Մարտի 8-ի տարօրինակ պատմութիւն մը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողական տա­րինե­րուս եղած էի Ու­սա­նողա­կան գի­տական ըն­կե­րու­թեան փոխ­նա­խագա­հը։ Կու գա­յի երկրէ մը, որ ան­ցեալին պատ­կա­նած էր արեւմտեան ճամ­բա­րին, հե­տեւա­բար այնքան ալ ծա­նօթ չէի հա­մայ­նա­վարա­կան կամ ըն­կերվա­րական մշա­կոյ­թին, անոր ար­տա­յայտչա­ձեւե­րուն։ Իսկ Հա­յաս­տան, որ դեռ նոր կը թօ­թափէր հա­մայ­նա­վարու­թեան ծանր թիկ­նո­ցը, կուշտու­կուռ վա­յելած էր այդ մշա­կոյ­թին բա­րիք­ներն ու... չա­րիք­նե­րը։

Մինչ մեր աշա­կեր­տա­կան տա­րինե­րուն ներ­քին ան­հանգստու­թեամբ մը կ՚անցնէինք Սո­վետա­կան Միու­թեան Պէ­յօղ­լուի շի­տակին գտնուող հիւ­պա­տոսա­րանին առ­ջե­ւէն, արե­ւելեան ճամ­բա­րի փլու­զումէն ետք այդ երկրին պատ­կա­նող ինչ որ կար՝ տօ­ներ, մար­դեր, ար­տադրու­թիւն եւլն սկսած էր ողո­ղել Ղա­լաթիոյ կամ առ­հա­սարակ ողջ արեւ­մուտքի շու­կան, որ այնքան պատ­րաստա­կամ էր վա­ճառե­լու ան­ցեալին վտան­գա­ւոր, խորհրդա­ւոր նկա­տուա­ծը։ Ան­ցեալի ար­գի­լեալ պտու­ղը հրա­պու­րիչ էր ան­շուշտ։ Նոյ­նը ի զօ­րու էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի պա­րագա­յին։ Սո­վետա­կան տա­րինե­րուն արեւ­մուտքի ար­գի­լեալ ամէն ին­չը սկսած էր հետզհե­տէ թա­փան­ցել հոն՝ հա­գուստ-կա­պուստէն սկսեալ մին­չեւ երաժշտու­թիւն։

Զոր օրի­նակ...

Քու­պա­յի յե­ղափո­խու­թեան առաս­պե­լանուն առաջ­նորդ Չէ Կե­վարա 1990-ական­նե­րու աւար­տին կը դառ­նար արեւմտեան ժո­ղովրդա­կան մշա­կոյ­թին մէկ տար­րը՝ իր նկար­նե­րը կը դա­ջուէին վեր­նա­շապիկ­նե­րու վրայ, իր գլխար­կը կը կրէին երի­տասարդնե­րը, գիր­քեր կը տպուէին, իրեն ձօ­նուած եր­գե­րը վերստին կը կա­տարուէին ու այդ շրջա­նին էր դար­ձեալ որ Քու­պա Չէ Կե­վարա­յի տա­րի կը հռչա­կէր 1997-ը՝ սպա­նու­թեան 30-ամեակին առ­թիւ։ Ու ես, արեւմտեան ճամ­բա­րէն Երե­ւան հա­սած խան­դա­վառ երի­տասարդս, ժո­ղովի օրա­կար­գին բե­րի Չէ Կե­վարա­յի նիւ­թը։ Բա­նի մը տեղ չդրին։ Մտա­ծեցի, որ թե­րեւս չեն ճանչնար, եթէ ճանչնա­յին պի­տի չկրնա­յին այսքան ան­տարբե­րու­թեամբ դի­մաւո­րել։ Սկսայ պատ­մել Չէ Կե­վարա­յի մա­սին... Ու յան­կարծ հա­նեցին ու առ­ջեւս դրին 20-30 տա­րի առա­ջուան ատե­նագ­րութեան մա­տեան­նե­րը։ Մենք Չէ Կե­վարա­յի 30-ամեակ կը տօ­նէինք, սա­կայն անոնք իր մա­հը սգա­ցած էին։ «Ա՛յ Սե­ւան ջան, զզուել ենք Չէ Կե­վարա­ներից, ու­րիշ բա­ներ են պէտք»։

Մար­տի 8-ի Հա­մաշ­խարհա­յին աշ­խա­տաւոր կա­նանց տօնն ալ այդպէս էր։ Նման տօ­նի մը գո­յու­թե­նէն իսկ ան­տե­ղեակ էի նախ­քան 17 տա­րեկա­նին Հա­յաս­տան եր­թալս։ Հա­ւանա­բար հա­մայ­նա­վարա­կան երանգ մը, հնչե­ղու­թիւն մը ու­նե­նալուն պատ­ճա­ռով չէր խրա­խու­սուած մեր այս կող­մե­րը։ Իսկ Հա­յաս­տա­նի մէջ, ընդհա­կառա­կը, իշ­խա­նու­թիւննե­րը որո­շած էին ջնջել այն ինչ որ կը պատ­կա­նէր խորհրդա­յին ան­ցեալին, ինչ որ կրնար այդ ան­ցեալը յի­շեց­նել։ Իրենց հա­մար Մար­տի 8-ն ալ այդ ան­ցեալին կը պատ­կա­նէր, ինչպէս Մա­յիսի 1-ը։ Նե­տեցին ու­րեմն Մար­տի 8-ը եւ տե­ղը դրին Ապ­րի­լի 7-ը՝ մինչ այդ ան­ծա­նօթ թուական մը։

