ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Ութը տարիէ ի վեր անլուծելի հանգոյցի մը վերածուած պատրիարքի ընտրութեան խնդիրը նախորդ շաբաթի սկիզբին Կրօնական Ժողովի ատենապետ Սահակ Եպիսկոպոսին հրաժարումով յանկարծակիօրէն աղմկալից նոր հունի մը մէջ մտաւ։ Սահակ Սրբազան հրաժարականը ներկայացուցած էր Պատրիարքական Փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանի դէմ։ Իր այդ ելոյթը իսկոյն արձագանգ գտաւ համայնքային լայն շրջանակի մէջ, ուր մարդիկ համարեայ միաձայնութեամբ սկսան սրբազանի հրաժարումը պահանջել։ Որպէս անցնող շաբաթի վերյիշում կ՚արժէ թուագրութեան կանոնով նշանակել պատահածները։
13 Փետրուար Երկուշաբթի- Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան հրաժարեցաւ Կրօնական Ժողովի ատենապետի պաշտօնէն։ Նոյն օրուայ երեկոյեան հրաժարման նիւթը քննարկուեցաւ համայնքային հաստատութիւններու խորհրդակցական ժողովին։
15 Փետրուար Չորեքշաբթի- Խումբ մը բարերարներ խորհրդակցական հանդիպումով մը կարծիքի փոխանակում ունեցան այս հրաժարականէն ետք ընտրութեան գործը աւելի շուտափոյթ կերպով լուծումի մը բերելու համար։
16 Փետրուար Հինգշաբթի-
ՎԱՏԻՓ-ի ժողով Գազազ Արթին
Ամիրա սրահին մէջ
Այս ժողովին հրաւիրուած էին բացի համայնքային հաստատութիւններու վարչայիններէն, նախորդ շրջաններուն պաշտօն ստանձնած կարգ մը կարկառուն դէմքեր։ Ժողովի լսումով զանազաններ ուզեցին իրենց մասնակցութիւնը բերել այս խիստ կարեւոր հաւաքոյթին։ ՎԱՏԻՓ առաջին հերթին մտադիր էր այս ժողովը դռնփակ կատարել, սակայն յամառ պահանջի դիմաց ստիպուեցաւ վերատեսութեան մատնել դռնփակ ժողովի մասին իր նախկին որոշումը։ Այսպէս Հինգշաբթի երեկոյեան ժամերուն հետզհետէ աւելի մեծ թիւով հայեր կը փութային Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի, որուն յարակից սրահին մէջ պիտի կայանար ժողովը։ Այդ պահուն անոնք չէին գիտեր թէ այդ նոյն պահուն գաղտնագողի երկրորդ ժողով մը կը գումարուի պատրիարքարանի մէջ։ Նախատեսուած ժամէն մօտ մէկ ժամ ետք պատրիարքարանի մէջ գաղտնօրէն մէկտեղուածներու խմբակը եկաւ եկեղեցւոյ սրահը ու պարտադրական ոճով ընթերցեց քիչ առաջ իրենց կողմէ շարադրուած պայմանագիր մը։ Պայմանագիրը կ՚որոշէր անմիջապէս յաջորդ օր տեղապահ մը ճշդել եւ ապա կարգադիր յանձնախումբ մը կազմել։ Կը նշուէր որ Արամ Սրբազան Աթէշեան մինչեւ ընտրութեան օրը պիտի պահէ իր փոխանորդի դիրքը։ Նախ կարգ մը անձերու ինքնակամ այս գաղտնի ժողովը ու ապա պարտադրուած պայմանագիրը ընդվզում պատճառեց մօտ 250 ներկաներուն։ Ընդվզումի կարեւոր ազդակներէն մէկը եղաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուած հասարակական դէպքերու միջամտելու համար պատրաստուած ոստիկանական զօրախումբի ներկայութիւնը։ Դեռ աւելին քաղաքացիական տարազներով մտած էին ժողովի կայացած Գազազ Արթին Ամիրա սրահը։ Արդէն բաւականին անհանգստացնող երեւոյթ մըն է Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի թիկնապահները, որոնք ստուերի մը նման կը հսկէին զինք։
Պատրիարքական ընտրութեան անորոշ ընթացքը եւ նշանակուած փոխանորդի մը առկայութիւնը բաւական երկար ժամանակէ ի վեր պառակտում եւ բեւեռացում գոյացուցած էին համայնքէ ներս։ Ահաւասիկ այս երեւոյթը կ՚ապացուցէր թէ այդ բեւեռացումը հասած է համայնքային հաստատութիւններու վարիչներուն իրենց իսկ ժողովուրդէն վախնալու հանգրուանին։ Այդ վախն է որ պատճառ դարձած է եկեղեցիէն ներս ոստիկաններ կանչելու անպատիւ երեւոյթը։
Քանի մը ժամ ետք ժողովի այս լարուած երեւոյթը համացանցի միջոցաւ լսելի դարձաւ համայն հայութեան։ Նոյն օր իսկ տարածուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի առարկութիւնը եւ Պոլսոյ աթոռի երեք սրբազանները խորհրդակցութեան համար Ս. Էջմիածին կանչելու լուրը։ Ըստ մեր լսումներուն Վեհափառ Հայրապետը 23 Փետրուար Հինգշաբթի օր պիտի մէկտեղուի Արամ Սրբազան Աթէշեան, Սահակ Սրբազան Մաշալեան եւ Գարեգին Սրբազան Պէքճեանի հետ։
Մինչ այդ բացի համացանցի վրայ կարծիքի փոխանակումներէն, Պոլսահայ երիտասարդութեան միակ քաղաքական կազմակերպութիւնը հանդիսացող Նոր Զարթօնք շարժումը եւ Պոյաճըգիւղի Սուրբ Եռից Մանկանց Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը յատուկ յայտարարութիւններով պախարակեցին պատրիարքարանի մէջ կայացած գաղտնի ժողովը եւ դատապարտեցին այդ ժողովին մասնակիցները։
Ինչպէս երկիրը հանրաքուէի շեմին, նոյնպէս Թուրքիոյ հայ հասարակութիւնն ալ պատրիարքի ընտրութեան նախօրեակին կ՚ապրին մեծ ալեկոծումներ։ Յուսանք թէ այս փոթորիկները խաղաղին ի նպաստ բոլորին։