Հայ երգահաններու համերգ Որդուոց Որոտմանի մէջ

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

Աւանդական թուրք երաժշտութիւնը պատմութեան մէջ ընթացած է երկու տարբեր ճիւղերով։ Առաջինը ժողովրդական երաժշտութիւնն է, որ զարգացած է տարիներու հոլովոյթով։ Փոխադարձաբար ազդուած է հարեւան ժողովուրդներու երաժշտական աւանդէն եւ ժամանակի տեւողութեան մէջ հետզհետէ ունեցած է իր ուրոյն դիմագիծը։ Այս երաժշտական ոճէն բոլորովին անկախ զարգացած է նաեւ ուրիշ երաժշտական աւանդութիւն մը, որ հետզհետէ կոչուած է թուրք դասական երաժշտութիւն։ Իրականութեան մէջ այս վերջինը իրեն հիմք ունեցած է բիւզանդական հոգեւոր երաժշտութիւնը։ Վայելելով արքունի աջակցութիւն, տարիներու ընթացքին այդ երաժշտական աւանդութիւնը գերազանցած է իր իսկ արմատները եւ հասած կատորողական մեկնաբանական բաւական բարձր մակարդակի։ Այս երկրորդ երաժշտական ոճի մէջ շատ կարեւոր աւանդ եւ ներդրում ունեցած են նաեւ երկրի ոչ իսլամ երաժիշտները։ Բազմաթիւ հայ, յոյն կամ հրեայ երաժիշտներ շատ յաջող յօրինումներով ճոխացուցած են թրքական դասական երաժշտութիւնը։

19 Փետրուար Կիրակի, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կողքին գտնուող երբեմնի Որդուոց Որոտման եկեղեցւոյ, այսօրուայ Մեսրոպ Բ. Մշակոյթի կեդրոնին մէջ կայացաւ խիստ յաջող երաժշտական ունկնդրութիւն մը։ Յայտագիրը բաղկացած էր բոլորովին հայազգի երգահաններու յօրինումներով։ Այսպէս հնչեցին՝ Պիմէն Շէնի, Արդակի Ճանտանի, Ուտի Հրանդ Քենքիւլեանի, Նիկողոս Աղայի, Թադէոս Էֆենտիի, Քեմանի Սարգիս Սուճուեանի շատ մեծ ժողովրդականութիւն վայելած երգերը։

Խմբավար Տոց. Տոքթ. Չեթին Քէօրիւքչիւի մականին տակ երգչախումբը շատ յաջող կատարումներ ներկայացուց։ Օրուայ անակնկալն էր Քեմանի Սարգիս Սուճուեանի ջութակին բազում տարիներ ետք եւ այս անգամ պատմական եկեղեցիի մը խորանին վրայ կրկին անգամ շունչ ստանալու իրողութիւնը։ Անուանի երգահանի եղբօրորդին Համբօ Սուճուեան երկարատեւ յամառ աշխատանքներէ ետք յաջողած էր այս թանկագին նուագարանը իր պատկանած քաղաքը բերել եւ անգամ մը եւս անոր կենդանութիւն պարգեւել։ 120 տարուայ անցեալ ունեցող նուագարանը Իսթանպուլ գալէ ետք արժանացած էր այս ասպարէզի մէջ կարեւոր համբաւ ունեցող Սիմոն Փեթրուսի կողմէ վերանորոգման։ Համերգի ընթացքին ջութակը նուագելու պատիւը վիճակեցաւ Թոլկահան Իւսկիւտարլըին։

Աւարտին Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան գնահատեց կատարուած աշխատանքը եւ շնորհաւորեց արուեստագէտները։ Իսկ Մայր Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան ծաղկեպսակ մը նուիրեց հիւր երաժիշտներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