ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Խոփը ժայռին դպաւ


Գիտու­թեան անե­րեւա­կայե­լի նո­ւաճումնե­րը կրնան ան­հա­ւատա­լի բա­զում երե­ւոյթներ իրա­կանաց­նել։ Վեր­ջերս կը խօ­սուէր մէ­կու մը մա­սին, որ յա­ջողած էր վայ­րի ար­ջը կրթել եւ սո­վորե­ցուած երաժշտու­թեան մը ըն­կե­րակ­ցութեամբ ար­ջին հետ թան­կօ պա­րել։ Իրաւ ալ ան­կա­րելի ըսե­լու ար­ժա­նի ոչ մէկ բան մնա­ցած է երկրի վրայ, նե­րառեալ ար­ջի հետ թան­կօ պա­րել։ Այո՛, կա­րելի է, բայց անհրա­ժեշտ է նաեւ չա­փազանց խիստ ու­շադրու­թիւնով կա­տարել այդ պա­րը։ Որե­ւէ սխալ քայլ կրնայ պատ­ճառ դառ­նալ որ ար­ջը վեր­յի­շէ իր բնազ­դը եւ ապա կա­տարո­ւելիք­նե­րը երե­ւակա­յելն ան­գամ սոս­կա­լի ըլ­լան։ Կրնաք պատ­կե­րաց­նել թէ ին­չե՞ր կը պա­տահին, երբ ար­ջի հետ պա­րի ել­լո­ղը սխա­լուի եւ իր սրա­ծայր կրունկով յան­կարծ կո­խէ ար­ջի ճկոյ­թին։ Ով­գի­տէ որ­քան վտան­գա­ւոր պի­տի ըլ­լայ գա­զանին գի­տական եղա­նակ­նե­րով սո­վորած ամէն ին­չը մէկ­դի ընե­լով ակնթար­թին մէջ իր բնազ­դին վե­րադառ­նա­լու հե­տեւանքնե­րը։ Ու­րեմն ինքն իր գլխուն շատ մեծ նշա­նակու­թիւն մը չու­նե­նար այդ գի­տական դաս­տիարա­կու­թիւնը, եթէ պա­րողը զգոյշ չըլ­լայ իր քայ­լե­րուն մէջ։

Այս օրե­րուն Թուրքիոյ եւ Գեր­մա­նիոյ մատ­նո­ւած դի­ւանա­գիտա­կան ճգնա­ժամը մտա­ծել կու տայ նման վար­կա­ծը։ Իրաւ ալ Էր­տո­ղան եւ Մեր­քել մի­ջոցէ մը ի վեր կը փոր­ձեն թան­կօ պա­րել։ Միասին կա­րենալ պա­րելու հա­մար վեր­ջերս եր­կուքն ալ յա­ճախա­կի կեր­պով այ­ցե­լեցին մի­մեանց եր­կիրներ։ Սա պա­հուն չենք գի­տեր թէ շան­սէօլ­յէ Մեր­քել հան­րա­քուէի նա­խօրեակին Թուրքիոյ պե­տական գոր­ծիչնե­րուն քա­րոզար­շա­ւին ար­գելք ըլ­լա­լով իր սրա­ծայր կրունկով կո­խեց Էր­տո­ղանի ճկոյ­թին, ապա թէ ոչ նա­ցիական մե­ղադ­րանքով Էր­տո­ղան կոխկռտեց Մեր­քե­լի ճկոյ­թին։ Այս հար­ցումին պա­տաս­խա­նը առայժմ յայտնի չէ, բայց այժմէն ար­դէն յայտնի է թէ խո­փը ժայ­ռին դպաւ։

Բո­լորս գի­տենք Գեր­մա­նիա որ­պէս Երկրորդ Հա­մաշ­խարհա­յին Պա­տերազ­մին տե­ղի տո­ւող եր­կիր, իր այդ ար­կա­ծախնդրու­թեան հե­տեւան­քը շատ ծանր հա­տու­ցեց ամ­բողջ երկրի մը միաս­նա­կան ամօթ­խա­ծու­թեամբ։ Հա­մաշ­խարհա­յին հա­սարա­կու­թիւնը չէր կրնար նե­րողա­միտ գտնո­ւիլ կա­տարո­ւած ան­մարդկու­թեան դէմ։ Ար­դա­րեւ Գեր­մա­նիա կորսնցուց 1920-ական տա­րեթի­ւերուն ծնած սե­րունդի այ­րե­րուն կա­րեւոր մէկ մա­սը։ Կոր­ծա­նեցաւ քա­ղաք­նե­րը, գրա­ւուե­ցաւ եր­կի­րը եւ հար­կադրուեցաւ շատ ծանր տու­գանքներ մու­ծե­լու։ Սա­կայն այդ բո­լորին ընդմէ­ջէն գեր­մա­նական հա­սարա­կու­թիւնը յա­ջողած էր իր կա­տարած սխա­լին գի­տակ­ցիլ։ Այդ գի­տակ­ցութեան վրայ հիմ­նեց իր ամ­բողջ կրթա­կան հա­մակար­գը։ չար­տօ­նեց որ աւե­լի ետք նման պա­տեհա­պաշտներ յայտնո­ւին եւ ցե­ղապաշ­տութեամբ թու­նա­ւորել փոր­ձեն Գեր­մա­նիոյ ապա­գայ սե­րունդնե­րը։ Իսկ Թուրքիա իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կա­տարած եր­կիր դի­մէց ընդհա­կառակ ճամ­բու։ Պան­ծա­ցուց իր ցե­ղապաշտ նախ­նեաց արար­քը, հպար­տա­ցաւ անոնց կա­տարած­նե­րով։ Հե­տեւա­բար առի­թը չու­նե­ցաւ չա­րիքէն դաս քա­ղելու եւ հա­մաշ­խարհա­յին հա­սարա­կու­թեան դի­մաց ճա­կատա­բաց մնա­լու։ Տի­կին Մեր­քե­լի քա­ղաքա­կանու­թեան հե­տեւան­քով այ­սօր Եւ­րո­պա պա­տանդ է Էր­տո­ղանի դի­մաց։ Եւ այս իրո­ղու­թեան առ­թած հա­մար­ձա­կու­թեամբ Էր­տո­ղան հա­լածեց ամ­բողջ գեր­ման ժո­ղովուրդը իր ամե­նազ­գա­յուն եղած նիւ­թին մէջ։ Շատ կա­րեւոր կան­խա­տեսում մը չէ են­թադրել որ այս ան­գամ ժայ­ռին դի­պող խո­փը եւ Թուրքիա բա­ւական սուղ պի­տի հա­տու­ցէ ներ­քին քա­ղաքականութեան հաշւոյն բերնէն ելածին սահման չդնելու հետեւանքը։