Ի՞նչ գործ ունի Հիթլերը Ս. Վարդանանցի հանդէսին

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Ս.Վար­դա­նանց եկե­ղեց­ւոյ անուան տօ­նախմբու­թիւնն էր ան­ցեալ կի­րակի։ Ինչպէս նա­խորդ տա­րինե­րուն, այս տա­րի եւս վար­դա­նան­ցցի­ները դի­մակա­հան­դէս մը պատ­րաստած էին։ Հա­մաշ­խարհա­յին պատ­մութե­նէն զա­նազան դէմ­քեր՝ հռո­մէական կայսրեր, օս­մա­նեան սուլթան­ներ, զօ­րավար­ներ, քա­ղաքա­կան գոր­ծիչներ եկան ու իրենց յար­­գանքը մա­­տու­­ցին Վար­­դան Մա­­միկո­­նեանին։ Տո­­ղան­­ցողնե­­րու շար­­քին էր նաեւ պեխ­ով, զգես­­տով, կեռ խա­­չով ակնյայ­­տօ­­­րէն Հիթ­­լե­­­րը կեր­­պա­­­ւորող բա­­րեկամ մը։

Խոր­­քին մէջ ան­­մեղ այս խրախ­­ճանքը, կաս­­կա­­­ծելի ու վի­­ճայա­­րոյց դար­­ձաւ Հիթ­­լե­­­րի մաս­­նակցու­­թեամբ։ Երգչա­­խումբին վա­­րիչ­­նե­­­րը, որոնց հետ զրու­­ցե­­­ցինք այս մա­­սին, նշե­­ցին, թէ դի­­տումնա­­ւոր չէր իրենց այս քայ­­լը, նպա­­տակ ու­­նէին միայն պան­­ծացնել Վար­­դան Մա­­միկո­­նեանը ու որե­­ւէ ծա­­ծուկ պատ­­գամ մը չեն ու­­զած յղել։ Զի­­րենք կը ճանչնանք ու կը հա­­ւատանք իրենց ան­­կեղծու­­թեան։ Բայց…

Վար­­դան Մա­­միկո­­նեան, որ խղճի ու հա­­ւատ­­քի ազա­­տու­­թեան ախո­­յեան մըն է, պէտք ու­­նի՞ մի­­թէ յի­­շուե­­լու կամ պան­­ծա­­­ցուե­­լու Հիթ­­լե­­­րի նման հա­­մաշ­­խարհա­­յին պատ­­մութեան մե­­ծագոյն ցե­­ղաս­­պա­­­նին ու ոճ­­րա­­­գոր­­ծին հետ, որու ձեռ­­քե­­­րուն վրայ կայ 6 մի­­լիոն ան­­մեղ զո­­հի արիւ­­նը։ Ի՞նչպի­­սի զգա­­ցումնե­­րով պի­­տի տո­­գորուէին վար­­դա­­­նան­­ցցի­­­ները, երբ նման հան­­դէ­­­սի մը մէջ, այ­­լուր, Թա­­լեաթ փա­­շան կեր­­պա­­­ւորուէր, ծա­­փահա­­րու­­թիւննե­­րով բեմ բարձրա­­նար, ներ­­կայ հան­­դի­­­սական­­նե­­­րը ծի­­ծաղէին, ող­­ջունէին զին­­քը։ Տգեղ իսկ չէ, չէ՞։ Վի­­րաւո­­րող, ազ­­գի մը վիշտն ու ցաւն ար­­հա­­­մար­­հող, հեգ­­նող բան մը ու­­նի։ Այնպէս չէ՞։

Եւ դեռ Հիթ­­լե­­­րը կեր­­պա­­­ւորող բա­­րեկա­­մը դի­­մատետ­­րի իր էջին վրայ հրա­­պարա­­կած է լու­­սանկար­­նե­­­րը։ Հոն եղած մեկ­­նա­­­բանու­­թիւննե­­րէն մէ­­կը ահա­­ւասիկ. «baba inan artık emlakçı dükkanına gelmem...yaş 62...beni sabun yaparsın»։ Եւ ծի­­ծաղ­­ներ, ժպիտ­­ներ... Ու­­րիշ մը, որ հանգստեան կո­չուած ու­­սուցիչ մըն է, գրած է հիթ­­լե­­­րեան ող­­ջոյն տուող պատ­­կե­­­րին տակ. «Süpersiniz»։ Գի­­տէ՞ք ար­­դեօք որ Գեր­­մա­­­նիոյ ու Աւստրիոյ մէջ առ­­նուազն երեք տա­­րի բան­­տարկու­­թիւն նա­­խատե­­սուած է անոնց, որոնք հիթ­­լե­­­րեան այս բա­­րեւը կու տան։

Մենք, ժո­­ղովուրդ մը, որ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան են­­թարկուած ենք, որ­­քա՜ն ան­­տարբեր ենք սա­­կայն միւս ժո­­ղովուրդնե­­րու ցա­­ւին, նոյ­­նիսկ ծաղ­­րող... Սա­­կայն շատ լաւ գի­­տենք յար­­գանք պա­­հան­­ջել ու­­րիշնե­­րէն մեր ցա­­ւին հան­­դէպ, ար­­դա­­­րու­­թիւն աղա­­ղակել։ Չէ՞...

Կը դա­­տապար­­տեմ Ս. Վար­­դա­­­նանց դպրաց դաս-երգչա­­խումբի վա­­րիչ­­նե­­­րը, այդ հան­­դէ­­­սին կազ­­մա­­­կեր­­պիչնե­­րը եւ նաեւ բո­­լոր անոնք, որոնք այդ տգեղ լու­­սանկար­­նե­­­րը հրա­­պարա­­կած են կամ զա­­նոնք մեկ­­նա­­­բանած ծի­­ծաղ­­նե­­­րով, գնա­­հատան­­քով... Իրենց այս տգի­­տու­­թիւնը մաղ­­թենք վնաս մը չհասցնէ իրենց։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