Անցնող ութը, ինը տարիներու ընթացքին այս սիւնակին վրայ պիտի դժուարանամ յիշելու թէ քանի անգամներ գրած եմ Թուրքիոյ հայ համայնքի ապրած պառակտումի մասին։ Այդ պառակտումը ընդմիշտ վերագրած եմ արժանի իշխանութեան մը բացակայութեան։ Իմ տարիքս բաւարար է յիշելու համար թէ այս համայնքը ունեցած է բախտաւոր օրեր, երբ զուրկ ըլլալով հանդերձ ժողովուրդ ըլլալու յատկանիշներէն յաջողած է միասնականութեան ոգի մը գոյացնել, փոխադարձ սէր արտադրել մէկը միւսի նկատմամբ։ Այդ բոլորին ետին կար շատերուն կողմէ սիրուած հեղինակութիւն ունեցող առաջնորդի մը պատճառած միասնութիւնը։ Մեր անդրադարձած պառակտումը, որ շատեր կը դիտէին իբրեւ չափազանցութիւն ժամանակի ընթացքին կարեւոր ճամբայ հարթեց եւ վերածուեցաւ բեւեռացումի։ Այս բեւեռացումը այլեւս նոյն երեւոյթին նայելով բոլորովին հակառակ հետեւողութիւններ ունենալու հանգրուանին հասած է։ Երեւոյթին ապացոյցը նախորդ Հինգշաբթի Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ կողքին գտնուող Պէզճեան սրահին մէջ պատահածներուն յաջորդ օրուայ թերթերուն մէջ տեղ գտնելու ձեւն է։ Եկէք աւելի դիւրին հասկնալու համար ակնարկ մը նետենք 17 Փետրուար թուակիր «Մարմարա» եւ «Ժամանակ» թերթերուն, որոնք իրենց առաջին էջերուն վրայ կ՚անդրադառնային նախորդ օրուայ անցուդարձներուն։
«Երեկուան օրը բախտորոշ, բայց միաժամանակ տխուր, նոյնիսկ պիտի ըսենք՝ խայտառակ իրադարձութիւններու օր էր ու իբր այդ երկար ժամանակի համար անմոռանալի պիտի մնայ մեր տարեգրութեան մէջ»։ Այսպէս կը բնութագրէր «Մարմարա»ն նախորդ օրուայ համայնապատկերը։ Նոյն օր «Ժամանակ» շռնդալից կերպով կ՚աւետէր՝ «Համերաշխութիւն եւ ճգնաժամը շրջանցուեցաւ»։
Օրաթերթերը՝ ինչպէս անունն ալ կը վկայէ, կը սպառին օրուան մէջ։ Բնականաբար ժամանակի ընթացքին կը մոռցուին անոնց գրածները։ Բայց կայ եւս իրողութիւն մը, պրպտողներ, ուսումնասիրողներ, ժամանակի բնոյթը հասկնալու համար տարիներ ետք արխիւներու թանձր փոշին թօթափելով կը փորձեն վերստին լուսաբանել անցեալի այս կամ այն պատահարի մանրամասնութիւնները։ Այժմէն կարելի է խորհիլ թէ ապագայի այդ ուսումնասիրողը ի՞նչ պիտի խորհի իրարու հակասող այս երկու թերթերը տեսնելով։ Ո՞րն է իրաւ։ Կարծես այս հարցումին պատասխանը յստակեցնելու համար այդքան երկար սպասելու ալ կարիք չունինք։ Դատաստանը այսօրէն կրնանք կազմել եւ տեսնել թէ այդ օրերուն թուրքիոյ հայ հասարակութիւնը տարբեր տրամադրութեան մը մէջ է եւ «Ժամանակ» օրաթերթը բոլորովին տարբեր։
Անշուշտ որ Արամ Արք. Աթէշեան վերջին ութը տարիներու ընթացքին ժողովուրդին կամքին հակասող բազմաթիւ քայլերու ձեռնարկեց։ Այդ քայլերուն համար արժանի է մեղադրանքի եւ քննադատուելու։ Սակայն մենք գոնէ յստակօրէն յայտարարենք, որ բոլոր սխալը միայն ու միայն սրբազանին վերագրել եւ անոր գործած բոլոր սխալները լոկ իր շահերուն համար գլխուվրայ ընդունողները անտեսել անարդարութիւն է։
Ըստ մեզ ալ կատարեալ խայտառակութիւն մըն էր նախորդ Հինգշաբթի օր Գազազ Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ կատարուածը։ Բայց մենք ստիպուած ենք հարցնելու՝ «այդ ոստիկաններն ալ Արամ Սրբազանը՞ հրաւիրեց եկեղեցի»։ Խիղճ ունեցող ամէն մարդ պէտք է այս հարցումները նկատի ունենայ եւ ըստ այնմ փորձէ քարկոծել ոեւէ մէկուն։ Այս համայնքը թերեւս ամէնէն աւելի տուժեց բոլոր անոնցմէ, որոնք անարժանաբար իշխանութիւններու տիրացան եւ ապա իրենք զիրենք թագաւոր կարծեցին։ Այսօրուան մեղքը ծանր է, այնքան ծանր որ կարելի չէ միայն Արամ Սրբազանի նիհար ուսերուն բեռցնել։