ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Դիտելով «Զարտուղի Փողոցներ»ը Հ

Համարեա գիւտի տարածութեան հետ նոյն ժամանակներուն հնարուեցաւ նաեւ լաւագոյն բնութագրումը։ ԱՄՆ-ի մէջ իսկոյն «Յիմարի Տուփ» կոչուեցաւ հեռատեսիլը։ Անշուշտ որ շարժանկարը ունի շատ աւելի հին պատմութիւն մը։ Բայց այս նոր գիւտը կու գար կը հասնէր կեանքին մէջ շարժանկար ալ չտեսած մարդկանց տուներուն։ Ուշագրաւ էր Եըլմազ Էրտողանի «Վիզոնթելէ» ֆիլմի նշանաւոր նախադասութիւնը՝ «մենք որ Զեքի Միւրենը կը տեսնենք, արդեօք ինք ալ մեզի կը տեսնէ՞»։

Այսօր յատկապէս մեր ապրած երկրին մէջ հեռատեսիլը իր որդեգրած առաքելութեամբ իրաւ ալ ամբողջ երկրի մը բնակչութիւնը յիմարի վերածելու կը ձգտի։

Ընդհանրապէս ընկերական կեանքի շատ աննշան ապրուած երկրին մէջ մարդկանց գլխաւոր ժամանցի միջոցն է հեռատեսիլը եւ ան հետզհետէ լծուած է յետադիմութիւն, յետամնացութիւն, նախնականութիւն քարոզող մեքենայի մը։ Թուրքիոյ շարժանկարի շուկան անզօր կը մնայ բազմաթիւ հեռուստակայաններու սերիալներու պահանջը գոհացնելու համար։ Անդին եթէ կան հատուկենտ լրատու հեռուստակայաններ, անոնք ալ տարուած են կառավարութեան հաճելի թուացող հաղորդումներ ընելու։

Այս համայնապատկերին մէջ ամէն օր անգամ մը եւս կ՚ափսոսանք «ԻՄՃ» հեռուստակայանի բացակայութեան։ Ան գրեթէ առանձին այլընտրանք մը կը կազմէր այդ հսկայ հոսանքին դէմ։

Վերջերս «ԻՄՃ»ի բացակայութեամբ մենք ալ կը հարկադրուինք քարոզչութեան բնոյթով պատրաստուած «Զարտուղի Փողոցներ» ոստիկանական սերիալը դիտելու։ Իրականութեան մէջ ան նկարահանուած է ոստիկաններու հերոսութիւնը քարոզելու համար։ Եթէ յիմարութեան աստիճան միամիտ չէք իսկոյն կ՚անդրադառնաք որ այդտեղ նկարագրուած կերպարները երբեւիցէ կապ չունին ոստիկանի իրաւ կերպարին հետ։

Սակայն զարմանալիօրէն ուսուցողական է նաեւ այդ սերիալը, եթէ դիտողը իր ուշադրութիւնը սեւեռէ բացի ուղղակիօրէն քարոզուածէն եւ խորհի բոլոր այդ անցուդարձերու պատահած ենթահողի մասին։

Մեր երկիրն է այդ ենթահողը, ուր կ՚ապրին այս երկրի հասարակութիւնը։ Եթէ ընդունուած եւ ընդհանրացած ընկալումը պահպանողականութեան հիմքի վրայ բարոյական արժէքներու, պատուախնդրութեան առկայութիւնն է, ֆիլմի մէջ յաճախ կը հանդիպինք այդ ընկալումը ի հիմանէ փլող ընկերային համակարգի մը։ Այդ համակարգի վրայ ալ աւելի պարզ կը դառնայ թէ ինչո՞ւ համար այս երկրին մէջ կիներու ենթարկուած ոճրագործութիւնները այսքան յաճախակի եւ նոյնիսկ սովորական են։ Մանկապղծութիւնը ինչո՞ւ այսքան տարածուն է։ Ո՞ր պայմաններու տակ է որ մարդիկ տրամաբանութեան բոլոր պարտադրանքները կ՚անտեսեն եւ կը հետեւին այս կամ այն գետնի վրայ, այս կամ այն մակարդակի իշխանութիւններու ցուցմունքներուն։

Այս բոլորը եթէ ցուցադրուին գեղարուեստական բնոյթով եւ ընկերային մտահոգութիւններով նկարահանուած ֆիլմի մը մէջ, բնաւ կասկած չունենանք որ իսկոյն կարգ մը պետական մարմիններ շարժման պիտի անցնին եւ ինչ-ինչ տեսակի պատժամիջոցներ պիտի պահանջեն սցենարի հեղինակին կամ բեմադրիչի հասցէին։ Մինչ թուրք ոստիկաններու քաջագործութիւնը գովերգելու երեւոյթով պատրաստուած այս սերիալի դէմ այդ կառոյցներէն ոչ մէկը իր մատը իսկ պիտի շարժէ։

Հակասութիւններու երկիր է մեր երկիրը եւ ճշմարտութիւնը տեսնելու համար պարտաւոր էք սուտապատումի տողատակերուն հետեւելու։