ՖԵՐՏԱ ՊԱԼԱՆՃԱՐ
fbalancar@agos.com.tr
Հալիլ Էրհանի առաջին գիրքը լոյս տեսած էր երկու տարի առաջ եւ նիւթ կ՚առնէր Սեւ Ծովեան տարածաշրջանի հայոց յետեղեռնեան պատմութիւնը։ Ան այս անգամ ընթերցողներուն կը ներկայանայ իր մեծ հօր ողբերգական կեանքը նկարագրող յուշագրութիւնով մը։ «Սեւ Ծովի Մէջ Հայ Որբ Մը՝ Պայպահանցի Նուպարը» խորագրեալ գիրքի էջերուն մէջ հեղինակը կը պատմէ Համիտեան զօրագունդերու կատարած վայրագ սպանութիւնը, որուն զոհ գացած էին տարածաշրջանի հայերն ու յոյները։ Այսպէս իր մեծ հայրը հազիւ խղճի տէր թուրք զինուորի մը՝ Քըլըչօղլու Հալիլի կողմէ փրկուած է եւ դարձած վերապրող մը։ 1890-ին ծնած այդ որբուկի ողբերգական կեանքը կ՚աւարտի 1977-ին երթեւեկի առկածով մը։
Հալիլ Էրհան լոկ շարժանկարի դերասան Նուպար Թէրզիեանի նմանութեան պատճառաւ զինք կը կոչէ Նուպար։ Իսկ անոր իրական անունը ոչ ոքի ծանօթ է։ Այս առթիւ զրուցեցինք Պայպահանցի Նուպարի թորան հետ իր մեծ հօր տխուր պատմութենէն մեկնելով մինչեւ իսլամացուած հայերու պատմութեան հասնող ենթահողի մը վրայ։
Ֆերտա Պալանճար- Կրնա՞ք պատմել այս գիրքի ոդիսականին մասին։ Ի՞նչ դրդումներով սկսաք նման աշխատութեան մը։
Հալիլ Էրհան- Իրականութեան մէջ կրնամ ըսել որ ամէն ինչ սկսաւ մեծ հօրս մուրճերով։ Այն մուրճերը՝ որոնցմով ինք քար կը տաշէր եւ բանակի զինուորութեան ժամանակ լման երեք տարի անոնցմով քարեր կոտրած էր եւ ապա չէր բաժնուած այդ գործիքներէն։ Նոյնիսկ խեղդամահ ըլլալու փորձանքին հետ դէմ առ դէմ մնացած պահուն չէր լքած այդ ծանր բեռը։ Քար տաշելու ծառայող մուրճ ու բրիչ, անկիւնաչափ մը եւ կռան մը։ Իրականութեան մէջ այս բոլորը մեծ հօրս ունեցուածքին ամբողջութիւնն էին։ Մանկութեան տարիներէս ի վեր իմ ուշադրութիւնս սեւեռած եմ աշխատաւորներուն, շինարարներուն ձեռքի վարպետութեամբ օրապահիկը ապահովողներու աշխատանքին։ Մեծ հայրս իմ շրջապատի մէջ հանդիպած ամենաաշխատասէր անձն էր։ Խիստ համեստ էր նաեւ, երբեք չէր ձանձրանար անչափահասներու անվերջանալի հարցումներէն։ Համբերութեամբ կը պատասխանէր իրեն ուղղուած ամբողջ հարցումները։ Տձեւ, կարծր ժայռաբեկորները այնքան վարպետութեամբ կը տաշէր, որ հիացումով կը դիտէի զինք։ Կը հարցնէի թէ այդ գործիքները ուրկէ ճարած է։ Եւ ան ամէն անգամուն մեծ համբերութեամբ կը պատմէր գործիքներու պատմութիւնը։ Այդպէսով իմացած էի իր լման երեք տարիներ տեւած