը փո­խուած են։ Ընդդի­մադիր­ներն են որ զրկուած են իրենց խօս­քը լսե­լի դարձնե­լու առի­թէն։ Բան մը, որ ինքնա­բերա­բար դժգո­հու­թիւն կը յա­ռաջաց­նէ մարդկանց մօտ։ Նա­խագա­հը որ­քան ալ փոր­ձէ իր հա­կառա­կորդնե­րը սա­տանայ ըլ­լա­լով ներ­կա­յաց­նել, այլ չա­րամ­տութիւ­նը վերջ ի վեր­ջոյ ընդվզու­մի տե­ղի կու տայ եւ մար­դիկ միայն յի­մարու­թեան պա­րագա­յին է որ նոյն սու­տե­րով կրկին ու կրկին խա­բուին։

Բայց միւս կող­մէ գի­տենք որ ինչպէս շատ մը եր­կիրներ մեր երկրին մէջ ալ որե­ւէ սկզբունքին հա­ւատա­ցող զան­գուած­ներ այնքան ալ պատ­ճառներ չու­նին տրա­մաբա­նական դա­տողու­թիւննե­րով երե­ւոյ­թը ըն­կա­լելու։

Վեր­ջա­պէս «հա­ւատք» ըսուածն ալ այս կը թե­լադ­րէ։ Պի­տի հա­ւատաս կոյրս կու­րայն առանց միտքդ տան­ջե­լու։

Իսկ մարդ արա­րածի աս­տուածա­տուր շնորհքն է միտ­քը տան­ջե­լով հե­տեւու­թիւններ ընել։ Այդ հե­տեւու­թիւննե­րը ընող­նե­րու եւ չը­նող­նե­րու մի­ջեւ է հան­րա­քուէի տե­ղի տուած եր­կընտրան­քը։ Յու­սանք որ Քրիս­տո­սի Սուրբ Յա­րու­թեան տօ­նը ու­րա­խու­թիւն պար­գե­ւէ մտա­տան­ջուած­նե­րուն։