Լման երկու տարիներ բոլորեցինք իր բացակայութիւնով։ 2015-ի Մարտի 28-ին «Ակօս»ի սիւներէն Սարգիս Սերովբեան հրաժեշտ առաւ այս կեանքէն։ Իր բացակայութիւնը զանազաններու համար տարբեր նշանակութիւն ունի։ Կրնամ ենթադրել իր ընտանիքի անմիջական անդամներուն մատնուած կսկիծը։ Ոչ թէ կրնամ ենթադրել, այլ կը տեսնեմ նաեւ։ Մանաւանդ դուստրը սիրելի Կարինէն դիմատետրի էջերուն վրայ յաճախ կ՚արտայայտէ իր զգացումները։ Սարգիս Սերովբեան «Ակօս»ի հայերէն էջերուն մէջ ունէր իր նախասիրած նիւթերը։ Անոնց գլխաւորն էր ժողովրդական մշակոյթը։ Մանաւանդ ալ այդ մշակոյթի անգիր դպրութեան նմոյշները։ Իր բացակայութիւնով այդ էջերը, այդ նիւթերը, այդ խորագիրները կը դժուարանան իր ընթերցողներուն հասնելու։ Ժամանակի ընթացքին զանազան գրիչներով փորձեցինք այդ թերացումը աւելի նուազ զգալի դարձնել, բայց խոստովանինք՝ չենք յաջողած։ Եթէ յաջողեցանք պատշաճող նիւթը վեր առնել, չյաջողեցանք անոր պատմելաոճի հարազատութիւնը ձեռքբերել։
Իր հրաժեշտէն երկու տարի անց տակաւին կը շարունակենք որբի հոգեբանութեան մէջ մնալու։ Յատկապէս ալ ներկայ օրերուն Սերովբեան իրեն յատուկ սրամտութեամբ պիտի մեկնաբանէր անցած դարձածները եւ պիտի ծիծաղէր ըսելով թէ իրականութեան մէջ բաւականին հարուստ ենք։ Պիտի դիտէր մեր ներկայ ընթացքը եւ պիտի զարմանար թէ ինչու այսքան կ՚ափսոսանք պատրիարք մը չունենալու համար։ «Ինչ փոյթ թէ պատրիարք չունինք։ Ունինք հանգստեան կոչուած պատրիարք։ Ունինք պետութեան կողմէ վաւերացուած փոխանորդ։ Ունինք ձայներու մեծամասնութեան կողմէ ընտրուած տեղապահ։ Ունինք նաեւ տեղապահի փոխանորդ։ Տակաւին չեմ թուէր Կրօնական Ժողովի ատենապետ, Համագումար Ժողովի Դիւանի ատենապետ եւ այլ տիտղոսները։ Իրաւ ալ եթէ յանկարծ մէկը հարցնէ, թէ ի՞նչ կ՚ուզէք, կարծես ամօթով գետին պիտի նայինք»։ Հաստատ որ այս կամ նման բաներ ըսելով պիտի ծիծաղէր մեր մատնուած ճգնաժամին։ Իսկ ինչո՞վ պիտի արդարանայինք այս հսկային դիմաց։ Ահաւասիկ հարցում չունեցող պատասխան մը, որուն համար ի զուր տեղը կը նայիմ խմբագրատան պատին վրայ կախուած նկարին։ Ճիշդ իմ սեղանին դիմացն է այդ նկարը։ Օրուան մէջ բազում անգամներ աչք աչքի կու գանք ու ես ամէն անգամուն կ՚ընկճուիմ։
Ո՛չ, աղբարիկ։ Չեղաւ եւ տակաւին ալ ըլլալիքի պէս չի թուիր։ Տակաւին շատ պիտի տանջուինք։ Բայց ինչպէս դուն յաճախ կը մէջբերէիր Աշուղ Ճիվանու խօսքերը «ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՚երթան, վհատելու չէ վերջ կ՚ունենան, կու գան ու կ՚երթան»։ Համամիտ եմ քեզի հետ։ Բայց դուն դուրսն ես ապրուած պահի ծանրութենէն, իսկ մենք այդ կը զգանք իր ամբողջ տարողութիւնով։
Անշուշտ կայ մխիթարանքի բաժին։ Վերջապէս քու բացակայութեանդ լոյս աշխարհ պիտի գան այնքան հաւէսով հրատարակութեան պատրաստած գործդ։ Կը յիշեմ թէ ինչ մեծ ոգեւորութեամբ կը թարգմանէիր քրտական ժողովրդական բանահիւսութեան այդ երեք ընտիր պատմութիւնները, որոնք իրենց մայրենիով չէ, այլ հայերէնով հրատարակուած էին։ «Տես որ մարդիկ այդ բանաւոր մշակոյթը գրաւոր դարձնելով չեն մտածած զայն իւրացնելու մասին։ Ամենայն արդարութեամբ նշած են թէ քրտական պատմութիւններ են»։ Դարձեալ ճիշդ էիր դիտելով մեր ժամանակուայ բանագողութեան ինչ-ինչ օրինակները կարելի չէ չի ձայնակցիլ քու այս հաստատումին։ Յիշատակդ, որ այդքան թարմ է, ալ աւելի պիտի թարմանայ այս նոր գիրքով։
Շնորհաւոր ըլլայ Աղբարիկ։