բանակի ծառայութիւնը, աշխատանքի ճամբարի դաժան կեանքը, այդ պայմաններու մէջ զոհուած իր ընկերները։ Այս պատմութիւնը ընդմիշտ կրկնուեցաւ մինչեւ որ ես հասայ պատանութեան 15-16 տարեկանի սահմաններուս։ Շատ ցնցուած էի իր մահը լսելով։ Այդ տարի ուսանող էի Իսթանպուլի մէջ եւ հազիւ շաբաթ մը ուշացումով լսեցի մեծ հօրս երթեւեկի առկածի մը զոհ երթալու գոյժը։ Ահաւասիկ այդ ժամանակ որոշեցի մեծ հօրս պատմութիւնը գրի առնելու մասին։ Այսպիսի մէկու մը կեանքը պէտք չէր որ անիմաց մնար։ Մեծ հայրս զարմանալիօրէն կը նմանէր բոլորին ծանօթ դերասան Նուպար Թէրզիեանին։ Այդ նմանութիւնով ես Նուպար անունը վայլեցուցի մեծ հօրս։
Ֆ.Պ.- Ձեր նման ընտանիքին արմատները որոնողները շատ անգամ լուրջ դժուարութիւններու կ՚ենթարկուին Անձնագիրերու Գրասենեակներուն մէջ։ Դուք ինչե՞ր ապրած էք։
Հ. Է.- Մեծ հայրս մինչեւ որ զինուորութեան տարիքը հասնի անձնագիր ալ չէ ունեցած։ Այդ տարիներուն գիւղերու մէջ ապրողները առհասարակ կանոնաւոր գրանցումներ չեն ունեցած։ Այս վիճակը 1930 նոյնիսկ 40-ական տարեթիւեր այսպէս շարունակուեցաւ։ Անշուշտ մեծ քաղաքներու մէջ բնակողներու համար չէ այս խօսքս։ Նոյնիսկ ես հազիւ նախակրթարան յաճախած տարիներուս անձնագիրի մը տիրացայ։ Մայրս ու հայրս ալ հազիւ այդ առթիւ պաշտօնապէս ամուսնացած եղան։ Հայրս պատժատուգանքէն խուսափելու համար զիս եւ քոյրս երկորեակ ըլլալով յայտնած է։ Այս բոլոր կը պատմեմ բացատրելու համար թէ այդ պաշտօնական տուեալները շատ անգամ ճշմարտութեան չեն համապատասխաներ։ Վստահելի աղբիւրներ չեն երբեք։ Իսկ իրողութիւնը շատ անգամ գիրքին մէջ պատմուածին նման է։ Հօրեղբայրս խօսք մը ունէր կ՚ըսէր թէ՝ «Եթէ մէկը պիտի սպանես լաւ կ՚ըլլայ որ գիւղը սպանես։ Հետքը իսկ չեն կրնար գտնել։ Քաղաքին մէջ թաքնուիլը դժուար է»։
Ֆ.Պ.- Իսկ ձեր ընտանիքին մէջ այս նիւթը պրպտելնուդ դէմ եկողներ եղա՞ն։
Հ. Է.- Լուրջ առարկութիւն մը չեմ տեսած։ Իրականութեան մէջ ամէն մարդ գիտէ այս պատմութիւնը, բայց ընդհանրապէս չեն խօսիր։ Շատ լսած եմ «տղաս մենք իրականութեան մէջ դուրի մուսուլմաններ ենք» խօսքը։ Անշուշտ կայ նաեւ տնտեսական եւ ընկերաբանական գործօններ ալ։ Շատ են «մենք թուրք եւ մուսլուման ենք» ըսողները։ Միւս կողմէն կար նաեւ «ի՞նչ պէտք կայ» հարցնողներ։ Բայց նիւթը մեր ընտանիքին մէջ շատ արծարծուած է հետեւաբար լուրջ անհանգստութիւն մը չէ պատահած։
