Բառեր կան որոնց շրայլ օգտագործումը կը մաշեցնէ նաեւ անոնց ներկայացուցած իմաստը։ Թրքերէնի մէջ շնորհիւ նախագահ Էրտողանի գլխաւորած կառավարութիւններուն, ահաբեկիչ բառը այս տեսակ իմաստազրկումի մը մատնուեցաւ։ Այսօր փողոցի տհաս երախան անգամ գիտէ թէ Էրտողանի հասկացողութեամբ ահաբեկիչ են բոլոր անոնք, որոնք համակարծիք չեն նախագահի համոզումներուն։ Խեղճ մարդիկ ի զուր տեղ կը փորձեն այս տարօրինակ անուանակոչումը որոշ տրամաբանութիւնով մը իմաստաւորելու, սակայն ապարդիւն փորձ մըն է այդ։ Նախագահը երբեք ետ քայլ ընելու միտք չունի, որու որ ահաբեկիչ ըսաւ այդ խեղճն ալ այս հանգամանքէն դուրս գալու առիթ չունի։
Բայց կ՚արժէ նիւթին վրայ քիչ մը խորհրդակցել։ Իրաւ ալ ո՞վ է ահաբեկիչը։ Մէկը եթէ երթայ եւ ուրիշին տունը կամ խանութը կողոպտէ այդ ըրածը աւազակութիւն է։ Աւազակութիւնը բոլոր երկիրներու մէջ օրէնքի բոլոր գիրքերուն մէջ ունի իր համապատասխան պատիժը։ Յանցանք է աւազակութիւնը վերջապէս։ Բայց եթէ ցանկացած որեւէ երկիր իր զօրքով երթայ ու ուրիշ երկիր մը կողոպտէ՞։ Այս վարկածի բազմաթիւ օրինակներ կան աշխարհի վրայ, բայց անոնց համար տնօրինուած ոչ մէկ պատժամիջոց։ Կրնանք հարցնել, եթէ անհատներ մարդասպանութիւն գործե՞ն։ Մարդասպանութիւնը յանցագործութիւն է աշխարհի բոլոր երկիրներու մէջ։ Բայց այդ յանցագործութիւնը ամէն երկրին իրեն յատուկ ընկալումներով կը ձեւաւորուի։ Օրինակի համար եթէ Թուրքիոյ մէջ այր մը կնոջ դէմ մարդասպանութիւն կատարէ դատաւորը առաջին հերթին պիտի հարցնէ «ինչո՞ւ» հարցումը։ Ահաւասիկ այդ պահուն արդէն կը սկսի ոճիրը ընդունելի դարձնելու միտումով արտասանուած բազմաթիւ պատճառաբանութիւն։ Անոնցմէ ամենաշատ ներկայացուող պատրուակը պատուոյ խնդիրն է։ Այս երկրին մէջ ընդհանրապէս պատուազուրկ մարդիկ խիստ բծախնդիր են իրենց սեփականութիւնը համարած կիներուն պատուին նկատմամբ։ Իրենք անձնապէս որքան ալ զուրկ ըլլան բարոյական արժանիքներէն, երբ խնդրոյ առարկայ է կինը՝ իսկոյն խիստ շահախնդիր կը դառնան։ Ամէն բանէ վեր կը դասեն կնոջ պատիւը։ Այդ պատճառաւ կը սպաննեն, կը մորթեն, միտքով անցած ամէն տեսակ չարիք կը գործադրեն եւ ապա դատարան ներկայանալով ինքնավստահ կը յայտնեն թէ մաքրած են իրենց կեղտոտուած պատիւը։ Այս խօսքը անշուշտ որ փոխադարձ ունի դատաւորի մօտ։ Ահաւասիկ գտած է այդ նշանաւոր «ինչո՞ւ»ի հաւաստի պատասխանը։ Այդ հանգրուանէ ետք իրեն կը վիճակի պատուի համար մարդասպան եղած այս խեղճը նուազագոյն վնասով փրկելու ջանքը։
Վերադառնանք պետութիւններու աւազակութեան։ Մարդասպանը իր սեփական միջոցներով ոճիր կը գործէ, իսկ պետութիւնը իր սեփական բանակով։ Մէկը յանցանք է, միւսը ոչ։ Երբ որ պետական բռնութեան չափ ու սահմանի կշիռքը խանգարի զինուորներուն գործադրածն ալ կը դառնայ ահաբեկչութիւն։ Արդարեւ սկսելով Միացեալ Նահանգներէ աշխարհի վրայ բազմաթիւ պետութիւններ իրականութեան մէջ ահաբեկչական խմբակներ են։ Իսկ երբ դանակը կը հասնի մինչեւ ոսկորին եւ յանկարծ հասարակ մարդիկ կը փորձեն իրենց կարելիութիւնով դիմադրել պետութիւններու ահաբեկչութեան, ահաւասիկ այդ պահուն ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր պետութիւնները միաձայնութեամբ կ՚ահազանգեն ահաբեկչութեան դէմ վտանգի եւ այդ վտանգը կանխելու միջոցներու մասին։
Այս անարդար աշխարհի մէջ իսկական արդարութիւնը ահաբեկիչ պետութիւններու կործանումով կարելի է, այլ ոչ թէ ահաբեկիչ խմբակներու։