Զօրակցութիւնը կը պատժեն

Այժմ փա­կուած «Էօզ­կիւր Կիւ­տեմ» թեր­թի հետ զօ­րակ­ցե­լու հա­մար միօրեայ պա­տաս­խա­նատու խմբագ­րի պաշ­տօն ստանձնող­նե­րը դա­տուե­ցան 7 Մար­տին։ Այսպէս Նա­տիրէ Մա­թէր, Ժիւ­լիտէ Քու­րալ, Իլ­համ Պա­քըր, Մու­րատ Ու­յուրքու­լաք, Հա­սան Ճե­մալ եւ Եըլ­տը­րըմ Թիւրքէր Չաղ­լա­յանի դա­տարա­նին մէջ ներ­կա­յացան դա­տակազ­մին։ Իս­թանպու­լի 22-րդ Եղեռ­նա­դատ Ատեանը առա­ջին վճի­ռը կա­յացուց Նա­տիրէ Մա­թէրի հաս­ցէին։ Մա­թէր ահա­բեկ­չութեան դէմ պայ­քա­րի օրէն­քի քա­րոզ­չութեան նիւ­թը քննար­կող 7/2 յօ­դուա­ծին հա­մաձայն են­թարկո­ւեցաւ մէկ տա­րի երեք ամ­սո­ւայ ազա­տազրկման։ Բա­ցի այդ դա­տարա­նը ահա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պութեան յայ­տա­րարու­թիւննե­րը հրա­պարա­կելու մե­ղադ­րանքով տա­սը ամիս բան­տարկութեան վճռեց, որուն դրա­մական փո­խար­ժէ­քը կը կազ­մէ 6 հա­զար լի­րա։

Ապա նիս­տը շա­րու­նա­կուե­ցաւ Եըլ­տը­րըմ Թիւրքէրի դա­տավա­րու­թեամբ։ Ամ­բաստա­նեալի բա­ցակա­յու­թեամբ կա­յացած դա­տավա­րու­թեան աւար­տին դա­տակազ­մը Թիւրքէ­րի հա­մար վճռեց մէկ տա­րի տա­սը ամիս եւ 15 օրո­ւայ բան­տարկու­թիւն։

Եր­րորդ դա­տուո­ղը եղաւ Հա­սան Ճե­մալ, որ ինքզինք պաշտպա­նեց հե­տեւեալ տո­ղերով՝ «ես այստեղ եկած եմ մա­մու­լի ազա­տու­թիւնը պաշտպա­նելու հա­մար։ Եթէ երկրի մէջ քիւրտ լրագրողնե­րը ազատ չեն, ու­րեմն թուրք լրագրողներն ալ ազատ չեն։ Կը հա­ւատամ թէ Թուրքիոյ մէջ քրտա­կան խնդի­րը միայն խա­ղաղութեան պայ­մաննե­րու մէջ կրնայ լու­ծո­ւիլ։ Այս պատ­ճա­ռաւ ալ զօ­րակ­ցե­ցայ իմ քիւրտ պաշ­տօ­նակից­նե­րուն։ Ան­հա­մար յօ­դուած­ներ եւ գիր­քեր գրած եմ։ Գա­ցած եմ Պե­քաայի հո­վիտը եւ հար­ցազրոյց կա­տարած Ապ­տուլլահ Էօճա­լանի հետ։ Այս բո­լորին հա­մար բնաւ չեմ հար­ցաքննուած»։

Ապա դա­տակազ­մը որո­շեց քա­րոզ­չութեան մե­ղադ­րանքին հա­մար զինք ան­պարտ հռչա­կել, բայց ահա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պութեան յայ­տա­րարու­թիւննե­րը հրա­պարա­կելու փո­խարէն 6 հա­զար լի­րա պատ­ժա­տու­գանք տնօ­րինել։

Անո­ւանի լրագ­րող Ժիւ­լի­տէ Քու­րա­լի իրա­ւապաշտպան Էօզ­թիւրք Թիւրքտո­ղան առար­կեց ահա­բեկ­չութեան դէմ պայ­քա­րի օրէն­քի յօ­դուած­նե­րուն դէմ, պնդե­լով թէ այդ յօ­դուած­նե­րը կը հա­կասեն սահ­մա­նադ­րութեան կա­նոն­նե­րուն։

Վեր­ջին դա­տուո­ղը եղաւ Մու­րատ Ու­յուրքու­լաք։ Այստեղ եւս մե­ղադ­րեալի իրա­ւապաշտպա­նը պնդեց որ «Էօզ­կիւր Կիւնտեմ» թեր­թի դէմ կա­տարուած ճնշումնե­րուն դի­մաց դի­մադ­րութիւ­նը ան­խուսա­փելի դար­ձած է։ «Իմ պաշտպա­նեալը այդ թեր­թին գո­յու­թիւնը կա­րենալ պա­հելուն հա­մար դի­մած է զօ­րակ­ցութեան։ Այս բա­նը խօս­քի եւ մա­մու­լի ազա­տու­թեան հա­մար ան­խուսա­փելի էր։ Թեր­թե­րու հրա­տարա­կու­թիւննե­րը միայն հա­սարա­կու­թեան կող­մէ կը գնա­հատո­ւին կամ կը քննա­դատո­ւին։ Անոնց հրա­տարա­կու­թեան ռազ­մա­վարու­թիւնը դա­տարան­նե­րուն նիւ­թը չի կրնար ըլ­լալ»։

Դա­տակազ­մը մեր­ժեց այս դի­տողու­թիւնը եւ մէկ տա­րի երեք ամիս բան­տարկու­թեան դա­տապար­տեց Մու­րատ Ու­յուրքու­լա­քը։

Նոյն մե­ղադ­րանքով դեռ կը դա­տուին Շեպ­նեմ Քո­րու Ֆին­ճանճը, Էրօլ Էօն­տե­րօղ­լուղ, Թուղրուլ Էրեըլ­մազ, Ռա­կըպ Տու­րան, Նեճ­մի­յէ Ալ­փայ, Քումրու Պա­շէր եւ այլն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