Ֆ.Պ.- Իսկ ձեր մեծ հայրը բաներ մը պատմած է՞ իր անցեալին մասին։
Հ. Է.- Խեղճը բան մը չէր գիտեր որ պատմէ։ Զինք խնամողները ինչ որ պատմած են, դէպքերը որքան որ խեղաթիւրած են հազիւ այդքանը գիտէր։ «Ընտանիքս մեռեր է չեմ գիտեր ինչու» կ՚ըսէր։ Իսկ Հալիլ հօբարը ով էր այդ ալ ոչ ոք գիտէր։ Միայն գիտէինք որ Հալիլը զինուորի փախստական մըն է։
Ֆ.Պ.- Դարձեալ գիրքէն գիտենք որ մեծ հայրիկի ընտանիքէն առաջին կարգի ոչ մէկ հարազատ մնացած է։ Իսկ երկրորդ երկրորդ կարգի հարազատներ կային արդեօ՞ք։
Հ.Է.- Միջնակարգի տարիներէս ի վեր այս հարցումներուն պատասխանները կը փնտռեմ։ Գիրքին մէջ նշուած բոլոր վայրերը այցելած եմ։ Տարեցներուն շատ հարցուցի, բայց երբեւիցէ առաջին կարգի ազգականի մը հետքը չեմ գտած։
Ֆ.Պ.-Իսլամացուած հայերու վերաբերեալ բանաւոր պատմութիւններու զանազան օրինակներուն մէջ կը հանդիպինք խտրականութեան պատմութիւններուն։ Թուրքի անունն ալ կրեն, իսլամ կրօնքի պահանջներն ալ գոհացնեն, միշտ խտրականութեան օրինակներու հանդիպած կ՚ըլլան։ Ձեր մեծ հայրն ալ նման խտրականութիւններ ապրած է՞։
Հ.Է.- Մեծ հայրս նման երեք տարի շինարարներու խումբին մէջ ծառայած է։ Բանակի ամենածանր ծառայութեան եղանակն էր այդ։ Նշեալ չորս տարիներու ընթացքին քար կրած, քար տաշած ցնցոտիներ հագած է։ Զուարճախօս անձ մը եղած է մեծ հայրս։ Այդ պատճառաւ ալ ամենադժուար պայմաններու տակ իսկ յաջողած է իր շուրջ ընկերական միջավայր մը ստեղծել։ Մնաց որ այդ պայմաններու տակ «ես իսլամ եմ» ըսելն ալ նշանակութիւն մը չունի։ Եթէ ընտանեկան արմատներդ չես կրցած փաստել, ուղղակի շինարարներու գունդին կ՚ուղարկուիս։ Թուրքերը կամ մուսուլմանները ուղղակի ճակատ կ՚ուղարկուէին։ Իսկ մնացեալները շինարարութեան զօրախումբեր։ Մեծ հայրս ոչ զինավարժութիւն տեսած է, ոչ ալ զէնք։ Կեանքը անցեր է Կիրեսունցի Քամիլ մակդիրով։ Վերջապէս գիւղի մէջ մեզ Կիրեսունցի Քամիլենք կը կոչեն։
Ֆ.Պ.- Իսկ ինք կեանքի որեւէ մէկ հատուածին փորձած է արդեօ՞ք իր շարաւիղները գտնել։
Հ.Է.- Ո՛չ, նման որոնումի մը կարիքը չէ զգացած։ Ան համակերպած էր եղելութեան։ Անոր համար կարեւոր եղածը կեանքը գեղեցկացնել էր միայն։ Մարդկանց օգտակար ըլլալ, պիտանի գործեր տեսնել եւ բոլոր արարածներու նկատմամբ գուրգուրանք տածել։ Կնոջը ազգականները իր ալ ազգականները կը համարէր։ Ամբողջ կեանքիս ընթացքին զինք օրինակեցի։ Անոր նմանելու ձգտեցայ։