Հա­մայ­նա­վարու­թեան դի­մաց ի՞նչ կա­րելի էր դնել, եթէ ոչ կոր­ծա­նած հա­մայ­նա­վարութեան թիւ մէկ թշնա­միին՝ հա­կառակ բո­լոր փոր­ձանքնե­րուն տա­կաւին ոտ­քի մնա­ցած, բայց յա­մենայնդէպս կնոջ երկրոր­դա­կան դեր մը վե­րապա­հող, կնոջ հան­դէպ բա­ցայայտ խտրա­կանու­թիւն իրա­կանաց­նող ազ­գա­յի՚ն եկե­ղեցիին պատ­կա­նող տօն մը։ Հայ Առա­քելա­կան եկե­ղեցին, որ այդ թուական­նե­րէն իսկ քաղցկե­ղի մը պէս սկսած էր տա­րածուիլ հա­մայ­նա­վարութեան ու­րա­ցում փոր­ձարկող, սա­կայն իր այդ պոռթկու­մին մէջ սխալ քայ­լե­րու ալ ձեռ­նարկող Հա­յաս­տա­նի աշ­խարհա­վար պե­տու­թեան բջիջ­նե­րուն մէջ, Ս. Աս­տուածա­ծինի աւետ­ման տօ­նը կրցաւ ըն­դունե­լի դարձնել որ­պէս կա­նանց օր՝ «Մայ­րութեան եւ գե­ղեց­կութեան օր» խիստ վի­ճելի անու­նով (1995-ին)։ Կար­ծէք կի­նը միայն մայ­րութեամբ (ականջդ խօ­սի Թայ­յիփ...) կամ գե­ղեց­կութեամբ («կի­նը կին է, ծա­ղիկը՝ հայրդ է») ար­ժե­ւորուող էակ մը ըլ­լար։ Ըմ­բոստա­ցու­մէն ու կա­նանց իրա­ւունքնե­րու պա­հան­ջէն ծնունդ առած Մար­տի 8-ի փո­խարէն Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը կը դնէին կա­նանց հլու­թիւն ու հնա­զան­դութիւն թե­լադ­րող կրօ­նական հին­գե­րոր­դա­կան տօն մը։

Սո­վետա­կան դաս­տիարա­կութեամբ հա­սակ առած սե­րունդներ ան­մի­ջապէս ըմ­բոստա­ցան այս որոշ­ման դէմ այդ տա­րինե­րուն։ Այնքան որ՝ երկրի իշ­խա­նու­թիւնը քա­նի մը տա­րի անց, 2001-ին, վե­րականգնեց Մար­տի 8-ը որ­պէս Կա­նանց տօն՝ պա­հելով հան­դերձ Ապ­րի­լի 7-ը։ Եւ այսպէ­սով Հա­յաս­տան ու­նե­ցաւ Մար­տի 8-էն Ապ­րի­լի 7-ը եր­կա­րող կա­նանց միամ­սեակ։

Կա­նանց նուիրուած ամիս մը ու­նե­նալով հան­դերձ՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ ալ կի­ներու հան­դէպ մօ­տեցու­մը տար­բեր չէ Թուրքիայէն. մայր-տի­կին-քոյր-աղ­ջիկ-ծա­ղիկ հռե­տորա­բանու­թիւնը ծա­մոց է իշ­խա­նու­թիւնը ներ­կա­յաց­նող տղա­մար­դոց բե­րանին մէջ։ «Կրկին շնոր­հա­ւորում եմ մեր կա­նանց, դուստրե­րին ու մայ­րե­րին գար­նա­նային գե­ղեցիկ տօ­նի կա­պակ­ցութեամբ։ Թող արե­ւոտ այս օրը լոյս եւ յա­ջողու­թիւններ բե­րի բո­լորի ըն­տա­նիք­նե­րին» (նա­խագահ Սարգսեանի ու­ղերձը՝ 8 Մարտ 2016-ին)։ Իշ­խա­նաւոր­նե­րու ու­ղերձնե­րուն մէջ կի­նը ըն­տա­նիքի հիմ­նա­սիւնն է, եր­ջանկու­թեան, ներ­դաշնա­կու­թեան պա­հապանն ու երաշ­խա­ւորը։ Քա­ղաքա­կան հռե­տորա­բանու­թիւնը կի­նը կը բան­տարկէ ըն­տա­նեկան մի­ջավայ­րէն ներս՝ իրեն տա­լով վե­րար­տադրուող այ­լե­ւայլ դե­րեր։

Կա­նանց իրա­ւունքնե­րու պաշտպան­ներ կը տե­ղեկաց­նեն, թէ փաս­տօ­րէն, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր, հան­րա­յին ու­ղերձնե­րը թա­ղած են Մար­տի 8-ի իմաս­տը նա­հապե­տական-ազ­գայնա­կան հե­քիաթ­նե­րու մէջ։ Կա­նանց նուիրուած տօ­ներու առ­թիւ իսկ չեն քննար­կուիր կա­նանց իրա­ւունքնե­րուն եւ հնա­րաւո­րու­թիւննե­րուն առնչուող մտա­հոգու­թիւննե­րը, հան­րա­յին օրա­կարգ չեն բե­րուիր այս ուղղու­թեամբ կա­տարուելիք ծրա­գիր­նե­րը։ Միւս կող­մէ Հա­յաս­տա­նի մէջ եւս ուժգնօ­րէն կը շա­րու­նա­կուին կա­նանց իրա­ւունքնե­րու ոտ­նա­հարու­մը, անոնք զոհ կը դառ­նան նե­րըն­տա­նեկան բռնու­թեան, կը սպան­նուին տղա­մար­դոց կող­մէ...

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