ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ
Թուրքիոյ հայ հասարակութեան օրակարգի գլխաւոր նիւթերէն մէկը դարձած է նոր պատրիարքի մը ընտրութիւնը։ Յատկապէս Կրօնական Ժողովի ատենապետ Սահակ Մաշալեանի հրաժարումէն ետք այս փոթորկոտ խնդիրը ալ աւելի ծաւալուեցաւ եւ հարկ եղաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի միջամտութիւնը։ Սակայն պատրիարքարանի պատմութեան մէջ աննախադէպ երեւոյթներ չէին այս բոլորը, քանի որ անցեալին ալ նման ճգնաժամեր ապրուած էին։ Արդարեւ այս մասին հարցումներ ուղղեցինք Հարաւային Գալիֆորնիոյ Համալսարանի ժամանակակից հայկական ուսումնասիրութիւններու բաժնի դասախօս Ռիչհարտ Եդուարդ Անթառամեանի հետ։
Ռուբէն Վարժապետեան- ժԹ դարուն ի՞նչ տեսակ յարաբերութիւն մը կար Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Օսմանեան Կայսրութեան միջեւ։
Ռիչհարտ Եդուարդ Անթառամեան- Քանի մը տարբեր մակարդակի վրայ կ՚ընդանային այդ յարաբերութիւնները։ Նախ նշենք որ Օսմանեան քաղաքականութիւնը կերտուած էր դաւանանքներու վրայ։ Հայ եկեղեցին եւ հոգեւորականաց դասը Օսմանեան իշխանութեան մէջ յատուկ բաժին ունէին։ Այս բաժինը կը կայանար համայնքներու պահանջներուն դիմագրաւման եւ պետութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը երաշխաւորելու հիման վրայ։ Անշուշտ որ համայնքներու կարիքները միայն հոգեւոր չէին։ Այսպէսով որ հոգեւորականաց դասը բացի նիւթական հարստութիւն կուտակելէ միջնորդի դեր ստանձնած էր նաեւ Օսմանեան հասարակութեան մէջ։ Եկեղեցին կայսրական քաղաքականութեամբ լրացուցիչ մէկ տարրն էր նաեւ։ Այս գիտելիքներու վրայ պէտք է քննարկել Պոլսոյ Պատրիարքարանի մենաշնորհներու ընդլայնումը։ Պատրիարքարանը կը ղեկավարուէր պետութեան կազմին մէջ աշխատող եւ Պատրիարքարանի ու պետութեան միջեւ կամուրջի դեր ստանձնող հայ սերունդներու կողմէ։
Նախքան ԺԹ դար Պատրիարքարանը խիստ սահմանափակ իշխանութիւն ունէր մայրաքաղաքէն դուրս։ Սակայն Մեծ Դրան ուժը կայսրական թղթաբանութեան միջոցաւ ընդլայնեցաւ եւ այդ ընդլայնումէն օգտուեցաւ նաեւ Պատրիարքարանը։ Այստեղ այս ընդլայնումին մէջ կ՚արժէ նշել Յակոբ Կրճիկեան, Սերովբէ Վիչէնեան եւ անշուշտ Գրիգոր Օտեանը եւ միւսները, որոնց շնորհիւ այս երկու կազմերու ընդլայնումը իրար ամբողջացուցին։
Ռ.Վ.- ԺԹ դարուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը միայն կրօնակա՞ն հաստատութիւն մըն էր, թէ ոչ ընկերային հասարակական նիւթերու մէջ ալ իրաւասնութիւններ կը վայելէր։
Ռ.Ե.Ա.- Ինչպէս որ ըսի Պատրիարքարանը եւ Առաքելական Եկեղեցին վարչական յատկութիւն մը ունէին։ Այսպէսով հոգեւորականը եւ վանքերը շրջանային իշխանութիւններու մէջ որոշ հեղինակութիւն մը ունէին։ Այստեղ կայսրութեան հարկահաւաքման եղանակը կը նպաստէր եկեղեցւոյ իշխանութեան զարգացումին։ Հոգեւորականաց դասը, նահանգներու աւագանին, կայսրական վարչամեքենան իրարու շաղկապող բարդ ցանց մը կը գործէր։ Այդ ցանցը ալ աւելի կը զօրացնէր դերակատարներու մենաշնորհները։ Հայկական սահմանադրութեան գործադրման այսքան մեծ աղմուկի տեղի տալուն ետին պէտք է տեսնել բոլոր այս գործօնները։ Սահմանադրութիւնը վերջ տուաւ վանքերու հսկողութեան եւ ալ աւելի զօրացուց պատրիարքարանի մենաշնորհները։ Այս դրութեան գործադրութիւնը պատճառ եղաւ, թէ իսլամներուն եւ թէ ոչ իսլամներուն համար քաղաքներու մէջ ձեւաւորուած քաղաքական ուժին տարանջատման։ Պատմաբանները պետութեան կեդրոնացումը կը դիտեն որպէս բարեփոխման շրջանի խորհրդանիշը։
