ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բնորոշիչը ժողովուրդի կամքն է

Սալորենին ծառերու յիմարագոյնն է։ Բո­լորէն առաջ կը խա­բուի Մար­տի կեղծ գար­նան։ Խա­բու­սիկ արե­ւը տես­նե­լով իս­կոյն կը ծաղ­կի։ Սպի­տակ ու­րա­խու­թիւն մը կը պար­գե­ւէ շուրջ բո­լորին։ Պա­տահա­կան ան­ցորդնե­րը կը հրա­պու­րուին ծաղ­կած սա­լորե­նիի գե­ղեց­կութե­նէն։ Կը հրճուին, ու­րա­խու­թեամբ կը լցուին։ Ան­ցած է ձմրան մռայլ օրե­րը։ Շու­տով կը հաս­նի գա­րու­նը, բնու­թիւնը կը վե­րակեն­դա­նանայ, ծառ ու ծա­ղիկ կը թա­լարին։ Նոյ­նիսկ պե­թոնա­պատ մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ, այ­գիի փոք­րիկ շերտ մը իսկ բա­ւարար է այս գար­նա­նամու­տի ու­րա­խու­թե­նէն բա­ժին ստա­նալու հա­մար։

Հա­մատա­րած այս երե­ւոյ­թին դէմ միայն պար­տիզպա­նը չա­ճապա­րէր, համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէ այս խա­բու­սիկ օրե­րու ժամ առաջ անցնի­լը։ Կեան­քի փոր­ձա­ռու­թեամբ գի­տէ թէ այս ամ­սուն արե­ւը, արե­գակը կեղծ է։ Այ­սօր թէ վա­ղը այդ պայ­ծառ եղա­նակը կը փո­խուի, բուքն ու քա­մին կի­սով կը թա­փէ միամիտ սա­լորե­նիի կան­խա­հաս ծա­ղիկ­նե­րը։ Ծա­ղիկ­ներ՝ որոնք եթէ այսքան չա­ճապա­րէին, պի­տի պտղա­բերէին այդ նոյն ճո­խու­թեամբ։

Շա­հեկան է մար­դու եւ բնու­թեան յա­րաբե­րու­թիւնը։ Գար­նան առա­ջին շո­ղերը տես­նե­լով ծաղ­կող սա­լորե­նիի նման, նո­րայայտ երե­ւոյթնե­րու դի­մաց իս­կոյն շարժման անցնող մար­դոց հա­մար հնա­րուած է «Առանց գե­տը տես­նե­լու շալ­վարդ մի՛ սոտ­տեր» ասա­ցուած­քը։

Թուրքիոյ պատ­մութեան վեր­ջին 15 տա­րինե­րը դրոշ­մուած են «Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում» կու­սակցու­թեան, յատ­կա­պէս ալ անոր նա­խագահ Ռէ­ճէփ Թայ­յիպ Էր­տո­ղանի իշ­խա­նու­թիւնով։ Հան­րա­պետա­կան Թուրքիոյ 94-ամեայ պատ­մութեան մէջ խիստ կա­րեւոր ան­կիւնա­դարձ մըն է Էր­տո­ղանի գլխա­ւորած շար­ժումին իշ­խա­նու­թիւն հաս­տա­տելը։ Առա­ջին ան­գամ երկրի հիմ­նա­դիր մտայ­նութեան հա­կասող քա­ղաքա­կան շար­ժում մը, ժո­ղովուրդին ձայ­նե­րով իր կամ­քը կը պար­տադրէր Երիտ­թուրքա­կան- Քե­մալա­կան ազ­գա­յին գա­ղափա­րախօ­սու­թեան դէմ։

Էր­տո­ղան իր իշ­խա­նու­թիւնը ամ­րացնե­լու հա­մար լա­ւագոյնս օգ­տուեցաւ ժո­ղովրդա­վար սկզբունքնե­րէ։ Իր պատ­գամնե­րով երկրէ ներս սի­րաշա­հեց ազա­տամիտ- լի­պերալ­նե­րը, հարստու­թիւն դի­զած բայց հա­մապա­տաս­խան փառք ու պա­տուի չար­ժա­նացած նո­րահաս հա­րուստնե­րը, նա­խապէս չա­րաչար շա­հագոր­ծուած քրիս­տո­նեայ կամ հրեայ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը եւ ժո­ղովուրդի բա­ւական լայն մէկ շեր­տը։ Երկրէ դուրս Եւ­րո­միու­թեան ան­դա­մակ­ցե­լու հե­ռան­կա­րով արեւմտեան քա­ղաքա­կան շրջա­նակ­նե­րը եւս զօ­րակ­ցե­ցան այս նոր շար­ժումին։ Իրենց դի­մաց ար­մա­տական Իս­լա­մի փո­խարէն այ­լընտրանք մը, հաշ­տուելու ար­ժա­նի կա­ղապար մը գտած կը կար­ծէին։ Կ՚ան­տե­սէին Էր­տո­ղանի «Ժո­ղովրդա­վարու­թիւնը մեզ հա­մար հան­րա­շարժ մըն է, տեղ հաս­նե­լով կ՚իջ­նենք» խոս­տո­վանու­թիւնը։

Մեր ըն­կե­րական շրջա­նակի մէջ Սար­գիսն էր որ յա­ճախ կը զգու­շացնէր «Այ­սօր 1908-ի սահ­մա­նադ­րութեան պայ­մաննե­րը կ՛ապ­րինք, սպա­սենք ու տես­նենք թէ 1915-ի դա­րադար­ձին ին­չե՞ր կը սպա­սեն մեզ» ըսե­լով։ Իրաւ ալ դա­րադար­ձի Յու­նի­սի եօթ­նին կա­յացող ընտրու­թիւննե­րէն ետք Էր­տո­ղանի կու­սակցու­թիւնը առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կորսնցուց առան­ձին կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մե­լու իրա­ւունքը։ Այդ թուակա­նէն սկսեալ եր­կի­րը ին­կած է ըն­կե­րաքա­ղաքա­կան եւ տնտե­սական ճգնա­ժամի ճի­րան­նե­րուն մէջ։ Նա­խագա­հը իր իշ­խա­նու­թիւնը շա­րու­նա­կելու հա­մար եր­կի­րը մխրճած է փոր­ձանքա­բեր ար­կա­ծախնդրու­թիւննե­րու շե­մին։

Իսկ Պատ­րիար­քա­րանի պատ­մա­կան կա­մար­նե­րուն տակ հո­գեւո­րակա­նաց դա­սը կան­խա­հաս ու­րա­խու­թեամբ կ՚ող­ջունէր եր­կար տա­րիներ են­թարկուած ճնշու­մէն ձեր­բա­զատուելով ժո­ղովուրդին ձայ­նակցե­լու կամ­քը։ Օլէ՜ ու­րախ բա­ցագան­չութիւննե­րը յան­կարծ սմքե­ցան կա­տարուած ընտրու­թիւնը չե­ղեալ հա­մարող պաշ­տօ­նական գրու­թեան մը յայտնու­թեամբ։

Ան­գամ մը եւս փաս­տուեցաւ որ օս­մա­նեան խա­ղերը անսպառ են,դա­ւադ­րութիւ­նը ան­վերջ։

Բայց ան­վերջ ու անսպառ է նաեւ գի­տակ­ցութիւ­նը շա­հած ժո­ղովուրդի կամ­քը։

Հաս­տատ հա­մոզու­մով կրկնենք որ վեր­ջին հա­շուով այդ կամքն է յաղթական։