ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

«Պատասխանատուութիւն» որո՞ւ դէմ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի մատնուած ճգնաժամը կը շարունակուի հետզհետէ ծաւալելով։ Որքան ալ փորձեմ այս խայտառակ անցուդարձէն հեռու մնալու, ջանքերս ապարդիւն կը մնան։ Նիւթը իր տարբեր երեսակներով պատած է մեր առօրեան։ Որու հետ ինչ նիւթի մասին ալ խօսինք, յանկարծ կը շեղինք այդ բուն նիւթէն եւ մենք զմեզ կը գտնենք Աթէշեանի կամ Շիրինօղլուի անհեթեթ ելոյթներուն դիմաց։

Կը յիշեմ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի հիւանդութեան հրապարակուած օրերը։ Իրականութեան մէջ դժբախտ Պատրիարքին հիւանդութիւնը արդէն ծանօթ էր հասարակութեան։ Ժողովուրդը նկատած էր Սրբազանին վարքին մէջ յայտնուած տարօրինակութիւնը։ Մարդիկ յաճախ իրարու կը փսփսային տարբեր աղբիւրներէ լսուած ըսի- ըսաւներ, ասէ-կոսէներ, որոնք բազմապատկուելով կը տարածուէին պոլսահայ հասարակութեան մէջ։ Իսկ Պատրիարքարանը բացարձակ լռութիւն կը պահէր, կը քօղարկէր բոլորին տեսածը։

Մեսրոպ պատրիարքի հիւանդութեան բացայայտութեամբ օրակարգի եկաւ նոր պատրիարքի մը ընտրութեան խնդիրը։ Արդար սպասում մըն էր այդ, քանի որ առաջին օրէն պարզ դարձաւ որ պաշտօնապէս եւ բժշկագիտական անուանումով «Ֆրոնթօ թեմփորալ տեմանս» կոչուած, ժողովուրդին «Ալցհայմըր» անունով ծանօթ փորձանքը անդարմանելի է։ Սակայն նոր պատրիարքի ընտրութեան ակնկալութեան դէմ իսկոյն հնչեցին հակառակ կարծիքներ։ Առարկութիւնները կը կեդրոնանային պատրիարքութեան ցկեանս շարունակուող ծառայութիւն մը ըլլալու վարկածին։ Կ՚անտեսէին թէ Աթոռի պատմութեան մէջ սակաւաթիւ են իրենց գահին վրայ վախճանած պատրիարքները։ Անոնցմէ շատեր կամ գահընկեց եղած էին, կամ հրաժարած, կամ ալ կարգալոյծ եղած։ Նոյն շրջանակները կը ներկայացնէին նաեւ «Պատրիարքի արժանապատուութեան» խնդիր մը։ Իբրեւ թէ հիւանդ Պատրիարքի արժանապատուութիւնը պաշտպանելով կը խայտառակէին նոյնինքն Աթոռին արժանապատուութիւնը։

Պետրոս Շիրինօղլուի վերջերս մամուլին տուած յայտարարութենէն ետք իսկապէս մեր դիմաց ծառացած է արժանապատուութեան խնդիր մը։ Այս անգամ ոչ թէ Մեսրոպ Պատրիարքի կամ Պատրիարքական Աթոռի, այլ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, անոր հետ նաեւ համայն պոլսահայութեան արժանապատուութիւնն է որ կը ծամծմուի, կ՚ոտնակոխուի։ Կուսակալի տեղապահի մը բերնէն ելլող խօսքերը որպէս պետութեան թելադրանք համարել ու ընտրուած Տեղապահի հրաժարումը պահանջելով Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը կատարեալ գայթակղութեան մը տեղի տուած է։ Շիրինօղլու ինքզինք արդարացնել կը ջանայ պատռուակելով պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը։ Յայտնի է որ ազգին հանդէպ չէ այդ պատախանատուութիւնը։ Ուրեմն իրաւունք ունինք հարցնելու՝ որո՞ւ դէմ պատասխանատու է պրն. Շիրինօղլուն։ Որո՞ւն ձեռքն է իր սանձը, որ ան կը պարտադրուի իրեն վստահուած հեղինակութիւնը դրժելու։

Այս ու նման հարցումներու առկայութիւնն է որ մեզ կը խուսափեցնէ այս խայտառակուած նիւթին մէջ գրիչ շարժելէ։

Միշտ յարգելով որոշ հեռաւորութիւն մը, Պետրոս Շիրինօղլուի կամ Արամ Սրբազանի հետ ունինք բարեկամական յարաբերութիւն։ Զիրար հանդիպելով կը բարեւենք կամ որպիսութիւն հարցնենք։

Վախնամ թէ զարգացումները այդ չնչին բարեկամութիւնն ալ խորտակէն, իբրեւ ապացոյց պոլսահայութեան մատնուած պառակտումին։

Եթէ հասած ենք այս հանգրուանին, գիտցէք որ մենք ալ ունինք մեր պատասխանատուութեան բաժինը հանդէպ նախ մեր նախնեաց, այս Աթոռին պատիւը բարձր պահողներուն, ապա բովանդակ հայ ազգին ու վերջապէս պատմութեան։