Ռ.Վ.-Անցեալին Թուրքիոյ հայ հասարակութիւնը իր քաղաքական կամքը յայտնելու համար ի՞նչ միջոցներ ունէր։
Ռ.Ե.Ա.- Կայսրութեան մէջ կատարուած բարեփոխումները կը նպատակադրէին մարդկանց կայսրութեան քաղաքականութիւններուն մասնակցութիւնը։ Հայկական սահմանադրութեան շնորհիւ հայ ժողովուրդը տիրացաւ իր հոգեւոր առաջնորդները ընտրելու իրաւունքին։ Ասոր փոխարէն եպիսկոպոսներն ալ ժողովուրդը թէ Պատրիարքարանի եւ թէ շրջանային վարչութիւններու կամ Խորհրդարանի դիմաց ներկայացնելու իրաւունք ունէին։ Տեսականօրէն այս համակարգը հասարակ հայ գիւղացիի մը հայ եկեղեցւոյ դուռը թակելով իր խնդիրները մինչեւ բարձրագոյն պաշտօններ ներկայացնելու իրաւունքը կը ստեղծէր։ Սահմանադրութիւնը ապահոված էր նաեւ ազգային խորհրդարանի դրութիւնը։ Այսպէս հայ երեսփոխաններէն բաղկացող խորհրդարանը կրնար ժողովուրդի պահանջներուն թարգման հանդիսանալ։ Անշուշտ գործադրութիւնը ճիշդ ալ այսպէս չեղաւ։ Հայեր յաճախ տեղական հոգեւորականներու դէմ բողոքելու համար ուրիշ միջոցներու դիմեցին։ Միւս կողմէ Օսմանեան Պետութիւնը Պատրիարքարանի եւ Ազգային Ժողովի առաջարկներուն դէմ աւելի յաճախ լուռ մը մնային։ Այս պայմաններու մէջ գաւառի հայութիւնը իր դժգոհութիւնը կը յայտնէր եւրոպական պետութիւններու դեսպաններուն։
Ռ.Վ.- Հասարակական խնդիրներու մէջ ի՞նչ էր ամիրաներու դերակատարութիւնը։
Ռ.Ե.Ա.- Նախ եւ առաջ պէտք է յստակացնել ամիրա բառին նշանակութիւնը։ Այս կոչումով առաջին հերթին կ՚ակնարկուի պոլսեցի հասարակական գործիչներուն, սակայն պէտք չէ մոռնալ որ անոնք կայսրութեան տարածքին գոյացուցած ընդարձակ ցանցի միջոցաւ Պատրիարքարանի եւ կառավարութեան դէմ որոշ ուժ մը կը ներկայացնէին։ Յակոբ Պարսումեանի մօտ անցեալին լոյս տեսած աւարտաճառին համաձայն ամիրաները երկու խմբակէ կը բաղկանային՝ լումայափոխներ եւ ճարտարագէտներ։ Այս խմբակներէն յատկապէս լումայափոխները յաջողած էին ամբողջ կայսրութեան տարածքին շատ կարեւոր դիրք մը բռնելու։ Այսպէսով հայկական հաստատութիւններու եւ հետզհետէ երկրի տնտեսութեան մէջ ազդեցիկ դիրքի մը տիրանալ։ Իրենց բաժնած պարտքերուն եւ հարկահաւաքման դրութեան հետեւանքով մեծ հարստութիւն կուտակեցին եւ այդ հարստութիւնով ալ իրենց հակակշռին տակ պահեցին պետութեան բազմաթիւ կառոյցները։ Այդ գումարները շահագործելով կրնային շատ մեծ ճնշում բանեցնել Պատրիարքարանի վրայ։ Այս հսկողութիւնով պատրիարքները եւ եկեղեցական կառոյցները կը մնային անոնց հսկողութեան տակ։ Անոնք այս միջոցներով մայրաքաղաքէն դուրս գտնուող համայնքներու վրայ ալ իրենց ազդեցութիւնը կ՚ամրապնդէին։ Այս դրութեան շնորհիւ գիւղացիներուն, արհեստաւորներուն եւ կեդրոնական պետութեան ի վնաս քաղաքներու ընտրանին, այսինքն լումայափոխները, վաճառականները եւ հոգեւորականները իրենց հակակշռին տակ պահելու միջոցներ ձեռք բերին։ Սակայն ժամանակի ընթացքին բողոքականութեան, բարեփոխումներու, հարկահաւաքման դրութեան վերացման նման իրարմէ անկախ, բայց նաեւ իրարու զօդուած գործօններու բերմամբ ժամանակի ընթացքին նահանջեց ամիրաներու իշխանութիւնը։